
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2, 2022. Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 31-րդ տարեդարձին առիթով հանրահաւաքներ տեղի ունեցան Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ: Երկու օր առաջ, Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած էր Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: Հանդիպման օրակարգային գլխաւոր նիւթը եղած է խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագիրի կնքումը: Որոշուած է, որ մէկ ամսուան ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի սկսին պատրաստելու այդ համաձայնագիրը: Նկատելով, որ հանդիպումէն ետք կատարուած յայտարարութիւնները չեն յիշատակեր Արցախը, կարելի է մտածել, որ` տուրք տալով Ատրպէյճանի պահանջին, Հայաստան դադրած է Արցախի ապագայ կարգավիճակի հարցը բանակցային նիւթ համարելէ: Պարզ խօսքով, Հայաստան հրաժարած է Արցախէն` զայն թողելով իր բախտին:
Երեւանի եւ Ստեփանակերտի հաւաքները, Արցախի անկախութեան տարեդարձի նշումը եկան հաստատելու, որ պատերազմի պարտութիւնը չէ թաղած արցախեան պահանջատիրութիւնը: Երեւանի հաւաքին ընթացքին Հ․Յ․Դ․ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան շեշտը դրաւ սկզբունքային երեք անշրջանցելու պահանջներու վրայ.
1.- Բացառել որեւէ լուծում, որ կ՛ենթադրէ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ:
2.- Բացառել Արցախի անկլաւային (պաշարուած) վիճակը:
3.- Բացառել Արցախի զինաթափումը:
«Դիմադրութիւն» շարժման համար այս երեք պայմանները սկզբունքային բնոյթ ունին. անոնք պէտք է դառնան բանակցութեան նիւթ, այսինքն առաջ տարուին Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն կողմէ: Իշխանութիւնները յայտնապէս հրաժարած են Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պահանջէն, նոյնիսկ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները պաշտպանելու իրենց պարտաւորութենէն` խաղաղութեան դարաշրջան բանալու խելացնոր քաղաքականութեան բերումով: Կը մնայ ուրեմն, որ ժողովուրդը յաջողի փոխել տալ պարտուողական, չըսելու համար դաւաճանական քաղաքականութիւնը: Քաղաքականութեան փոփոխութիւնը կ՛ենթադրէ իշխող սակաւապետութեան վտարումը եւ փոխարինումը ազգային շահերը պաշտպանելու պատրաստակամութիւն ունեցող նոր իշխանութեամբ մը:
Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութենէն հեռացման համար կայ երկու ճանապարհ` ենթակային ինքնակամ հրաժարումը վարչապետի պաշտօնէն կամ պաշտօնազրկումը Ազգային ժողովին կողմէ: Առաջին ընտրանքը բացառուած է, քանի որ Փաշինեան կը հաւատայ, որ պատգամաւորական ընտրութեան արդիւնքները իրեն կը պարգեւեն հնգամեայ օրինաւորութիւն մը, զոր ինք կը թարգմանէ իբրեւ ուզածը ընելու բաց իրաւունք: Կը մնայ երկրորդ ընտրանքը:
Պաշտօնազրկումի համար անհրաժեշտ է, որ Ազգային ժողովը անվստահութիւն յայտնէ վարչապետին: Գործընթացին սկսելու իրաւունք ունին 107 պատգամաւորներու առնուազն մէկ երրորդը` 36 պատգամաւոր: Նախագիծին պէտք է ընկերանայ միաժամանակ նոր վարչապետի մը թեկնածութիւնը: Անվստահութեան հարց կարելի է արծարծել կառավարութեան կազմութենէն առնուազն մէկ տարի ետք, այս պարագային` 2 օգոստոսէն սկսեալ: Որոշումը կ՛ընդունուի պատգամաւորներու պարզ մեծամասնութեան քուէով, այսինքն` առնուազն 54 ձայնով:
Ընդդիմութիւնը այժմ ունի 35 ձայն: Եթէ այս թիւը 36-ի վերածելը յարաբերաբար դիւրին կարելի է համարել, սակայն անվստահութիւն յայտնելու համար իշխանական ճամբարէն գէթ 18 քուէներու ապահովումը աւելի դժուար է: Անվստահութիւն յայտնելու պահանջը պէտք է քննուի 48-էն 72 ժամերու ընթացքին (2-էն 3 օր): Եթէ այս 2-էն 3 օրերու ընթացքին ժողովրդային մնայուն ճնշումը ստիպէ մեծամասնական պատգամաւորներու կարեւոր թիւի մը քուէարկութիւնը ի նպաստ անվստահութեան, պաշտօնազրկումը կարելի կը դառնայ: Ձախողութեան պարագային, յաջորդ անվստահութեան պահանջը կարելի է ներկայացնել առնուազն վեց ամիս ետք:
Վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու այս գործընթացը սահմանադրական պահանջ է: Տեսականօրէն կարելի է այս պահանջը ներկայացնել Օգոստոս 2-էն սկսեալ, սակայն առանց վստահօրէն ապահոված ըլլալու անոր յաջողութիւնը, անիկա կրնայ վերածուիլ արկածախնդրութեան ու աւելի զօրացնել գործող իշխանութեան դիրքերը:
Իշխանափոխութիւնը անհրաժեշտութիւն է կասեցնելու համար Արցախի եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան, ապահովական դրութեան թաւալգլոր անկումը: Բնականաբար` որքան շուտ, այնքան լաւ: Շտապողականութիւնը սակայն կրնայ յանգիլ աղէտի, ուրիշ խօսքով` յօնքը շինելու փոխարէն, աչք հանելուն:
Լսենք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն հնչող ուղերձը. «Սահմանները կապանքներ չեն, շղթաներն էլ` կը փշրուեն»:
Հայաստան, Արցախ ու սփիւռք եռամիասնութիւնը համբերութեամբ կառուցենք, ազգը միաւորենք, դարձնենք ճնշումի ու պահանջատիրութեան հզօր միջոց ու ապահովենք մեր պատմութենէն թելադրուած յաղթանակը, որուն ոտնաձայնը կը լսէր, աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ, նահատակ բանաստեղծը` Դանիէլ Վարուժան: