Լրահոս

Սարին Հայրարպետեանի «Իմ Քաղցր Երկիր» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը Ուաթըրթաունի Մէջ

Ուրբաթ, Ապրիլ 25-ին, Ուաթըրթաունի Հայկական Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սարին Հայրարպետեանի «Իմ Քաղցր Երկիր» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, կազմակերպութեամբ կեդրոնին եւ Արեւելեան Մասաչուսէցի Հայ Դատի յանձնախումբին։

Ցուցադրութեան ներկայ գտնուեցան նահանգային ծերակուտական Ուիլիըմ Պրաունզպըրկըր, հոգեւորական հայրեր, տարբեր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ աւելի քան երկու հարիւր անձեր։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կեդրոնին նախագահ տոքթ․ Վաչէ Սերայտարեան, որ ժապաւէնը համարեց ուղեւորութիւն դէպի Արցախ՝ լուսարձակները կեդրոնացնելով ատրպէյճական վայրագութիւններուն, բռնագաղթման եւ ցեղային մաքրագործման ոճիրներուն վրայ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մարկա Վարեայի, որ իր ներդրումը ունեցաւ ժապաւէնին ցուցադրութեան կազմակերպման մէջ։

Արեւելեան Մասաչուսէցի Հայ Դատի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ դոկտ․ Վազրիկ Չիլոյեան, որ շեշտեց թէ նման ժապաւէններ աշխարհի տարածքին կարելիութիւններ կը ստեղծեն՝ իմանալու համար հայկական պայքարին մասին, որ կը մղուի ժողովուրդ մը բնաջնջելու ցեղասպանական ոճիրին դէմ։

Ապա ցուցադրուեցաւ ժապաւէնը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button