

ՍՈՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ
Թարգմանեց` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸՍՐԼԵԱՆ
Ստորեւ, թարգմանաբար լոյս կ՛ընծայենք Սուզան Խարտալեանի այս գրութիւնը, որ անգլերէնով լոյս տեսած է “Ասպարէզ“ (Գալիֆորնիա) օրաթերթի անգլերէն բաժինի Փետրուար 11, 2014-ի թիւին մէջ:
2001 թուականին, Լեհաստանի մէջ, Թոմասզ Կռոս գիրք մը հրատարակեց “Դրացիներ“ անունով, որուն մէջ կը յայտնաբերէր թէ 1941 թուականին 1,500 հրեաներ սոսկալի հանրային սպաննութեան մը ենթարկուած են Լեհաստանի մէջ, իրենց դրացիներուն կողմէ:
Լեհաստանի հիւսիս արեւելեան շրջանի Ճէտմուապնէ կոչուած համայնքին մէջ պատահած է այս կոտորածը: Ջարդը ոչ թէ բոլորովին նորութիւն մըն էր, բայց երկրին պաշտօնական պատմութիւնը տիրակալ Նացի Գերմանիոյ վերագրեց այդ մարդասպանութիւնը:
Այս յայտնութիւնը գայթակղեցուց շատերուն և ցնցեց լեհ ժողովուրդի ինքնութիւնն ու նկարագիրը: Ժողովուրդ մը, որ ինքզինքը զոհ կը համարէ Նացի վարչակարգին:
Շուտով սակայն յառաջ եկան նման այլ ոճրագործութիւններ. հետաքրքրականը այն է` Կռոս կը նկատէ, որ այս բոլորը նո՛յն յատակագիծն ունին: Այսինքն` Կարմիր Բանակը կը նահանջէ, Գերմանացիները երկիրը կը մտնեն եւ հրեաներուն ջարդը կը սկսի: Գրեթէ միշտ լեհերն են որ կը սկսին նախաձեռնութիւնը.և այդ պատրուակով, Լեհերու եւ Սովետներու գործակցութեամբ ոճիրը կը գործադրուի: Կը թուի թէ գերմանական նշանակալից միջառութիւն չէ եղած:
Կարծես այս հարցը բաւարար չէր, երբ յանկարծ Լեհաստանն ու ընդհանուր լեհ ընկերութիւնը ենթարկուեցան երկրորդ ցնցումի մը: Կռոսի յայտնութենէն փխած հարցը այս անգամ վէճի բնոյթ ստացաւ եւ ազգայնական աջակողմեան շարժումներն ու Կաթողիկէ Եկեղեցին փորձեցին ուրանալ ոճիրը, կամ` փորձեցին չնչին հարցի վերածել գործուած ոճիրը: Ըրին ատիկա` քանի որ չէին կրնար հարցը բանարկել հիմն ունենալով “հրէական համայնավարութեան“ մասին եղած հին հակասեմական առարկութիւնը: Եւ այս վէճը երկիրը վերածեց երկու անհաշտելի խմբակցութիւններու:
Շուտով սակայն գիրքին նիւթը բեմերէ արծարծուելու արժանացաւ: Թատէյուշ Սլօպօտճեանէք նոյն նիւթի մասին թատերգութիւն մը գրեց “Մեր Դասակարգի Պատմութիւնը 14 դասերով“ խորագրով: Թատերախաղը մեծ յաջողութեամբ ցարդ բեմադրուած է Լոնտոնի, Ա.Մ.Ն.-ի, Հունգարիոյ, Սպանիոյ, Պրազիլի, Չեխ Հանրապետութեան, Գանատայի, Լիթուանիոյ, Ճափոնի, Սքանտինաւիոյև, անշուշտ, Լեհաստանի մէջ:
Առաջին արարը կը սկսի տեղական ճաշարանի մը մէջ: Բեմը անճաշակ կերպով զարդարուած է ու կահաւորուած, կարծես անճարակ փորձ մը ըլլար ետ պահանջելու շատոնց կորսուած շքեղութիւն մը, բեմի մը վրայ ուր տխրութիւն եւ շփոթութիւն կը տիրէր: Շիտակ վայր մը` շրջանաւարտ աշակերտներու տիպար մէկ հաւաքման:
Դասարանը կը բաղկանայ տասը աշակերտներէ: Հինգը կաթողիկէ են, իսկ միւս հինգը` հրեայ լեհ: Բոլորն ալ ծնած են 1918-ի եւ 1920-ի միջեւ: Այսինքն` 100 տարուան բաժանումէ մը յետոյ, անկախ Լեհաստանի վերածննդեան շրջանին: Վերոյիշեալ ամէն մէկ աշակերտի ճակատագիրը իրենց երկրի պատմութիւնը կը ցոլացնէ: Կը սկսի ներքին պատերազմի շրջանէն: Հակա-սեմականութիւնը կը սկսի յայտնուիլ: Իսկ հրեաներու հանդէպ եղած հակակրութիւնը մակերէսէն արդէն քիչ մը վար կը գտնուի եւ երբեմն, օրը ցերեկով կ՛արտայայտուի: Յետոյ կը հասնի 1939-ի Սովետական գրաւումը, որը շատ մը հրեաներու համար աւելի լաւ փոխընտրութիւն մըն էր քան Նացիներու վարչակարգը: Գաղափար մը որուն վստահաբար համաձայն չէր լեհ ժողովուրդը:
“Մեր Դասակարգը“ բացառիկ թատերախաղ մըն է, որ վիճաբանութիւն կը ստեղծէ բարոյականութեան եւ խիղճի հասկացողութիւններու միջեւ, չարի, առաքինութեան եւ յանցանքի միջեւ: Ցայտուն կը դարձնէ տարբերութիւնը քաղաքական գաղափարախօսութիւններու եւ կրօնքի: Հո՛ս է որ կը հանդիպինք շատ մը օրինակներու որոնք կը ցուցաբերեն թէ մարդ արարածը ինչպէս կրնայ յօժարիլ կործանման արարքին երբ մարդկային բնութիւնը կը փոխարինուի վայրագութեամբ:
Ինչո՞ւ յիշել Թատէյուշ Սլօպօտճեանիքը այս պահուն: Փախստականները, կործանումը եւ այն բոլոր վայրագութիւնները որոնց ականատես կ՛ըլլանք այսօր Սուրիոյ մէջ, ինձ կը յիշեցնեն հեղինակին “Դրացիներ“ գործը: Մեր առօրեայ լուրերը կը յորդին Սուրիացի մանուկներուն Միջերկրականին մէջ խեղդուած ըլլալու լուրերով: Եւ շատ քիջեր միայն կը հակազդեն այդ լուրերուն…:
Դամասկոսի, Հալէպի եւ Թատմուրի պէս քաղաքներ աւերակ են դարձեր: Դրացի մը իր դրացին կը սպաննէ: Սովորական յատակագիծ մը որուն ականատես ենք դարձեր վերջին երկու տասնամեակներուն, նախ Իրաքի մէջ, և հիմա` Սուրիոյ:
Անշու՛շտ որ անդամալուծուած կը զգամ: Ի՞նչ պէտք է ընել: Անդադար կը փորձեմ հասկնալ թէ ինչն էր որ սխալ գնաց:
Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ որ դրացիներ, որոնք ամեն առաւօտ զիրար բարի լոյս կը մաղթէին, աղն ու հացը միասին կը բաժնէին, բարեկիրթ ու քաղաքավար էին իրարու հանդէպ, եւ յանկարծ, դրացի մը իր դրացիին մեռցնողը կը դառնայ…: Արդեօք հարկաւո՞ր է մեզ յիշեցնելը թէ մարդը ինջպիսի բաներ ընելու կարողութիւնն ունի:
Ի՞նչն է որ կը մղէ մեր քաղաքակրթութիւնը իյնալու ճեղքին, փոսին մէջ:
“Մեր Դասակարգը“ թատերախաղը կը յիշեցնէ իմ նախահայրերը, իմ մեծհայրն ու մեծմայրը, եւ այն յանկարծակի քաոսը որ լափեց անոնց խաղաղ կեանքերը: Կրկին ու կրկին կը փորձեմ հասկնալ թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մեծ մօրս դրացին` Էլիֆն ու անոր ամուսինը` Մուրատը արիւնախանձ յարալէզ դարձան:
Փոքրիկ, հովուերգական գիւղի մը մէջ, որոշ տեղացիներ մղուած շահախնդրութենէ, ջատագովութենէ և չարամտութենէ սոսկալի ոճիրներ կը գործեն յանուն գաղափարի և կրօնքի: Անոնք կը հաւաքեն հրեաները մարագի մը մէջ (իսկ հայերը` եկեղեցւոյ մը մէջ ) ու կը հրկիզեն ամէն ինչ: Եւ կը դիտեն այդ տեսարանը այնպէս ինչպէս մարդիկ կը դիտեն հրավառութիւն մը: Մարդիկ որոնք անցեալին միասին ապրած են իբր դրացիներ, յանկարծ կը վերածուին դահիճներու եւ կ՛այլասերին ապօրէնի չարագործութեամբ: Եւ յետոյ, ուրի՜շ մարդիկ կը մեղադրուին այդ բռնաբարութեան համար: Ուրի՜շ բաներ կը մեղադրուին…
Սոսկալի նմանութիւն մը կայ հրեայ լեհերու եւ հայերու պատմութեան միջև: Հրեայ լեհերն ու հայերը մէկ կողմ, իսկ լեհերն ու թուրքերը` միւս:
Յետոյ կը մտածեմ մանուկներուն մասին, մեր եւ իրենց: Այսօր ինչի՞ մասին կը խօսինք մեր դասարաններուն մէջ: Կը կրթենք մեր զաւակները տանելի ապրելակերպ ունեցող ընկերութիւն ստեղծելու մասին եւ անշուշտ կլիմայի մասին եղող հարցերը առաջնակարգ տեղ կը գրաւեն դպրոցներուն մէջ: Բայց տանելիութեան գաղափարը լոկ շրջապատի մը անդամներուն փոխյարաբերութիւններով չի կաշկանդուիր: Արժէքներու հարց է. արժէքներ` որոնք կ՛ամրացնեն մեր քաղաքակրթութիւնը որ ան յարատեւէ:
Թատէյուշ Սլօպօտճեանէքի “Մեր Դասակարգը“ գործը հոյակապ աղբիւր մըն է եւ պէտք է որ գործածուի մեր դպրոցներուն մէջ:
Թէեւ թատերախաղը Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի եւ անոր նախորդող շրջանի մասին է, բայց լաւ միջոց մը կ՛ընծայէ լուսաբանելու մեր օրերուն (թերեւս` նաեւ մեր զաւակներուն ու թոռներուն ապրած օրերուն) պատահող դէպքերը: Աշխարհի չորս կողմը կատարուող Քաղաքական վերիվայրումները, վերջին զարգացումները Միջին Արեւելքի, Սուրիոյ, Իրաքի և Քինիոյ մէջ, յստակաբար կը դելադրեն որ մենք կարիքն ունինք առաջնորդութեան:
Բոլորս ալ գիտենք որ բարոյականութիւնն ու խիղճը, առաքինութիւնն ու չարիքը խրդին հարցեր են: Բայց ասիկա արգելք մը պէտք չէ դառնայ որ մենք չկարենանք մեր դժուար հարցերը քննարկելու: Սակայն այսօր, մեր կեանքի ընթացքին, հազիւ թէ կը վիճինք թէ ինչպէս պէտք է դիմագրաւել նման հարցեր, քանի որ չունինք ընդհանուր չափանիշ մը, չունինք բարոյական կողմնացոյց մը որ կարենանք համաձայնութեան մը յանգիլ:
Առաջնորդող ուղեցոյցի մը չգոյութեան պատճառով, մարդկային արժանապատուութեան հանդէպ ունեցած մեր յարգանքը` բաղդատմամբ սահմանափակ տեւողութիւն ունեցող նպատակներու, քաղաքական բացատրութիւններու եւ ժամանակաւոր ձգտում ունեցող լուծումներու, երկրորդական եւ ստորադաս դիրքի մը վրայ դրուած է…:
Կը լսեմ առօրեայ հաղորդուած լուրերը եւ կը դիտեմ ջուրերուն մէջ խեղդուած մանուկներու մայրերուն լացն ու կոծը: Կոյտ մը կառչած է կոկորդիս մէջ…: Խորապէս զգայացունց է տեսարանը: Ահռելի է ճակատագիրը Միջին Արեւելքի մէջ ապրող բոլոր քրիստոնեաներուն: Ո՞ւր կը տանի մեզ այս ճամբան:
Բայց ե՛ս ալ կը գիտակցիմ, որ աշխարհի չորս կողմ գտնուող մարդիկ այլեւս յոգնած են այսպիսի լուրերը լսելէ եւ ախորժակը չունին ժամանակ տրամադրելու եւ հասկնալու թէ այդ ինչպիսի՞ ուժ մըն է որ կը մղէ մարդ արարածը լգելու իր ունեցած վայելուչ մարդկային արժէքները: Այդ ինչպիսի ուժ մըն է որ կը մղէ մարդը ընկճելու իր ունեցած կարեկցութինն ու արգահատանքը:
Կը դրժենք լսել նոյնիսկ երբ մարդասպանները կը պարծենան իրենց կատարած նախատական արարքներով եւ կամ` երբ կատակերգութեան կը վերածեն այդ սարսափը: Տեսա՞ծ էք Գանատացի Ճաշուա Ափնհայմըրի “Սպանութեան Գործողութիւնը“ կոչուած ժապաւէնը: Դիտեցէ՛ք: Դիտեցէք որ տեսնէք թէ ինչ ըսել է պատկերազարդել մարդասպաննութիւնը եւ յետոյ սքանչացումով պարել անոր շուրջը:
Այո՛, ես կը հաւատամ որ շրջապատուած ենք լռութեան մշակոյթով: Լռութիւն մը որ ամրացուած է ուրուականի մը փոխադարձ շանթաժով: Կ՛ապրինք երանելի՜ տգիտութեամբ: Ժողովրդական երգեր կ՛երգենք, բանաստեղծութիւններ կ՛արտասանենք եւ կը դիտենք գործողութեամբ լի ժապաւէններ: Բայց մեր շուրջը պատահածը չունի՛ զաւեշտական ոչ մէկ հմայք: Բոլորս ալ հակա-հերոս ենք դարձեր պարտադրուած ինքնարդարութեան մթնոլորտով մը: Եւ կամ` բոլորս ալ խոյս կու տանք մարդոցմէ ու կը դիտենք հեռատեսիլի այն կայանները միայն ուր մարդ արարածներ չկան, չեն ցուցադրուիր…
Մեր աշխարհը թատրոն մըն է որ մեզ կը նեղէ ու կը ցաւցնէ: Բայց պէտք չէ մոռնալ որ պատմութիւնը միշտ մէկ մասն եղած է մեր ներկային: Պէտք է յիշել , որ կային մարդիկ որոնք սիրեցին, սպաննեցին, չարչարեցին, այրեցին, թաղեցին, զղջացին, ինքզինքնին ներեցին, եւ յետոյ…մեռան: Սակայն բռնաբարութիւնը, սպաննութիւնը, մեռած մարդոց դիակները եւ անոնք որ ջնջուեցան դեռ կը մնան բեմին վրայ…Ոչ ոք, երբէ՛ք, չ՛աներեւոյթանար: Այն ինչ որ այսօր կը պատահի մեր շուրջը թատերական այնքան թանձր, այնքան զօրաւոր խաղ մըն է, որ կարծես թէ նստած ենք թատերսրահի մը մէջ, պատմութեան մեծագոյն սեւ փոսի մը եզրին:
Եւ այդ փոսը դեռ կը քաշքշուի…