
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Բանաստեղծին էական յատկանիշներէն մէկը այն է, որ կ’արտայայտուի, սեղմ ու ամփոփ, քանի մը տողով կրնայ գերազանցնել արձակագիրին քանի մը էջով տուածը։ Տակաւին, բանաստեղծը երբեմն մէկ տողով կ’արտայայտէ մտածում մը, որ ամբողջ գաղափարներու աշխարհ մը կþարտացոլացնէ եւ կը վերածուի խտացեալ պատգամի։
Լաւ օրինակ մըն է (անշուշտ ոչ միակը) Պարոյր Սեւակի «Սարդարապատ» բանաստեղծութիւնը, որ հայութեան դարաւոր ու շարունակական գոյամարտին խտացեալ պատմութիւնն է. ընթերցողն ու զայն բարձրաճակատ երգողը անոր տողերուն կը տեսնեն երկար շղթայ մը, որ 5րդ դարու Աւարայրը կը կամրջէ 20րդ դարու Սարդարապատին, սակայն հոն չի կանգնիր։
Վեց դարերու ստրկութենէ ետք, անկախ պետութիւն կերտելու հայութեան իրաւունքը ամրագրող Սարդարապատի ճակատամարտը ա՛յնքան խոր ներշնչում տուած է բանաստեղծին, որ զինք մղած է քանի մը տունի մէջ բիւրեղացնելու մեր բազմադարեան պայքարը։ Բանաստեղծութեան իւրաքանչիւր տողն ու մտածումը, սկսելով «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»էն, խտացեալ ու բիւրեղեայ թելադրանք են, իսկ վերջին տողը կը կազմէ բոլոր մտածումներուն թագադրումը, վերածուած է անժանամցելի ու անջնջելի պատգամի. ,Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»։
Այսօր, երբ կը տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան տարեդարձը, այլ բանաստեղծութիւններէ առաջ, Սեւակի այս տողը կը մտաբերենք հասկնալի պատճառներով։ Կրնայինք յիշել նաեւ թուրքին ուղղած Թէքէեանի ,Պիտի իյնա՛ս»ը, սակայն անիկա այլ խորքի կը տանի մեզ, թէեւ նո՛յնքան այժմէական ու ժամանակակից։
Շատ բան գրուած ու ըսուած են Սարդարապատէն, Բաշ Ապարանէն ու զանոնք կանխող բիւր ճակատումներէն ծնած՝ Մայիս 28 հանրապետութեան մասին, որ մեր ապրած ահաւոր դառնութիւններու համը բարեշրջեց պահ մը, նահանջները վերածեց յաղթանակի, հայութեան բերաւ Եռագոյն, Զինանշան, Քայլերգ, համալսարան, բանակ, սեփական դրամանիշ եւ դեռ՝ անկախ պետութեան մը նախապայմանները ամբողջացնող շատ ու շատ բան։
1918¬ին ծնած փոքրածաւալ հանրապետութիւնը, այս բոլորէն անդին, ճամբայ հանեց Հայաստանի հողահաւաքը եւ ժառանգ թողուց մինչեւ օրս հնչող պատգամ մը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտման ծրագիրը, որ զգացականէ աւելի՝ քաղաքական, ռազմավարական ու մարտավարական ուղեցոյց է հայաստանաբնակ ու աշխարհացրիւ հայութեան համար։ Մեր պատմական հողերուն հազիւ 12,000 կառ. քիլոմեթր տարածութեան վրայ հիմնուած հանրապետութիւնը, որ, Սիմոն Վրացեանի բառերով՝ կը նմանէր հիւանդ ծնած երեխայի, երկու տարուան մէջ ապրեցաւ բարեշրջում ու աճեցաւ տարածքով, շուրջ եռապատիկ հողատարածք մը ժառանգ թողուց Խորհրդային Հայաստանին. իսկ Սարդարապատէն ջանք ընող ու արցախեան ազատամարտը կերտող մեր նորօրեայ ֆետայիներն ու հերոսները մատղաշ կեանքերով ու արիւնով նոր տարածք տուին մեր հայրենիքին, Արցախը իրողապէս վերամիացուցին մայր հայրենիքին, մեր աչքերուն դիմաց պարզելով նոր հորիզոններ, թէ՝ ,ազգ ու հայրենիք պահելու», սեփական իրաւունքներ վերանուաճելու համար, կ’արժէ մեռնի՛լ…
***
Սեւակի խտացեալ տողը կարելի է քիչ մըն ալ խտացնել ու վերածել Սարդարապատէն անդին տարածուող՝ ընդհանուր ինքնաճանաչման պատգամի. «Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէ՛ք» բառերը կը ստանան ,Ծանի՛ր զքեզ»ին հնչեղութիւնը, առանց նսեմացնելու ամբողջական բնագիրին պատգամը։
Սարդարապատը առանցք առնելով՝ Սեւակի բիւրեղացուած պատգամը հայուն՝ բոլոր ժանամակներու հայուն կþուղղէ սեփական ուժի, արժէքներու եւ հսկայական ժառանգութեանց իմացութեան պատգամ մը, արդարե՛ւ։ Այլ խօսքով, եթէ ինքնաճանաչումի պատգամը դիտենք շատ աւելի լայն կարկինով, քան Աւարայրը Սարդարապատին կամրջող տարածքը, կը հասնինք, հոն, ուր հայուն ինքնաճանաչման առաքելութիւնը մեզ կը հասցնէ մինչեւ Հայկ Նահապետ, կþանցնի մեր իրերայաջորդ թագաւորութիւններու փուլերէն, Ոսկի, Արծաթ եւ Զարթօնքի դարաշրջաններէն, հասնելու համար հանրապետութեան ծնունդն ու վերածնունդը, մինչեւ Արցախեան Շարժում ու մինչեւ Ապրիլ 2016։ Յիշեալ փուլերէն իւրաքանչիւրը անմասնատելի մէկ բաժինն է հայուն ու մեր հայրենիքի լինելութեան, անկախ այն իրողութենէն, որ լինելութիւնը կապուած է ինքնանկախ իշխանութեա՞ն, թէ՞ օտարի լուծին ենթակայութեան ժամանակներու հետ։ Սակայն մեր նորագոյն դարերու պատմութեան շրջագիծին մէջ դիտելով իրողութիւններն ու իրագործումները՝ անվիճելի է, որ Մայիս 28, 1918 թուականն ու Հայաստանի անկախ հանրապետութեամբ նուիրականացած արժէքները իբրեւ տիտանական փարոս կը կանգնին հայութեան ու մեր հայրենիքին կեանքին մէջ, այսօ՛ր ալ կը պահպանեն նոր իրագործումներու ուղեցոյցի հանգամանքն ու արժանիքները։
***
Մեր հասարակական կեանքին մէջ, երբ դէմ յանդիման կը գտնուինք անընդունելի ու անհաճոյ զարգացումներու, դիւրին փախուստի միջոցի վերածած ենք ըսել, որ պէտք է նմանինք այս կամ այն ազգին ու ժողովուրդին. ցոյց կու տանք որ այս կամ այն ժողովուրդը հզօր է, գիտէ իր նիւթական ու քաղաքական ուժերը լաւապէս գործածելու ձեւերը, կը ստեղծէ իրաւունք հետապնդելու եւ անոնց մասին ազդու քարոզչութիւն ընելու միջոցները։ Կþըսենք՝ ուրիշներ միասնական են, միակամութիւն կը գոյացնեն, իրարու կþօգնեն, եւ այլն, եւ այլն…։ Մոռցած ենք, կամ չենք տեսներ, որ նման յատկանիշներու արարման համար, պէտք չունինք դիմելու այլոց օրինակներուն, այլ բաւարար է վերադառնալ սեփական փորձառութեանց ու մեր պատմութենէն ժառանգուած օրինակներու, որոնցմէ բխող անջնջելի պատգամներէն մէկն ալ՝ սեփական ուժին յենելու եւ ճակատագիրը հիմնականին մէջ սեփական բազուկով տնօրինելու իրականութիւնն է։ Վկա՛յ Սարդարապատը, վկա՛յ մեր պատմութեան նախընթաց ու հետագայ ժամանակներու յաղթանակները։
Երբ այսօր, Մայիս 28, 2016ին, կը տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան 98րդ տարեդարձը, չենք կրնար, իրաւունք չունի՛նք վերանկախացած Հայաստանն ու անոր 25րդ տարեդարձը անջատ տեսնելու Մայիս 28ին գոյառած պետականութեան արժէքներէն ու ժառանգութիւններէն՝ քաղաքական, զինուորական, տնտեսական, ընկերային ու մինչեւ իսկ մարզական-երիտասարդական կալուածներուն մէջ (թէեւ անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն, մարզական իրագործումներու մասին արձանագրուած գրեթէ ոչինչ ունինք, պարզ այն պատճառով, որ մարզական աշխարհը ունի համեմատաբար աւելի կայուն կեանքի նախապայմանը. նման նախադրեալ՝ պերճանքէ աւելի բան մըն էր 1918էն 1921 տարիներուն…)։ Այս մօտեցումով, Հայաստանի անկախ պետականութեան Ի ՉԳՈՅԷ արարումը, ինքնին, հրաշքի համազօր իրագործում էր, զայն կարելի է համեմատել մեր հնադարեան մէկ գողտրիկ գոհարին, որ կը նկարագրէ Վահագնի ծնունդը, երբ երկինքն ու երկիրը երկունքի մէջ էին, ու այդ երկունքէն կը ծնէր բոց-մօրուքով պատանի մը…։
Չենք մոռնար, որ Սեւակի բանաստեղծութեան մէջ յստակ ակնարկութիւն կայ Սարդարապատին յաջորդող ժամանակներուն մասին, երբ բանաստեղծը կ’ըսէ. «Այստեղ ՄԻ ՊԱՀ կանգ արան», այսիքն՝ խիզախումը շարունակուած է, կը շարունակուի, պիտի շարունակուի նաեւ յաջորդ տասնամեակներուն, դարերուն։ Արցախեան Պայքարը ծնունդ պիտի տայ նոր Սեւակներու…
Այս բովանդակութեան մէջ դիտելով մեր այսօրը, ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, կարելի է խառն զգացումներով ու մտածումներով դիտել ժամանակակից իրագործումներն ու զարգացումները, որովհետեւ դրականն ու բացասականը կþընթանան զուգահեռաբար, բացասականը երբեմն պատճառ կþըլլայ դրականին նսեմացման, չըսելու համար՝ չէզոքացման։
Կարելի է մեր այսօրը նմանցնել շարժուն գծանկարներու մէջ տեսնուող այն ծիծաղաշարժ ինքնաշարժներուն, որոնք ունին անհամաչափ անիւներ, մէկը՝ ձուաձեւ, աջը ձախէն աւելի մեծ, ետեւի մէկ անիւին կողքին անթացուպ մը…։ Եւ բնական է, որ այդպիսի ինքնաշարժ մը չի կրնար բնական ընթացքով յառաջ երթալ, հանգիստ ճամբորդութիւն պարգեւել մէջը նստողներուն, ստիպուած կþըլլայ երբեմն նոյն տեղը կլոր-կլոր դառնալու։
Այս վիճակը բացատրելու կամ արդարացնելու համար, փորձ կը կատարենք հազար ու մէկ աղբիւրէ չքմեղանք բերելու, կը փորձենք մենք մեզ համոզել, մատնացոյց ընելով Հայաստանի շրջափակումն ու նեղ տարածքը, անբարենպաստ կլիման ու այլ իրականութիւններ արգելակող ու նահանջի մատնող գործօններ են։ Բարեշրջումի յոյս ունենալու-ներշնչելու համար, մեր աչքերը կþուղղենք այլ երկիրներու եւ ժողովուրդներու, կը փորձենք, օրինակի համար, նուազ քան 400,000 քառ. քլմ. տարածութեան վրայ աւելի քան 125 միլիոն բնակիչ ապրեցնող Ճափոնի առաւելութիւնները վերագրել առաւելաբար անոր բաց երկիր ըլլալու, անծայրածիր ծովեզերք ունենալու վիճակին, սակայն չենք նայիր մեր սեփական անցեալին, փոքր Հայաստանի մէջ բարօր կեանք եւ սքանչելի իրագործումներ յաջողցուած ըլլալու մեր փաստացի պատմութեան, կը մոռնանք Սարդարապատէն ծնած փոքրիկ Հայաստանին մէջ գերազանց իրագործումներ յաջողցուցած սերունդին ու պետական ղեկավարներուն արժանիքները։
25 տարի առաջ վերածնած մեր հանրապետութիւնը բոլորովին ոչինչէ չծնաւ, ինչպէս որ էր 1918ի հանրապետութիւնը։ Անմիջապէս ըսենք, որ մենք դիտաւորութիւն չունինք երկու հանրապետութիւնները իրարու հակադրելու կամ բաղդատութիւններ ընելու, անտեսելով իւրաքանչիւրին առարկայական պայմանները, զանոնք շրջապատող իրականութիւնները։ Սակայն նաեւ չենք ուզեր ականջ փակել մեր ժողովրդին ցաւին դիմաց, աչք փակելով այնպիսի այլանդակութիւններու վրայ, որոնք դիւրութեամբ դարմանելի են ու մեր հայրենիքը կրնան դնել աւելի՛ արագ յառաջընթացի մէջ, հայրենիք-ինքնաշարժին ապահովելով համաչափ անիւներ եւ աւելի ուժեղ շարժակ։ Այս մօտեցումին մէջ ալ պէտք է մենք մեզ ձերբազատենք ուրիշին վատ օրինակներէն ու անոնց անխուսափելիութեան ,վարկածներով» ինքնահամոզումի սովորութենէն։
Չենք կրնար չհպարտանալ մեր սահմանապահ ուժերուն սխրանքով, մատղաշ կեանքերու գնով ու անհաւասար ճակատումներու ճամբով ձեռք բերուած յաղթանակներով, անոնք ըլլան արձանագրուած 1988-94 տարիներուն թէ երէկ, Ապրիլ 2016ին։ Բնականաբար կը յուզուինք ու մեր կուրծքը հպարտութեամբ կը լեցուի հայ մարզիկներու նուաճումներով, երիտասարդ երգիչներու եւ արուեստագէտներու կողմէ Հայ Երգին ու երաժշտական արուեստին այժմէականացումով։ Սակայն նաեւ չենք կրնար սիրտխառնուքի զգացումէ ձերբազատիլ, երբ կը լսենք, որ դաժան ու պայծառ իրականութիւնները կը շահագործուին քաղաքական բանավէճերու մէջ, կը վերածուին ամօթալի սակարկութեան նիւթերու։ Հայաստանի լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Արցախի ժողովուրդին համար առաքուած նպաստներ վաճառքի հանուած են խանութներու մէջ. իշխանաւորներ կը հերքեն, կամ նման վերագրումներու համար փաստ կը պահանջեն լրագրողներէ։ Այսպիսի պատկերի դիմաց, իրականութիւնը կը դառնայ քիչ մը երկրորդական, որովհետեւ եթէ չարաշահութեան մասին լուրերը իրական են, սա արդէն մեծ յանցանք է, իսկ եթէ անճիշդ են, նման յերիւրանքներ տարածելը նոյնքան ամօթալի է ու յուսալքող։
Հայաստանի մէջ որոշ ընտանիքներու կողմէ իշխանութեան լծակներու հակակշռումը, հսկայական հարստութեան դիզումը ստացած է ազգային աղէտի տարողութիւն եւ գլխաւոր պատճառներէն մէկն է զանգուածային արտագաղթի։ Փտածութեան դէմ պայքարի յանկերգները կը կրկնուին տասնամեակներէ ի վեր, ծրագիրներ կը մշակուին, պայմանաժամեր կը ճշդուին, եւ սակայն, անհամաչափ անիւներով օժտուած ինքնաշարժը կը մնայ աւազախրած կացութեան մէջ։ ,Այսօրուան աշխարհին մէջ, այս իրողութիւնը համատարած է. Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Ֆրանսա, Սպանիա, Յունաստան, մինչեւ Չինաստան ու ափրիկեան երկիրներ այսպէ՛ս կþապրին»ով՝ կը փորձենք մենք մեզ համոզել, կը ջանանք բացատրել փտածութեան համակերպելու մեր ընթացքը, ,բան մը չենք կրնար ընել»ը, առանց հարց տալու մենք մեզի, թէ մեր հայրենիքը ինչո՞ւ պէտք է նմանի մեծ ու փոքր այլոց վիճակին, ինչո՞ւ մենք մեզ անկարողութեան պիտի մատնենք մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին վիճակը բարելաւելու ճիգերուն մէջ։ Եթէ Միջին Արեւելքի երկիրները պատուհասող պատերազմական վիճակները, մահասփիւռ ռմբակոծումներն ու անհակակշռելի թուացող անապահովութիւնը պատճառ կþըլլան միլիոնաւորներու սնանկութեան ու իրողական բռնագաղթին (իսկ Թուրքիոյ պէս ոճրագործ պետութիւններ այս տագնապը կը վերածեն չարաշահութեան աղբիւրի ու անպատիժ կը ձգուի դաշնակիցներու մեղսակցութեամբ), հայրենի ժողովուրդն ու Հայաստան ապաստանող միջին-արեւելքցիներ ինչո՞ւ պէտք է Հայաստանը վերածեն դէպի արեւմտեան աշխարհ տարանցումի կայանի…։ Ալ ի՜նչ խօսք՝ արեւմտեան աշխարհի ճչական արտառոցութիւնները հայ բեմերու վրայ կապկող ու անարժէք երգն ու երաժշտութիւնը լոյսերու եւ այլանդակ շարժումներով քողարկել փորձող ,նորարարներուն», որոնք կը խուսափին նո՛յն ինքնաճանաչումէն եւ օտարին կը սեպեն լաւ օրինակ, անով ալ կը փորձեն նուաճել եւրոպական մրցանակներ, կը ծափահարուին նա՛եւ մշակոյթի կալուածի պատասխանատուներու կողմէ…։
Մեր պատմութիւնը, մեր ինքնաճանաչումի փորձը հո՛ս ալ ուղեցոյց է մեզի. Աւարայրին պատրաստուող մեր այրուձին իր կողքին ունեցաւ հայոց աշխարհի փափկասուն տիկիններուն գործնական զօրակցութիւնը. հայ իշխանուհին, ,վերին դասակարգի տիկինները» իրենց զարդեղէնները նուիրեցին հայոց բանակին, կը գրէ բանաստեղծաշունչ պատմիչը, լուսարձակի տակ բերելով հայրենասիրութեան ու հայրենապաշտպանութեան պատգամ մը։ Ան կը վկայէ, թէ իշխանաւորներ իրենց սեփական հարստութիւնները նուիրաբերեցին հայրենիքի պաշտպանութեան գործին։ Մինչդեռ այսօր, բարձրաղաղակ կը յայտարարուի, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, իշխանութեան ոլորտներուն մէջ թափանցած արարածներ, ամէնէն բարձր պաշտօնները գրաւած անձնաւորութիւններ հսկայական հարստութիւն դիզած են, փաստօրէն կեղեքած են ու կը կեղեքեն երկիրն ու ժողովուրդը, հսկայական գումարներ ,փախցուցած» են դուրս, կը մրցին կարգ մը բռնապետներու ունեցած դղեակներուն հետ (արուեստագէտ մը վերջերս բարձրաձայնեց, որ պէտք է վերջ դնել ,լափելու» սովորութեան), իսկ երբ կարիքը կը ստեղծուի բանակ զինելու եւ տնաքանդ ժողովուրդին անմիջական կարիքները հոգալու՝ կը մնան խուսափողական (չենք ուզեր աւելի ծանր բառեր գործածել), կը նշանակէ՝ թէ մոռցած ենք Աւարա՛յրն ալ, Սարդարապա՛տն ալ, 90ականներու Արցա՛խն անգամ…։ Եւ ահա, ,Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէք»ը կը հնչէ բարձրակոչ։
Այս իրականութեան դիմաց, չենք կրնար լիարժէքօրէն կրկնել մեր պատգամախօս հայրապետին այն խօսքը, որ ,օտարին առողջ գայլը նախընտրելի չէ մեր հիւանդ ոչխարէն»։ Հոս գա՛յլ ալ, ոչխարն ալ օտար չեն…
Ինքնաճանաչումի մէջ նահանջ ու թերացում կ’արտայայտեն նաեւ այն ձայները, որոնք երբեմն կը հնչեն պետութեան բարձրագոյն ամպիոնները գրաւող անձնաւորութիւններու բերնով։ Կարծէք թէ մոռցուած են 2009ի փրոթոքոլները, լուսանցքայնացուցած են անոնց պարտուողական ուղին, եւ ըստ ամենայնի՝ իրողապէս փակուած կը սեպենք այդ էջը, մինչդեռ անիկա կայ ու կը մնայ քաղաքական-դիւանագիտական սառնարանին մէջ։ Աւելին, Ապրիլի առաջին օրերուն, Արցախի սահմանին վրայ ծանօթ ճակատումներէն յաջորդած բանակցութեան օրերուն, Եւրոպայի հետ ու միջնորդ պատուիրակութեանց սեղաններուն շուրջ նստող հայ ներկայացուցիչներ սկսան խօսիլ Ատրպէյճանին հողային զիջումներ կատարելու ընտրանքին մասին, պատճառաբանելով, որ մր ազատագրած կարգ մը հողամասերը (իրենք ըսին՝ մեր գրաւած կարգ մը տարածքները. տարբերութիւնը յստակ է, չէ՞…) ըստ էութեան ,ապահովութեան գօտի» են ու սակարկութեան համար պիտի ծառայեն։ Կարծէք թէ մեր պատգամաւորները եւ պետական կարգ մը այրերն ու տիկինները սկսած են համոզուիլ միջազգային միջնորդներու այն վարկածներով, որ հայկական կողմը հող խլած է Ատրպէյճանէն, ու օր մը, վերջնական խաղաղութեան հանգրուանին, հողերու փոխանակում պիտի կատարենք, որպէսզի Ատրպէյճան ու անոր զինակից-գործակից Թուրքիան մեզ հանգիստ ձգեն…։ Մոռցած ենք կարծէք՝ որ Հայաստանն ու Արցախը Ատրպէյճանէն ու Թուրքիայէն (նաեւ այլ դրացիներէ) առնելի՛ք ունին. մերն են Գետաշէնն ու Շահումեանը, Արծուաշէնը, որոնց մասին հազիւ թէ կը խօսուի լուսանցքային կերպով։ Մերն են Նախիջեւանն ու պատմական Գանձակը, ուր կաթողիկոսութիւն ունեցած ենք ատենին։ Ալ ի՞նչ խօսք՝ Արեւմտեան Հայաստանին, Միացեա՛լ Հայաստանին մասին. երբեմն տողատակի կը փորձուի ինքնահամոզումի դիմել, թէ նման ծրագիրներու մասին խօսիլը երազ է ու միայն սակարկութեան համար օգտագործելի նիւթ…։ Մոռցած ենք մե՛ր Շիրազին այն բառերը, որոնք կը յիշեցնեն, որ դարերով խլուած հողեր ետ կþառնուին այսօրուան աշխարհին մէջ, մոռցած ենք, որ Խորհրդային Միութեան Ստալինի ժառանգորդ վերջին ղեկավարնե՛րն ալ կը փորձէին Արցախը պահել Ատրպէյճանի կազմին մէջ, անոր տալով նախկինէն ձեւականօրէն տարբեր կարգավիճակ, եւ սակայն, սեփական բազուկով ու Եռաբլուր կերտելու գնով մենք յաջողեցանք շրջել պատմութեան անիւը, ինչպէս որ Նազարբէկեաններ, Սիլիկեաններ ու Արամներ Սարդարապատի օրերուն, ու շա՛տ աւելի դաժան պայմաններու մէջ, ի նպաստ հայութեան շրջեցին պատմութեան անիւը…
,Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէք…»
***
Եւ որպէսզի չմոռնանք Սարդարապատն ու 1918ի Հայաստանին բազմաբնոյթ ժառանգութիւնները,
Որպէսզի չմոռնանք, որ ,դեռ ճամբայ ունինք, պիտ հասնինք Սասուն», պիտի հասնինք սրբազան լերան կատարին, Վանն ու Մուշը, Էրզրում ու Տրապիզոնը մեզ կը սպասեն Արցախի, Նախիջեւանի, Կիլիկիոյ ու անվիճելիօրէն մեզի պատկանող բոլոր հողերուն նման՝
Անհրաժեշտ է եւ օգտակար, որ Հայաստանի ու Արցախի մեր պետական հաստատութեանց ու շէնքերուն ամէն մէկ անկիւնը, փողոցներուն մէջ ու շէնքերու ճակատին, դպրոցներուն ու զօրանոցներուն, կուսակցութեանց ու միութեանց բոլոր շէնքերուն,
Սփիւռքի տարածքին հայկական բոլոր հաստատութեանց գրասենեակներուն ու ճակատներուն, դասարաններուն ու ակումբներուն մէջ, Խրիմեաններու եւ Արաբոներու, Աղբիւր Սերոբներու, Նիկոլ Դումաններու, Բաբգէն Սիւնիներու, Դանիէլ Վարուժաններու, Սիամանթօներու, Թեհլիրեաններու եւ Շիրակեաններու լուսանկարներուն կողքին՝ հաստատենք Սարդարապատի ու Արցախի մեր նահատակ հերոսներուն լուսանկարները։
Եւ ամէն անգամ, որ ականատես ըլլանք չարաշահութեան, փտածութեան երեւոյթներու, ականջալուր ըլլանք ասոր կամ անոր հող զիջելու մասին բարբաջանքներու, հայութեան պատկանելիութեան ճամբուն նահանջի արձագանգներու, նայինք մեր մի՛շտ երիտասարդ նահատակներուն ու պատգամաբեր մեծերուն աչքերուն, անոնց կրած զէնքերուն ու ատրճանակներուն, չմոռնանք «Երկաթէ Շերեփ»ը, զգաստանանք եւ պետական, քաղաքական, մշակութային ու գիտական կալուածներու մէջ գործողներուն ըսենք. «Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից ու Արցախից, Էրզրումից ու Մուսա Տաղից»։