
ՕՏԵՍԱ.- Անցեալ շաբաթավերջին, տեղի ունեցաւ Սեւ Ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու Արտաքին Գործոց նախարարներու խորհուրդի 28-րդ հանդիպումը, որուն ժամանակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վեց ամիս ժամկէտով` մինչեւ Դեկտեմբեր 31, 2013 ստանձնած է կազմակերպութեան նախագահութիւնը:
Նախարարը կարեւոր նկատեց միջազգային կազմակերպութիւններու, Սեւ Ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան յարակից մարմիններու, դէտերու եւ բնագաւառային երկխօսութեան գործընկերներու հետ համագործակցութեան զարգացման, կազմակերպութեան քարտուղարութեան բարեփոխումներու եւ հաւասար ներկայացուածութեան սկզբունքի կիրառման անհրաժեշտութիւնը: