Սիւնակ Սիւնիքէն.- ՄԵՂՐԻԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՑՈՒՐՏ ՁՄԵՌԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 27 Second
Մեղրիի հարաւի ելքը, դէպի Շուանիձոր եւ դէպի Ագարակ, նոր դռներով (նարնջագոյն) եւ նոր կայքով (աջին, կանաչ ցանկապատով)

Կարին Պետեան

Մեղրիի ձմեռները ընդհանրապէս մեղմ են, Հայաստանի ամենէն տաք վայրն է Մեղրին…։

Սակայն, այս տարի բաւական ձիւն եկաւ եւ այդ ալ քանի մը անգամ։ Յունուարի այս տարեսկիզբին որ ձիւն կու գար, մինչեւ գիշեր հալած կ՚ըլլար, իսկ այս շաբաթ եկաւ, շարունակ եկաւ ու մնաց։ Կարծես թէ բնութիւնն ալ դժգոհ էր կացութենէն եւ մեզի կ՛ազդարարէր որ մօտ ատենէն մղձաւանջները պիտի իրականան։ Տեղւոյն բնակչութեան համար մտահոգութիւն մը աւելցած էր։ Կլիման եթէ աւելի սաստկանայ, այս տարուայ բերքը կրնայ վնասուի եւ արքայանարինջի մասին յօդուածներ պիտի չկարենամ վերստին գրել։

Մեղրիի շոգեկառքի կայանը

Յունուար 11-ին ժամանեցի Մեղրիէն տասնըհինգ քիլոմեթր արեւելք գտնուող փոքրիկ գիւղ մը՝ Շուանիձոր։ Կ՚ըսեն, թէ Գարեգին Նժդեհն այս գիւղէն անցած է դէպի Պարսկաստան, երբ պոլշեւիկները Լեռնային Հայաստանը գրաւած են հարիւր տարի առաջ։ Մեղրիի տէր հայրը՝ Տէր Ռաֆայէլը այդ օրը կազմակերպած էր ջրօրհնէքը: Շրջանի համայնքը միայն մէկ հոգեւորական ունի եւ ըստ երեւոյթին, միայն մէկ հատ սարկաւագ։

Բնականաբար, ես պատրաստուած չէի ժամանած, չ’ունէի պարապ շիշ մը, որպէսզի օրհնուած ջուր ապահովէի։ Բարեբախտաբար, երիտասարդ տղայ մը շուտով վազեց տուն եւ աւելորդ շիշեր բերաւ ինծի եւ բարեկամիս։ Այդ օրը տակաւին ձիւն չէր եկած եւ գիւղացիներուն հիւրասէր բնաւորութիւնը արեւի պայծառ ճառագայթներուն հետ ջերմութիւն մը տարածեց։ Այլ պատճառ մը, կամ փաստ մը, որ կը զգայիր թէ Մեղրիի համայնքին համար ձմեռը գոյութիւն չունէր։

Շուանիձորի ջրօրհնէքը

Շուանիձորի ճամբուն վրայ, միշտ ալ եղած են զինուորական կայքեր։ Լսած էի լուրերը միջանցքի եւ շոգեկառքի գիծի իրականացման հետ կապուած, սակայն ինծի համար իրականացաւ միայն երբ տեսայ նոր պահակատեղինկը շինեն։ Մտահոգ եմ, որ այս ամօթալի համաձայնագիրը պիտի գործադրուի եւ ոչ ոք բան մը պիտի կարենայ ընել։ Յոյս չմնաց Երեւանի վրայ, լուրերուն մէջ չկայ յուսատու բան մը սահմանի այս «ապահովութեան» կայաններուն մասին. արդեօ՞ք տեղեակ են։ Իսկ Մեղրեցիները երեսուն տարի հնազանդ եղած են, համբերութեամբ սպասելով, որ կազը պիտի հասնէր իրենց տուները։ Անոնք ամէն օր կը դիտեն կազի բեռնակառքերը, որոնք կ՚անցնին իրենց տուներու առջեւէն, սակայն իրենք տակաւին զրկուած կը մնան։ Ամէն օր Հայաստանի վառելանիւթը մուտք կը գործէ Մեղրիի ճամբով, բայց որովհետեւ մինչեւ Երեւան պէտք է երթայ մաքսատան դասաւորումները կատարելու համար, Մեղրիի շրջանը ամբողջ Հայաստանի վառելանիւթի ամէնէն սուղ վայրն է։

Նոր սահմանի ապահովութեան կայքը

Տեղացիները պատմած են, թէ ինչպէ՞ս Խորհրդային Միութեան օրերուն, յատուկ վաւերագիր պէտք ունէին որ այցելէին Մեղրի, եւ հիմա վախ կայ, որ այդպիսի կացութիւն մը վերաստեղծուի։ Տասը օր ետք, նորէն Շուանիձորի ճամբուն վրայ գտնուեցայ եւ նկատելի էր, որ բաւական յառաջացած էր այդնոր զինուորական կայքի շինարարութեան աշխատանքը։ Այսքան տարիներ ազատ պտտած ենք մեր երկրին մէջ, սակայն այս նորաշէն կայքերը մեր այս իրաւունքի գերեզմանաքարերն են, փաստ՝ որ թուրք-ատրպէյճանական երկաթուղի մը պիտի գործէ։

Այո՛․․․Օդը ցուրտ ու պաղ էր այդ օրը։ Կարծեմ գիտեմ թէ ինչո՞ւ։

Տասը օր ետք, նոյն կայքը

 

Happy
Happy
75 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
25 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles