ՍԱՆ ՖՐԱՆ­ՍԻՍ­ՔՈ­ՅԻ “ԱՐԱՔՍ“ ՊԱ­ՐԱ­ԽՈՒՄ­ԲԸ ԻՐ ԵԶԱ­ԿԻ ՅԱՅ­ՏԱԳ­ՐՈՎ ՀՄԱ­ՅԵՑ ՆԻՒ ԵՈՐ­ՔԱ­ՀԱ­ՅՈՒ­ԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:6 Minute, 5 Second

 ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

 

Մե­ծա­գոյն Նիւ Եոր­քի մեր հա­մայն­քը թէ­եւ ու­նի իր չորս պա­րա­խում­բե­րը, որոնք տա­րի­նե­րէ ի վեր կը հրամց­նեն հայ պա­րար­ուես­տի լա­ւա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, յա­ճախ մրցե­լով իրա­րու հետ, կը բե­րեն որակ մը մեր մշա­կոյ­թի այդ բնա­գա­ւա­ռէն ներս: Կը հաւա­տանք Ամե­րի­կա­յի որ­դեգ­րած մրցակ­ցու­թեան ոգի­ին, որով­հե­տեւ, մեր պա­րա­գա­յին նոյն­պէս, ի վեր­ջոյ պի­տի շա­հի մեր մշա­կոյ­թը:  Այս մէ­կը իր ազն­ուա­գոյն իմաս­տով կը գրենք, ան­կաս­կած. եթէ չես դի­մա­նար մրցակ­ցու­թեան, ապա քաշ­ուիր բե­մա­հար­թա­կէն ու հրա­պա­րա­կէն:

 Սա­կայն, այս բո­լո­րը ըսե­լով մէկ­տեղ, Հոկ­տեմ­բեր 20, Շա­բաթ օր երե­կոյ­եան ներ­կա­յաց­ուած հա­մոյ­թը տար­բեր էր միւս­նե­րէն ե՛ւ յայ­տագ­րով, ե՛ւ ընտր­ուած պա­րե­րով, մա՛­նա­ւանդ մե­նա­պա­րե­րու այն յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ, ուր մեր պա­րար­ուես­տի լա­ւա­գոյն ոճա­յին ձե­ւե­րը ըն­դե­լուզ­ուած էին Արեւ­մուտ­քի պա­լէի եւ եր­բեմն ալ Արեւել­քի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու գե­ղե­ցիկ հա­մա­կե­ցու­թեամբ, որ եր­բեք ար­գելք չէ­ին ըլ­լար  գե­րա­զան­ցա­պէս հա­ղորդ­ուե­լու դարձ­եալ “հայ­կա­կան պար“ հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ: 

Պա­րու­սոյ­ցը Նո­յե­մի Արաք­սի խնամ­քով ձե­ւա­ւո­րած ու գծած պա­րե­րը համ­բե­րու­թեամբ կրցած էր սոր­վեց­նել իր խում­բի շնոր­հա­լի տա­սը երի­տա­սար­դու­հի­նե­րուն եւ եր­կու երի­տա­սարդ­նե­րուն, որոնք կա­տա­րե­լա­գործ­ուած կեր­պով կրցան զա­նոնք հրամց­նել ներ­կա­նե­րուն:  Պի­տի ըսենք, անս­խալ, եթէ իրա­ւուն­քը տրուի ար­ժե­ւո­րում մը ընել, գո­նէ մե­զի նման սի­րող­նե­րուս կող­մէ:

Նիւ Եոր­քի Հա­մազ­գա­յին վար­չու­թեան եւ զայն գլխա­ւո­րող մեր բա­րե­կա­մին` Արա  Գաբրի­էլ­եա­նին կրնանք շնոր­հա­ւո­րել նման ընտ­րու­թիւն մը ըրած ըլ­լա­լուն հա­մար. ու­նե­նա­լու յանդգ­նու­թիւնը հե­ռա­ւոր Սան Ֆրան­սիս­քո­յէն հրա­ւի­րե­լու “Արաքս“ը, որ այժմ որ­պէս ան­կախ պա­րա­խումբ կը գոր­ծէ: Հոկ­տեմ­բե­րի մշա­կոյ­թի այս ամ­սուն, երբ Մե­ծա­գոյն Նիւ Եոր­քի մէջ մեր միու­թիւն­նե­րը զի­րար հրմշ-տկող ու ան­նա­խա­դէպ առա­տու­թեամբ ձեռնարկներով հրա­պարկ ելած են:

Հա­մոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Էլմ­հըրս­թի (Նիւ Եորք) Ուոլ­թըր Հ. Գրո­լի միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նի հան­դի­սաս­րա­հը:  Խում­բը ար­ժա­նի էր աւե­լի ներ­կա­յա­նա­լի սրա­հի մը ան­կաս­կած, ուր բա­ցի ձայ­նա­յին սար­քա­ւո­րում­նե­րու եւ բե­մա­կան լոյ­սե­րու ան­բա­ւա­րա­րու­թեան պատ­ճա­ռով, հան­դի­սա­տե­սը պի­տի կա­րե­նար, տար­բեր սրա­հի մը մէջ, աւելի­ով ըմ­բոշխ­նել հրամց­ուած յայ­տա­գի­րը:  Դժբախ­տա­բար, դպրո­ցա­կան հան­դէ­սի մը երե­ւոյ­թով ներ­կա­յա­նա­լը անար­դա­րու­թիւն պի­տի ըլ­լար ար­հես­տա­վարժ մա­կար­դա­կի հաս­նող “Արաքս“ին հա­մար:  Այս որ­պէս նկա­տո­ղու­թիւն:

 Յայ­տա­գի­րը ու­նէր եր­կու բա­ժին եւ իւ­րա­քան­չիւր բաժ­նի սկիզ­բը կը մաս­նակ­ցէր Նիւ Ճըրզիի Հա­մազ­գա­յին “Արե­գակ“ պա­տա­նե­կան երգ­չա­խում­բը ղե­կա­վա­րու­թեամբ` Վա­ղար­շակ Օհան­եա­նի:  Անց­նող քա­նի մը տա­րի­նե­րուն, մեր բե­մե­րուն վրայ այս պա­տա­նի­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւնը կը ներշն­չէ յոյս, որ տա­կա­ւին մեր եր­գար­ուես­տը պի­տի ու­նե­նայ շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւն:  Տա­մատ­եա­նի “Տալ­ւո­րիկ“ ժո­ղովր­դա­յին եր­գը, ան­գամ մը եւս լսե­լով, հայ­րե­նա­սի­րա­կան նոր ապ­րում­նե­րով դարձ­եալ գնա­հա­տե­ցինք այդ պա­տա­նի­նե­րուն ու­նե­ցած ոգին, որ կը փո­խանց­ուէր ներ­կա­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րին:

Խմբա­յին պա­րե­րը թիւով չորս, սա­կայն կը հաս­տա­տեն որ պա­րու­սոյ­ցը նո՛յն­քան տա­ղան­դա­ւոր է, որ­քան մե­նա­պա­րե­րու ներ­կա­յաց­մամբ, այն­քան` խմբա­յին պա­րե­րու ձե­ւա­ւոր­մամբ:

 Հայ­կա­կան եր­գե­րու վրայ յօ­րին­ուած պա­րե­րը եւս նո­րու­թիւն մը բե­րին մե­զի հա­մար: Խա­չա­տուր Աւե­տիս­եա­նի երաժշ­տու­թեա­մբ քա­նի մը եր­գեր, նա­եւ` Սմբատ Բիւ­րա­տի, Արա Գէ­որգ­եա­նի, Կո­մի­տա­սի, Սա­յաթ Նո­վա­յի եր­գե­րուն վրայ մե­նա­պա­րե­րը գրա­ւիչ էին:  Միւս կող­մէ, Վիթ­թո­րօ Մոն­թինիի “Գնջու­նե­րը“ պա­րը Ան­նաթ Խո­րէ­նի եւ Լի­լիթ Մար­կոս­եա­նի կող­մէ ար­ժա­նա­ցան լայն ծա­փե­րու:

Կ՛ար­ժէ իւ­րա­քան­չիւր պա­րի հա­մար գրել պար­բե­րու­թիւն մը, սա­կայն թեր­թի սիւ­նակ­նե­րը ան­բա­ւա­րար պի­տի ըլ­լան անդ­րա­դառ­նալ ամէն մէ­կուն մա­սին գրել:  Կ՛ար­ժէ յի­շա­տա­կել գո­նէ անուն­նե­րը մաս­նա­կից­նե­րուն. Էտ­ուար Պար­սում­եան, Էլի­զա­պէթ Կրե­սոն, Լե­նա Տա­քես­եան, Ան­նաթ Խո­րէն, Թո­մաս Քո­շի, Նա­յի­րի Գու­յումճ­եան, Լի­լիթ Մար­կոս­եան, Նա­րէ Մկրտիչ­եան, Մա­նէ Մի­նաս­եան, Սա­թե­նիկ Յա­րու­թիւն­եան, Ելե­նա Տէր Սարգս­եան. անուն­նե­րէն կրնանք կռա­հել, որ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ Հա­յաս­տա­նէն Սան Ֆրան­սիս­քօ ար­տա­գաղ­թած տա­ղան­դա­ւոր երի­տա­սար­դու­հի­ներ են անոնք:

Երե­կոն նուիր­ուած էր մեր ան­մո­ռա­նա­լի ըն­կե­րոջ, գրող, խմբա­գիր, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ, վեր­ջերս մա­հա­ցած Արիս Սե­ւա­կի պայ­ծառ յի­շա­տա­կին եւ իր թարգ­ման­չա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան 45-ամ­եա­կին: Խո­րին յար­գանք մեր վա­ղե­մի բա­րե­կա­մին վաս­տա­կին եւ կը խո­նար­հինք անոր թարգ­մա­նա­կան գրա­կա­նու­թեան առաջ: Այ­րին` տի­կին Աստ­ղիկ Սե­ւակ իր կա­րե­լին ըրած էր յար­գան­քի բա­ժի­նը ամուս­նոյն` Արի­սին ներ­կա­յաց­նե­լու բար­ձրո­րակ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles