Լրահոս
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄԸ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Շաբաթ, Յունիս 4-ի առաւօտեան, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ Ազգային Առաջնորդարանի «Յովնանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սիամանթօ» լսարանի եռամեայ ընթացքը ամբողջացուցած հինգ աշակերտներուն՝ ՝ Ալեքս Վարժապետեանի, Անտրէ Դաւիթեանի, Էտի Հազարեանի, Նարեկ Գասարճեանի եւ Սալբի Քէչէլեանի վկայականաց բաշխումը։ Պատանիները ներկայ էին իրենց ընտանիքներով։
Հանդէսին կը նախագահէր Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան։ Ներկայ էր առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանը, նաեւ առցանց եւ անձամբ ներկայ էին Ազգային Իշխանութեան ատենապետ՝ տիար Յակոբ Խաչատուրեան, Ուսումնական Խորհուրդի անդամներ եւ անցնող երեք տարիներու ուսուցիչներ եւ հիւր դասախօսներ։

