Այլազան

ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

P12 SARKIS GIRAGOSIAN2

Երեքշաբթի, Յուլիս 21-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Պէյրութի մէջ մահացաւ մտաւորական եւ բանաստեղծ՝ Սարգիս Կիրակոսեան:
Ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան կարկառուն դէմքերէն էր Սարգիս Կիրակոսեան, որ ստանձնած էր ”Բագին” գրականութեան եւ արուեստի հանդէսի փոխխմբագրութեան պաշտօնը: Նաեւ, ան իր իւրայատուկ վաստակը ունեցած է արաբական գրականութիւնը հայերէնի թարգմանելու առումով:
Վերջին ժամանակաշրջանին ան կը վարէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական եւ հայագիտական բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը: Ուսուցչական երկար տարիներու վաստակի տէր՝ ան հայ գրականութեան առարկան ուսուցանած է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ:
Ան անդամ էր Հայաստանի Գրողներու Միութեան եւ եղած էր Լիբանանահայ գրողներու համախմբումին հիմնադիրներէն մէկը:
Մայիս 28-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով, ան արժանացած էր ,Մովսէս Խորենացիե շքանշանին: Այս առթիւ կազմակերպուած յատուկ հաւաքը, կատարուեցաւ Պէյրութի մօտակայքը գտնուող Հայաստանի դեսպանատան մէջ եւ տեղւոյն դեսպան Աշոտ Քոչարեանի ձեռամբ: Այս առթիւ, Կիրակոսեան յայտնած էր.-
,Շատ պիտի ուզէի այս շքանշանը ստանալ հերոսածին Սարդարապատի հողին վրայ, սակայն կամքէ անկախ պատճառներով այսօր կը ստանամ, բայց որովհետեւ այս դեսպանատունն ալ հայկական հող է, իսկ Հայաստանի ամէն մէկ թիզ հող մեզի համար ե՛ւ Ծիծեռնակաբերդ է, ե՛ւ Սարդարապատ է, ե՛ւ Զանգեզուր է, ե՛ւ Արցախ, ես զայն ստացած կը սեպեմ Մայիս 28ին առիթով, Մայիս 28ին, նոյնիսկ եթէ օրացոյցը այսօր ուրիշ թուական կը նշէե:
Հինգշաբթի, Յուլիս 23-ի յետմիջօրէիՆ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ Սարգիս Կիրակոսեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը , նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն, կուսակցական եւ միութենական ընկերներուն ու գրչակիցներուն:
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ վեր առաւ հանգուցեալ մտաւորականին ու գրողին վաստակը` կենսագրական հակիրճ տեղեկութիւններ ներկայացնելով: Ապա, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, առաջնորդ սրբազանը յետ մահու Սարգիս Կիրակոսեանը պարգեւատրեց ,Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցե շքանշանով: Այնուհետեւ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն:
ՏԻՐԱՄԱՅՐՆ ՈՒ ԻՐ ՈՐԴԻՆ

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button