
ՎԻԵՆՆԱ.- Մայիս 16-ին, սկսաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը` Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ: Քննարկուեցան անցեալ ամսուան ընթացքին զինադադարի կոպիտ խախտման պատճառով ստեղծուած լարուած իրավիճակն ու ապագային առնուելիք որոշումները:
Համանախագահող երկիրներու ներկայացուցիչները շեշտեցին 1994-ի 1995-ի զինադադարի ամրապնդման մասին համաձայնագիրներու իրագործման անհրաժեշտութիւնը: Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ քայլեր ձեռնարկելու` անոնց իրականացման մշտադիտարկման եւ դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրման, Ե.Ա.Հ.Կ.-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի կարողութիւնները աւելցնելու, տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի հաւանական վերսկսման ուղղութեամբ:
Նախագահ Սարգսեան` ներկայացնելով հայկական կողմին դիրքորոշումը բանակցային հոլովոյթի վերսկսման վերաբերեալ, կարեւոր նկատեց 1994-ի զինադադարին եւ 1995-ի զինադադարի դրութեան ամրապնդման վերաբերող համաձայնագիրներու անվերապահ կատարման անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ տագնապի լուծման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման ծառայող առաջին քայլ:
Խարգսեան յայտնեց, թէ կողմերը անգամ մը եւս վերահաստատած են, որ Արցախի տագնապը զինուորական լուծում չունի, եւ անհրաժեշտ է յստակ սկզբունքներու հիման վրայ գտնել փոխադարձաբար ընդունելի լուծման միջոցներ:
Հայաստանի նախագահը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հետ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հետ նախագահ Սարգսեան քննարկեցին զինադադարի խախտման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու կարելիութիւնները: Կարեւոր նկատելով Մինսքի խմբակի համանախագահողներուն յայտարարութիւնը` նախագահ Սարգսեան նշեց, որ բանակցային հոլովոյթի վերսկսման համար անհրաժեշտ է ապահովել 1994-ի զինադադարի մասին եւ 1995-ի զինադադարի ամրապնդման մասին համաձայնագիրներու լիարժէք իրականացումը, ինչպէս նաեւ զինադադարի խախտումներու քննութեան գործընթացին շուտափոյթ ներդրումը:
Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանի զարգացումներուն եւ անվտանգութեան սպառնացող ներկայ մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր: Մօտէն քննուեցան տագնապէն դուրս գալու կարելիութիւններուն:
Յոյս յայտնուեցաւ, որ Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող այս հանդիպումները կը նպաստեն ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման, շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման:
Մոկերինի հաստատեց Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը՝ Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խմբակի համանախագահողներու ջանքերուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած սատարելու տագնապի գօտիին մէջ վստահութեան ամրապնդման նախաձեռնութիւններու գործադրութեան: Հայկական կողմը կարեւոր նկատեց Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն այցելութիւնները տագնապէն տուժած շրջաններ:
Հանդիպումին ընթացքին նաեւ խօսուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմանի յարաբերութիւններուն մասին: