Սերպիոյ Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը Այցելեց Երեւան

0 0
Read Time:54 Second

serbիա 2

ԵՐԵՒԱՆ.- Փետրուար 8-ին, կարճ այցելութեամբ մը Հայաստան ժամանեց Սերպիոյ Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Մայա Կոյքովիչը: Ան հանդիպում ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Քննարկուեցան Եւրասիական Տնտեսական Միութեան առնչուող եւ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան հարցեր:
Արցախի հիմնահարցին գծով, Կոյքովիչ շեշտեց թէ տագնապի լուծումը կարելի է իրականացնել Մինսքի Խմբակի ճամբով, նաեւ խաղաղ ճամբով եւ բացառապէս երկխօսութեան միջոցով:serbia-1

Կոյքովիչ նաեւ տեսակցեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ: Սերպ ցեկավարը կարեւոր նկատելով միջազգային կառոյցներու մէջ գործակցութիւնը, առաջարկած է երկու խորհրդարաններու համագործակցութիւնը աշխուժացնել:
Հ.Հ. Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովի ուղեկցութեամբ, Կոյքովիչ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Սերպ խորհրդարանականները եղած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած Ցեղասպանութեան մասին պատմող նիւթերուն եւ լուսանկարներուն:
Մայա Կոյքովիչ կարեւոր նկատեց բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները եւ յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի նախագահը այս տարի այցելէ Սերպիոյ Հանրապետութիւն, ինչ որ առիթ մը եւս կ՛ըլլայ քննարկելու միջ-խորհրդարանական յարաբերութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ միջ-խորհրդարանական վեհաժողովներուն Հայաստանի եւ Սերպիոյ պատուիրակութիւններու համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր:
Նախագահ Սարգսեան հաւաստիացուց, որ Հայաստանը բաց եւ անկեղծ է Սերպիոյ հետ իր փոխ-յարաբերութիւններուն մէջ, շահագրգռուած է փոխադարձ վստահութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտի մէջ զարգացնելու միջ-պետական կապերը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles