
Read Time:17 Second
անահիտ սարգիսեան
Փարիզ
Ծանօթ.- Այս քերթուածին տէրը, իր անունը պարզ տառերով կը ստորագրէ :
սեւ սեւ գիրեր
խաբուսիկ բառեր
կը խծբծեն
թուղթը սպիտակ
որ
ինծի՛ է տրուած
սեւ սեւ գիրեր
խաբուսիկ բառեր
կը խծբծեն
թուղթը սպիտակ
որ
քեզի՛ է տրուած
ինծի
քեզի
ասոր
եւ անոր
խծբծուած կեանքեր
որոնք դժբախտաբար
գիրք պիտի չդառնան