
Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» աշխարհահռչակ թանգարանին մէջ, Սեպտեմբեր 22-ին պիտի բացուի «Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէսը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Յունուար 13, 2019։ Բացումը կը զուգադիպի Հայաստանի վերանկախացման օրուան։
Նշենք թէ, բացման հանդիսութեան ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ այդ օրերուն պիտի ժամանէ Նիւ Եորք, մասնակցելու Մ․Ա․Կ․-ի տարեկան համագումարին։
Ցուցահանդէսը պիտի ներկայացնէ հայկական ազգային ինքնութեան ձեւաւորման պատմութիւնը` սկսած չորրորդ դարասկզբին քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս ընդունելէ մինչեւ Հայաստանի պատմական դերակատարութիւնը, 17-րդ դարու միջազգային առեւտրային գործընթացներուն մէջ:
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին մշակութային իւրայատուկ արժէք ունեցող իրեր` Հայաստանի Պետական թանգարանէն, Մատենադարանէն, Ս. Էջմիածինէն, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութենէն, Ս. Ղազարու վանքէն (Վենետիկ), «Գալուստ Կիւլպէնկեան» թանգարանէն (Լիզպոն), Ամերիկեան հայկական թանգարանէն (Պոսթըն), Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան թանգարանէն (Միշիկըն), ինչպէս նաեւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանէն: Ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած յարգի առարկաները պիտի ներկայացնեն Հայաստանի քրիստոնէացման գործընթացը, ինչպէս նաեւ հայկական գեղարուեստի զարգացումը միջնադարուն եւ անոր տարածումը աշխարհի մէջ։ Այս նիւթերուն վերաբերեալ քննարկումները թանգարանէն ներս պիտի վարէ Հելէն Էվընզ։
Այս գուցահանդէսը պիտի պատմէ նաեւ, թէ ինչպէս հայերը պահպանած են ու վերափոխած իրենց աւանդոյթները` ճանապարհորդելով աշխարհի տարբեր անկիւններ: Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ընդգրկուած պիտի ըլլան նաեւ լուսանկարիչ Հրայր «Բազէ» Խաչերեանի հայկական խաչքարերու նշանաւոր լուսանկարները։ Սոյն շարքին վերաբերեալ ալպոմ-գիրքն ալ լուսանկարչին կողմէ պիտի ներկայացուի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանէն ներս։ Միեւնոյն ժամանակ, Հրայր Խաչերեան պիտի ըլլայ այս ցուցահանդէսի պաշտօնական լուսանկարիչը։
Այս հանրահռչակ յայտնի թանգարանին մէջ պիտի ցուցադրուին աւելի քան 140 ոսկեզօծ մասունքներ, նկարազարդուած ձեռագիրներ, խաչքարեր, եկեղեցւոյ մանրակերտեր, տպագիր գիրքեր եւ հազուագիւտ այլ իրեր:
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է այնպիսի յայտնի արուեստագէտներու աշխատանքներուն, որոնց կարգին են Թորոս Ռոսլին, Սարգիս Պիծակ, Թորոս Տարոնացի, Յակոբ Ջուղայեցի։ Այս արուեստագէտները աշխատած են ինչպէս մայր Հայաստանի, այնպէս ալ Կիլիկիոյ Թագաւորութեան եւ Նոր Ջուղայի մէջ։