ԱզգայինԳլխաւոր

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Զ․Թ․
Պոսթըն – Մասաչուսէց

Պարզ ու մեկին ԼԱ-ՓԵ-ՑԻ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» հատորը։ Քանի մը օր առաջ էր, երբ հասաւ գիրքը՝ իր «տուն»-էն եւ վերջերս «Տրոնամոյն» Պէյրութէն։ Գիտէի, թէ մէյ մը որ սկսիմ, պիտի չուզեմ ընդհատել, այդպէս ալ եղաւ։
Ստանալէս երկու-երեք օր ետք, կէսօրէ ետք մը ընթերցմանս մեկնարկը տուի եւ քանի մը ժամէն, միեւնոյն օրն իսկ աւարտեցի։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններ չարձանագրեմ, թէ ինչպէ՞ս լափեցի։
Սովորութիւնս է, որ հատոր մը ընթերցելու պահուն, մատիտով մը օժտուիմ եւ կարեւոր ու յիշատակելի նախադասութիւններ, ասացուածքներ կամ ներկայացուած տեսարաններ ընդգծեմ։ Սեդային գիրքին պարագային ալ «զինուած» էի այդ մատիտով, սակայն քանի մը էջ ետք, ի յայտ եկաւ, թէ բազմիցս մատիտի տաշելիքի կարիք պիտի ունենայի, կամ ալ գիրքը, սկիզբէն մինչեւ վերջին էջը, պէտք էր ամբողջովին ընդգծէի։
Այո՛, ընդգծուելիք տողերը շատ էին, սկսելով առաջին էջերէն, ուր տեղ գտած է ամերիկացի հանրածանօթ վիպագիր Ուիլիըմ Ֆոքնըրի (1897-1962) մէկ տպաւորիչ խօսքը․ «Անցեալը երբեք մեռած չէ։ Նոյնիսկ անցեալ չէ» (The past is never dead. It’s not even past)։
Ֆոքնըրի կիզակէտն էր Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր հարաւը, իր անցեալի խորհրդաւոր պատմութիւններով։ Սեդա Մարկոսեանի «Մեր Տուն»-ը՝ Պուրճ Համուտի Նոր Թոմարզա թաղամասի մէկ սեղմ պատմութիւնն է։
Հաճելի եւ յիշատակելի դրուագներ այնպիսի մանրամասնութիւններով եւ բծախնդրութեամբ ներկայացուած են, որ ընթերցողը ունկնդիրի եւ ակնդիրի կը վերածուի։ Տողերն ու էջերը յար եւ նման են նկարներու շարքի մը՝ «ֆոթոքոլաժ»-ի մը, նպարավաճառին մօտ կատարուած զրոյցէն՝ մինչեւ թուղթ խաղալու պահուն հնչող երգերը։ Մանր գլուխ-գործոց մըն է այն դրուագը, երբ մատղաշ պարման-պարմանուհիներ գեղեցիկ մտայղացումը կ՛ունենան՝ թաղին մէջ իրենց կազմակերպած տարեվերջի հանդէսի գոյացած գումարով՝ ոչխար մը գնելու եւ փոխադրակառքով ուղղուելու Ժըպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ը, իբրեւ մատաղ նուիրելու տեղւոյն որբերուն, որոնք հազիւ ամիս մը առաջ կրկին որբացած էին՝ Մարիա «Մամա» Եաքոպսենի մահուան պատճառաւ։
Ժըպէյլի ճամբան բռնած, բուրումնաւէտ նարնջենիներու անծայրածիր պարտէզները կտրող փոխադրակառքին մէջ, պատահած անցուդարձերն ու ստեղծուած մթնոլորտը մեծ չափով յար եւ նման են Լիբանանի չաստուածուհիներէն՝ երգչուհի Ֆէյրուզի «Ալ- Պոսթա» երգին պատահարներուն («Փոխադրակառքը», յօրինուած երգչուհիի զաւակին՝ Զիատ Ռահպանիի կողմէ եւ առաջին անգամ երգուած՝ վաղաժամ մահացած Ժոզէֆ Սաքրի կողմէ):
Այդ երգին պատմածին նման՝ հեզ եւ համեստ են ճամբորդները, որոնց կարգին՝ ամենէն ետեւը, Թոմարզայի փոքրիկներու միութեան անդամներն ու իրենց անմեղ ոչխարը, որ չի գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընէ, եւ անակնկալ փռնգտոցով մը կը սարսափեցնէ ճամբորդ ոստիկան մը։
Առատօրէն օգտագործուած է բարբառ եւ տեղւոյն վրայ գործածուած խօսակցութիւն, ժողովրդական բառեր, որոնք յաւելեալ համեմ կը բերեն գիրքին, օրինակ՝ «մարդ-մարդասպան չկար» (այսինքն մարդ-մարդասանք չկար), եահո, ակա, եաւրում, տոնտուրմա (պաղպաղակ)։
Պատումները յաճախ կը ներկայանան առանց զգացական ապրումներ արտայայտող երկար, պաղ եւ միապաղաղ նախադասութիւններու։ Կը կրկնեմ, հմտութեամբ եւ մեծ խնամքով հիւսուած տեսարաններ են, որոնք կը յիշեցնեն Իտալիոյ շարժապատկերի աշխարհի «Չինեչիթա»-ի (Cinecittà) կարգ մը իրապաշտ ժապաւէնները, յատկապէս, իր մանկութեան օրերը նկարագրած Ֆետերիքօ Ֆելինիի (Federico Fellini)  «Ամարքորտ»-ը (Amarcord), կամ Ճուզեփէ Թորնաթորէի (Giuseppe Tornatore) «Չինեմա Փարատիզօ»-ն (Cinema Paradiso):
Որոշ չափով գերիրապաշտ են Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի մանկութեան յուշերը, բոլորովին տարբեր Գրիգոր Պլըտեանի կոթողական «Յակոբները» գործէն (ուր կան Հայաշէնէն քաղուած յուշեր) ։
«Ո՞վ է վախցողը Վիրճինիա Ուոլֆէն»՝ մինչեւ Պիքֆայայի հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը․․․: Վարուժան Խտըշեան բեմադրիչը վաղուց ծանօթ էր ինծի, նաեւ Զաւէն Խտըշեան քանդակագործը։ Ծանօթ էի նաեւ այս հեղինակին հրապարակագրական սիւնակներուն, բայց չէի գիտէր, թէ ամենայն հաւատքով Հայ Օգնութեան Միութեան ծառայած՝ վիպագիր Խտըշեան մըն ալ հռչակ պիտի սփռէ։ Պատումներու շղթայով մը ներկայացող այս հատորը վկայութիւն է այս իրականութեան:
Առիթ պիտի ստեղծեմ եւ կրկին պիտի կարդամ, ըսել կ’ուզեմ՝ դիտեմ այս յոյզեր եւ ապրումներ յառաջացնող «ժապաւէնը», որ քանի մը ժամ առիթ ընծայեց մոռնալու եւ հեռու մնալու, բառին ամենապարզ իմաստով՝ պարտուած, թշուառ ու անտէր հայորդիի ներկայ օրերու իրավիճակէն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button