«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ

1 0
Read Time:1 Minute, 42 Second

«Սիամանթօ» լսարանը պատանիներու յատուկ միօրեայ ձեռնարկ մըն է, որ 13-էն 18 տարեկան պատանիներ կը խմբէ իրենց ինքնութիւնը ամրապնդելու ճիգով, հայոց լեզուի եւ մշակոյթի նիւթերով հարստացնելով զանոնք։

«Սիամանթօ լսարանը Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի հովանաւորութիւնը կը վայելէ։ Սկիզբ առած է 1981-ին, գլխաւորութեամբ տիկ. Հուրի Սահակեան-Փափազեանին։ Ան սահմանափակուած էր Նիւ Եորքի, ուր կը գտնուի Ազգային Առաջնորդարանը, եւ մօտիկ Նիւ Ճըրզի նահանգի պատանիներով։

Հիմնադրութեան իսկ օրէն յարատեւ մտահոգութիւն եղած է բոլորին՝ ծնողներու, տնօրէնութիւններու, ազգայիններու, այլ նահանգներու պատանիները անմասն չձգել այս նախաձեռնութեան։

2019-ի Հոկտեմբերէն 2020 Փետրուար, հեռավար ծրագիրներ ընելու փորձեր կատարուեցան, քանիցս Skype-ով միանալով Հայ համացանցային Համալսարանին, Երեւան։ Յաջող էին փորձերը, որոնց պիտի յաջորդէր տարբեր նահանգներու հետ կապը ստեղծելը նոյն օրինակով։ Սակայն, պսակաձեւ ժահրը եկաւ իր հրամայականը դնելու եւ ամէն չարիքի պէս իր բարիքն ալ բերելով՝ Zoom-ի կապով։ Որքան որ «Սիամանթօ» լսարանի պատանիները տուն մնալէ ետք քանի մը հանդիպում իրագործեցին Skypeով, սակայն Zoomը ի վերջոյ յաղթական եղաւ։

Հակառակ համավարակի բերած բազմաթիւ դժուարութիւններուն, 2020-2021ի վերամուտը արդէն փառաւոր էր «Սիամանթօ» լսարանին համար, որ ունեցաւ մօտ 60 աշակերտներ՝ Թեմիս հովանաւորութիւնը վայելող տարբեր նահանգներէ։

2021-2022ի վերամուտին, պատանիները շաբթուան հինգ օր հեռավար դաս ընելէ յոգնած՝ կը տատամսէին վեցերորդ օր մըն ալ պաստառին ետեւ նստիլ, իսկ նախորդ տարուան համեմատութեամբ, արդէն կրնային որոշ չափով տունէն դուրս ելլել։ Հետեւաբար, տուժած էր աշակերտութեան թիւը։

Պսակաձեւ ժահրի մեծապէս հեռանալուն առաջին հանդիպումն էր Շաբաթ Սեպտեմբեր 10-ի Zoom-ը։

Թեմի Առաջնորդ Սնուշաւան Սբազան Դանիէլեանը, որ նախագահն է նաեւ Ուսումնական Խորհուրդի Յանձնախումբին, տարուան բացումը կատարեց իր օրհնութեան աղօթքով ու քաջալերող խօսքերով։

Պատանիները ողջունեցին Ուսումնական Խորհուրդի Յանձնախումբէն՝ տիկ. Մակի Նալպանտեանը, եւ դպրոցներու տնօրէնուհիներ՝ տիկ. Մայտա Մելքոնեանը (Ս. Ստեփանոս շաբաթօրեայ, Մասաչուսէց), տիկ. Լալա Տեմիրճեանը («Մուրատ» վարժարան, Ռոտ Այլընտ)։ Ներկայ էին նաեւ Հայ Համացանցային Համալսարանի կողմէ՝ համագործակցութեան եւ գործառնական ղեկավար տիկ. Արփինէ Թաւաքալեանն ու մանկավարժ՝ տիկ. Անի Տեկիրմենճեանը, որոնք ճիգ չեն խնայեր մեր աշակերտներուն կարիքները հոգալու։

Ուսուցիչներէն ներկայ էին՝ տիկ. Լենա Նազարեանը, տիկ. Թալին Կիրակոսեան, տիկ. Սօսի Միշոյեանն ու պրն. Արթուր Ադայեանը։

Հանդիպումները սկսած են, սակայն նոր պատանիներու ներկայութիւնը միշտ ողջունելի է։ «Սիամանթօ»-ի առաքելութիւնը կը սատարէ մեր երիտասարդութեան հայեցի պատրաստութեան, որ իր հերթին զօրաւոր Սփիւռքի մը գրաւականն է ու հրամայականը։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles