
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը Սեւրի Դաշնագիրի ստորագրութեան հարիւր ամեակին առիթով` նախաձեռնեց դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններու՝ ընկերվար երիտասարդական միութիւններու հետ համատեղ յայտարարութեան հրապարակման, որ ստորեւ կը նեկայացնենք.-
Միացեալ Յայտարարութիւն Նուիրուած՝ Սեւրի Դաշնագիրի 100-ամեակին
Սեւրի դաշնագիրը կը հանդիսանայ իրաւական միջազգային միակ փաստաթուղթը, որ կ՛ապահովէ Հայոց Ցեղասպանութեան արդար հատուցումը: Դաշնագիրը ստորագրուած է Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն յետոյ՝ 1920-ին, Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովի ընթացքին՝ Դաշնակից ուժերու և Թուրքիոյ միջեւ:
Հիմք ընդունելով այն բանաձեւը, որ միաձայնութեամբ ընդունուած է Երևանի մէջ՝ Ընկերվարական Երիտասարդական Միջազգային Միութեան (ԸԵՄՄ/IUSY) համաշխարհային խորհուրդի ժողովին (2015), որ կը դատապարտէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութիւնը.
Մենք՝ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած երկիրներու կամ անոնց իրաւայաջորդ պետութիւններու ընկերվարական և ընկերվար-ժողովրդավարական երիտասարդական կազմակերպութիւններ, կը վերահաստատենք Սեւրի պայմանագիրի կարեւորութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ՝ ձեռնարկել Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման քայլեր եւ սկսիլ հայ ազգի իրաւունքներու վերականգման գործընթացին:
Մենք համոզուած ենք, որ այս մէկը երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ փոխվստահութիւն նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու միակ միջոցն է:
Յայտարարութիւնը ստորագրուած է հետեւեալ երիտասարդական կազմակերպութիւններու կողմէն.
Պելճիքա – Երիտասարդ Ընկերվարներ
Պելճիքա – Ընկերվար Երիտասարդներու Շարժում
Թուրքիա– Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Երիտասարդական
Իտալիա – Երիտասարդ ժողովրդավարներ
Լեհաստան – Երիտասարդ Ընկերվար Ժողովրդավարներու Միութիւն
Խրուաթիա – Խրուաթական Ընկերվար Ժողովրդավարական Երիտասարդներ
Գանատա – Գանատայի Նոր Ժողովրդավար Երիտասարդներ
Հայաստան– Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական- Հ.Յ.Դաշնակցութեան Երիտասարդական Միութիւն
Յունաստան – Համայունական Ընկերվարական Շարժում- ՊԱՍՈԿ Երիտասարդական
Հնդկաստան – Երիտասարդ Քուէարկողներու Կուսակցութիւն
Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Հանրապետութիւն– Մակեդոնիոյ Ընկերվար Ժողովրդավար Երիտասարդներ
Նոր Զելանտիա – Նոր Զելանտիոյ Երիտասարդ Աշխատաւորականներ
Չեխիա – Երիտասարդ Ընկերվար Ժողովրդավարականներ
Փորթուկալ – Երիտասարդ Ընկերվարականներ
Սերպիա – Ազատութիւն Եւ Արդարութիւն Կուսակցութեան Երիտասարդներ
Սլովենիա – Ընկերվար Ժողովրդավարականներու Երիտասարդական Ֆորում
Ֆրանսա – Ընկերվար Երիտասարդներու Շարժում