
Read Time:36 Second

Կիրակի, Սեպտեմբեր 22-ին, Ա․Մ․Ն․ արեւլեան թեմի Բարեջան Առաջնորդ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց ու քարոզեց Տակլըսթընի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուր սարկաւագ ձեռնադրեց կիսասարկաւագներ՝ Պերճ Յակոբեանը, Ռաֆֆի Նէնէճեանը եւ Ռազմիկ Նէնէճեանը։ Սրբազան Հայրը նաեւ կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը, որ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ քհն. Թրթռեանին ծաղկեայ փիլոն գործածելու իրաւունքը կու տար՝ առ ի գնահատումն անոր 15-ամեայ անձնուէր ծառայութեան։
