Սեւ Ցամաքամասէն Ռիչմընտ

Ծ․Խ․- Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք այս հետաքրքրական գրութիւնը, որ ներկայացուց հանրածանօթ գրագիր Պօղոս Գուբելեան, Ռիչմընտի (Վիրճինիա) մէջ, Յունիս 25-ին տեղւոյն Հայ Դատի գրասենեակի կազմակերպած դաշտահանդէսի ընթացքին։
Անձնական յուշերէն եւ յատկապէս Ափրիկէի մէջ ապրած իր օրերէն տպաւորիչ դրուագներ կը ներկայացնէ Գուբելեան։
Սիրելի հիւրեր ու հարազատներ…
Ինծի համար մեծ հաճոյք ու առանձնաշնորհում է այս պահուս խօսքս ուղղել այստեղ գտնուող ջերմ ու սիրելի հասարակութեան, որ ինծի կը յիշեցնէ այն սքանչելի հայերը, որոնց հանդիպելու բախտն ու հաճոյքը ունեցայ Ափրիկէ կեցութեանս երկար շրջանին: Թող բարին Աստուած իր օրհնութիւնը շնորհէ անոնց… որով Սեւ Ցամաքամաս ժամանումիս առաջին օրէն, անոնք իրենց սիրտն ու ջերմ երդիքը բացին այս երիտասարդ, պանդուխտ հայու բեկորին առջեւ: Ձեր թոյլատրութեամբ պիտի ուզէի ափրիկեան կեանքէս քանի մը դրուագներ յիշել ու զանոնք ներկաներուդ հետ բաժնել: Մասնաւորապէս մեր ունեցած քաղաքական անդուլ գործունէութեան վրայ կեդրոնա-նալով:

