
«Յարգելիներս,
Ստիպուած եմ մէկ անգամ եւս հրապարակաւ հանդէս գալու ի լուր մեր ողջ ժողովուրդին, բայց այս անգամ դիմելով ձեզի: Որքան ալ հրաժարականէս ետք տրամադրուած էի չմիջամտել քաղաքական գործընթացներուն, հիմա կը կարծեմ, որ պարտաւոր եմ ատիկա ընելու:
Կը հրաւիրեմ ձեզ հանդիպման, որպէսզի աւելի հանգամանալից բացատրեմ իմ հրաժարականի պատճառները, իմ դիտարկումները ներկայացնեմ կուսակցութեան ապագայի, կուսակցութեան նոր առաջնորդութեան եւ բարեփոխման կարեւորութեան, տարբերուող դերակատարումով Խորհրդարանին մէջ աշխատելով երկրի զարգացման նպաստելու վերաբերեալ:
Կը հրաւիրեմ ձեզ խօսելու խաղաղութեան ու կայունութեան մասին, իսկ հանդիպումը կը կազմակերպէ ՀՀԿ ֆրակցիայի ղեկավարը:
Յարգանքով, Սերժ Սարգսեան»: