ՍԱՀՄԱՆԵԼ ԱԶԳԻ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԵՐԸ, ԸՍՏ ԱՅՆՄ ԾՐԱԳՐԵԼ ԵՒ ԳՈՐԾԵԼ ԽՕՍԻԼ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

0 0
Read Time:7 Minute, 4 Second

Յ. Պալեան

Ներազգային քաղաքական խնդիրները սահմանափակել Հայաստանի Հանրապետութեան դժուարութիւններով եւ խանդավառող յաջողութիւններով անկասկած օգտակար է, գործնապաշտ մօտեցում:
Առանց ամբոխավարական ճչոցներու, քաղաքական ղեկավարութիւնները, ոչ միայն պետութեան, եւ մտաւորականութիւնը, համաշխարհային ներկայ իրադրութիւնները նկատի ունենալով, այսօր աւելի քան երբեք, պարտք պէտք է համարեն յստակութեամբ սահմանելու ազգի հիմնահարցերը, առանց բանտարկուելու անմիջականի այլապէս կարեւոր շրջանակին մէջ: Հիմնահարցերը եթէ չհասկցուին որպէս այդպիսին հայկական զանգուածներուն կողմէ, չըլլան համոզում եւ յանձնառութիւն, անկարելի կ’ըլլայ իրաւունքներու ձեռքբերումը եւ պատմութեան չարիքներու սրբագրումը:
Հիմնահարցերը, ազգի վերականգնման եւ շարունակութիւն ապահովելու տեսանկիւնէ ինչպէ՞ս կը սահմանուին: Անոնց մասին պէտք է խօսիլ ոչ պատշաճեցումները, ոչ անհատական նախասիրութիւնները, ոչ արդարացումները եւ ոչ ալ շահախնդրութիւնները նկատի ունենալով: Անոնք պարզ եղած են անցեալին, այդպէս են նաեւ այսօր, եթէ ազգային հեռանկարով առաջնորդուինք: Ազգային էականը երբեք բարդոյթներու պատճառ պէտք չէ ըլլայ: Կա՞ն ազգեր, ժողովուրդներ, երկիրներ, առանց ազգային ըմբռնումներու: Անոնցմէ զուրկ ազգեր եւ ժողովուրդներ անհետացած են պատմութեան բեմէն:

ՆԵՐՔԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ

Փաստ է, որ հաւաքականութիւնները, նախնական համարուած ընկերութիւններէն մինչեւ մեր ժամանակակիցները, ներքին միութիւն եւ ինքնուրոյնութիւն ունեցած են եւ ունին: Տեսական բոլոր երազանքները միատարածք մարդը ստեղծելու, մեծ կրօնները, ընկերային վարդապետութիւնները, մեզի մօտ Մարքսը, սովետամարդ ստեղծելու միտումը, Ճորճ Օրուէլ կամ Հերպերթ Մարքիւզ, մնացած են վարդապետութիւններ: Ֆրանսացին մնացած է ֆրանսացի, գերմանացին գերմանացի, չինացին չինացի: Նոյնիսկ ափրիկեցի մեծ բանաստեղծը, Լէոփոլտ Սետար Սենկոր, ֆրանսագիր եւ ֆրանսական Ակադեմիայի անդամ, գրելով հանդերձ ֆրանսերէն, կը շնչէ իրեն հարազատ աշխարհի թամ-թամով, անոր կ’արձագանգէ, ինք կը մնայ Սենեկալի զաւակը, կը վերադառնայ իր երկիրը:
Մանաւանդ փոքր ժողովուրդները, երբ կը ներքաշուին մեծ եւ ապազգային տեսութիւններու մէջ, իրենք զիրենք կը դատապարտեն կորստեան: Այսինքն, ազգի գաղափարը պերճանք չէ, այլամերժութիւն չէ, ինքնութիւն է, ինքնութիւն է մեծերուն եւ փոքրերուն համար: Մեծերը երբ իրենք վտանգուած չեն, կրնան իրենք իրենց թոյլատրել մեծ տեսութիւններ մշակելու պերճանքը: Անգլիացին ֆրանսացի պիտի չըլլայ հետեւելով տեսութեան մը: Կրնայ ըլլալ տարբեր երկրի մը քաղաքացի: Բայց կը դադրի անգլիացի ըլլալէ, երբ խզուած կ’ըլլայ իր լեզուէն, մշակոյթէն, պատմութենէն, ինքզինք դուրս դրած կ’ըլլայ շարունակութիւն ըլլալու ճանապարհէն, թերեւս մէկ կամ երկու սերունդ ալ յիշելով, որ «ծագումով» այս էր կամ այն էր:
Մեր ժողովուրդի պարագային կացութիւնը միաւորներով չի բացատրուիր: Զանգուածային մտահոգութիւն է:
Ի՞նչ կը պատահի երբ փոքրիկ եւ տարտղնուած հայ ժողովուրդի զաւակները կ’ընդգրկուին համարկում-մերուելու (intégration) շուրջպարին մէջ: Յաջորդական տեղատուութիւններով կը կորսնցնեն իրենց ինքնութեան եւ տարբերութեան յատկանիշները, որոնցմով անցեալի մը շարունակութիւն էին եւ այլեւս պիտի չըլլան: Սփիւռք(ներ)ի ներկան եւ հոլովոյթը այս տեսանկիւնէ պէտք է դիտել եւ նախատեսութիւններ ընել: Պատմական փաստեր եւ օրինակներ չեն պակսիր: Հեռատեսիլային հաղորդում կ’ըսէր, որ Քրիստափոր Քոլոմպոսէն առաջ հրեաներ եկած են Ամերիկա, աստիճանաբար դարձած են երկրի բնիկ, եւ ցեղախումբ մը այսօր ալ կ’ըսէ, որ իրենց բարքերը եւ ըմբռնումները շատ մօտ են այդ հրեաներուն: Բայց նոյն արմատներու շարունակութիւն չեն, այլ են:
Ազգի ըմբռնումի հարցը միշտ ալ զբաղեցուցած է տարբեր ժողովուրդներու առաջնորդները եւ մտածողները: Ազգի մը պատկանելիութեան գիտակցութիւնը պէտք չէ շփոթել ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան հետ, որոնք կը ծառայեն նուաճողական, շուկայական եւ դրամատիրական շահագրգռութիւններու: Կիսագրագիտութեամբ եւ անգրագիտութեամբ ազգային գիտակցութեան վրայ կը դրուի մոլեռանդութեան եւ ցեղապաշտութեան պիտակ: Իսկ ապազգայնացնող գործնապաշտութիւնները, աստիճանական նահանջներով, կ’առաջնորդեն այլասերման: Ժամանակի անյեղլի տրամաբանութիւնը այդ է:
Հարցը չէ սպառած: Ան գոյութիւն ունի այս կամ այն ձեւով, այսօր մանաւանդ, երբ մոլորակի մակարդակով հաւաքականութիւններու լայնածաւալ տեղափոխութիւններ տեղի կ’ունենան, որոնք պիտի ազդեն մշակութային ինքնուրոյնութիւններու վրայ, անոնք ըլլան լեզուական, իմաստասիրական, ընկերաբանական թէ կրօնական: Այս ընդհանուր պատկերին մէջ կայ մեր ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), եւ եթէ համազգային գիտակցութիւն մը չզարգացնեն ղեկավարութիւնները եւ մտաւորականութիւնը, օր մը պիտի տեսնենք, որ ուշացեր ենք, համաշխարհայնացման միօրինականացումը եկած, անցած եւ հարթած է: Թերեւս չտեսնենք ալ, անցած ըլլալով կամուրջին միւս կողմը:
Նախ ինքնապաշտպանութեան ըմբռնումներուն ընտելանալու համար, մեր համամոլորակային դարձած հաւաքականութիւնները անոնց ընտելացնելու համար, ինչպէս երբեմն կ’ըսեմ, հարկ է յաճախել մեծերու դպրոցը, անոնք ըլլան քաղաքական դէմքեր, գրողներ, գիտնականներ, արուեստագէտներ, որոնք գիտցած են եւ գիտեն, ինչպէս լողացողը, իրենց գլուխը ջուրէն վեր բռնել՝ մնայուն ճիգով եւ լարումով: Անմիջականի եւ նորոյթի ողողող տիրապետութիւնը յաճախ կ’արգիլէ, որ երբեմն յիշուած իմաստուն մեծերուն հանդիպինք, անցեալի եւ ներկայի, անոնք ըլլան հայ, թէ այլ ժողովուրդի զաւակ:

ԱԶԳ, ԷՐՆԵՍՏ ՌԸՆԱՆ, ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

ԺԹ դարու Ֆրանսայի մեծ մտաւորականներէն Էրնեստ Ռընանի դասախօսութիւնը ԱԶԳի մասին, տրուած Սորպոնի մէջ, 11 մարտ 1992ին, ապա բազմիցս հրատարակուած, այսօր ալ օգտակար է, հասկնալու համար ազգի ըմբռնումը: Եթէ հնարաւոր ըլլար այդ ըմբռնումներու շուրջ մտածելու հրաւիրել բոլոր հայերը, հասնելով իւրաքանչիւրին, գիտակից հայապահպանութեան կը նպաստէինք, տարբեր որակ՝ բարեսիրութենէ եւ զբօսաշրջութենէ, տարբեր որակ նաեւ այն նահանջականութենէն՝ որ սփիւռքը կը համարէ վերջնական եւ յաւերժական, ապազգայնացնող վերաբերումներ զարգացնելով:
Էրնեստ Ռընան, յիշուած դասախօսութեան մէջ կ’ըսէ.
Ինչ որ կը զանազանէ ազգերը, ոչ ցեղն է, ոչ լեզուն: Մարդիկ իրենց սրտին մէջ կը զգան, որ իրենք մի եւ նոյն ժողովուրդն են, երբ ունին հասարակաց գաղափարներ, շահեր, սէրեր, յիշատակներ եւ յոյսեր: Ահաւաիկ այն՝ որ կ’ընէ հայրենիք: Ահաւասիկ թէ ինչու մարդիկ կ’ուզեն քալել, միասին գործել, միասին պայքարիլ, ապրիլ եւ մեռնիլ իրարու համար: Հայրենիքը է այն՝ զոր կը սիրենք: Կրնայ ըլլալ, որ Ալզասը գերմանական է ցեղով եւ լեզուով, բայց ազգութեամբ եւ հայրենիքի զգացումով ֆրանսացի է:
Վերջին խօսքը հարկ է անջատել եւ անկէ մեկնելով մեր իւրայատուկ կացութեան մասին մտածել: Այսօր մեծ թիւ կը կազմեն անոնք որոնք հայու ինքնութիւն կերտող ազդակներէն հեռացած են, կը հեռանան, կամովին թէ ակամայ: Ինչպէ՞ս զանոնք պիտի բերենք հայ ազգին:
Նոյն դասախօսութեան մէջ, ուրիշ տեղ մը, Էրնեստ Ռընան կ’ըսէ.
Ազգ մը հոգի է, ոգեկան սկզբունք մը: Երկու բաներ, որոնք, ճիշդ խօսելով, մէկ են, կը կազմեն այդ հոգին, այս իմացական սկզբունքը: Մին անցեալի մէջ է, միւսը՝ ներկայի: Մին հաւաքական տիրութիւնն է յիշողութիւններու հարուստ ժառանգութեան մը, միւսը համամտութիւնը միասին ապրելու ցանկութեան, ստացուած անբաժանելի ժառանգութիւնը արժեւորուած շարունակելու կամքը:
Այսինքն ազգը ինքնութիւն է, որ իր արմատները խրած կ’ըլլայ պատմութեան մէջ, լայն առումով պատմութիւն, որ կուտակում է հողի, հաւաքական կեանքի, անոնց մէջ եւ հետ զարգացած լեզուի եւ մշակոյթի:
Այս ազգային ամբողջական գիտակցութիւնը ծանր հարուածներ ստացած է մեր պարագային, յաջորդական նախայարձակումներու եւ աղէտներու հետեւանքով, ցեղասպանութիւն, հայրենահանում, արտագաղթ: Շաբաթավերջի խրախճանքներով, սնապարծութիւնները շոյող մարմարեայ շէնքերով, չնաշխարհիկ պարտէզներով, լողաւազաններով, հաւաքական թէ անհատական, ազգը չի վերականգնիր, երբ կը հեռանանք ժառանգութենէն կամ զայն կը կորսնցնենք:
Պարոյր Սեւակ, գրականութեան վերաբերեալ ելոյթի մը ընթացքին, անդրադարձած է վերականգնումի կամ անոր հակառակի հարցերուն, որոնք այսօր մեր ազգի հարցերն են: Կ’ըսէ.
Թոյլ տուէք յիշեցնեմ մի շատ իմաստուն խօսք. «Ազգը չի կարող կործանուել այլ կերպ, բացի ինքնասպանութիւնից»: Այս խօսքի իրաւացիութիւնը (աշխարհիս բոլոր ազգերից աւելի) հաստատում է մեր ազգը` իր ահռելի պատմութեամբ: Նոյնիսկ 1915-ի ազգասպանութեան աննախադէպ փաստը եկաւ նոյնը հաստատելու. 1915-21 թուականներին կարծես երկինք ու գետին խօսքը մէկ էին արել կործանելու մեր անմեղ-մեղաւոր ազգը: Բայց չկարողացան, որովհետև չուզեցինք:
Իսկ ինքնասպանությո՞ւնը…
Ազգային ինքնասպանութեան զանազան ձևեր կան, եւ դրանց մէջ ամենադիւրինը, ըստ իս, իմ ասած սնապարծութիւնն է, որ նման է տաք ջրով լեցուն լողարանի մեջ սեփական երակը կտրելուն: Այն սնապարծությունը, որի հակառակ երեսը (թոյլ տուէք երկու օտար բառ օգտագործել) արխայինութիւն-դինջութիւնն է: ……..
Մենք շատ ենք խօսում եւ պիտի խօսենք կարմիր, իսկ այժմ առաւել եւս սպիտակ ջարդից, որին ենթակայ է մեր ժողովուրդը: Այս սպիտակ ջարդի լաւագոյն օգնականը հէնց սնապարծութիւնն է, այն հինգերորդ շարասիւնը, հենց գործում է մեր իսկ ներսում, իբրև արխայինութիւն-դինջութիւն:
Սնապարծութիւն, որ Հայաստանի մէջ թէ աշխարհի մօտ եւ հեռաւոր վայրերուն մէջ մեզ գերի կը դարձնէ ինչքի, ցուցամոլիկութեան, անաշխատ դրամի ձեռքբերման եւ կողոպուտի, ի հարկէ այլոց հաշւոյն, անտեսելով ուրիշի իրաւունքը: Ոչ ոք կը հետեւի ժամանակակից իմաստասէրի տպաւորիչ եւ դիպուկ բանաձեւումին, որ ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է, եւ մենք կը գործենք այնպէս՝ որ ուրիշի իրաւունքը սեփականացնենք, նոյնիսկ երբ այդ կ’ընենք սահմանուած օրէնքներու շրջագիծին մէջ:
Պարոյր Սեւակի խօսքերը դուրս կը բերեմ գրականութեան մասին իր ունեցած ելոյթի շրջանակէն: Ի վերջոյ, ինչ կը վերաբերի ազգի վերականգնումին, կ’ընդգրկէ նաեւ գրականութիւնը, քաղաքականութիւնը, պատմաբանութիւնը, գիտութիւնը: Եւ հետաքրքրական է Պարոյր Սեւակի խօսքը, երբ կ’ըսէ թէ՝ երկինք ու գետին խօսքը մէկ էին արել կործանելու մեր անմեղ-մեղաւոր ազգը: Բայց չկարողացան, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՉՈՒԶԵՑԻՆՔ: Այսինքն՝ չուզեցինք մեռնիլ:
Եւ կը շարունակէ. Ազգային ինքնասպանութեան զանազան ձեւեր կան, եւ դրանց մէջ ամենադիւրինը, ըստ իս, իմ ասած ՍՆԱՊԱՐԾՈՒԹԻՒՆն է, որ նման է տաք ջրով լեցուն լողարանի մեջ սեփական երակը կտրելուն:

ԿԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒԻ՞ ՍՆԱՊԱՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

Սնապարծութիւնը շատ ցած մակարդակի եսի աստուածացումն է, ան ըլլայ տնտեսական, քաղաքական թէ մշակութային: Այդ ձեւով է, որ մարդը կը դառնայ ինչ որ Հոպզ բնորոշած էր, ըսելով մարդը մարդուն գայլն է: Հայուն այս սնապարծութիւնն է պատճառը, որ արգելք կը հանդիսանայ պատմութիւնը իր հունը վերադարձնելու կամքի. արգելք՝ հայրենադարձութեան, ազգահաւաքի, բաց դուռ չարաշահումներու եւ արտագաղթի, անկշտում պերճանքի, ընկերութեան բոլոր խաւերուն մէջ:
Ազգի վերականգնումը հասարակաց արժէքներու եւ յիշատակներու հանդէպ հաւատարմութիւն է: Քաղաքական, երեւելիական, եսասիրական ամէն կարգի փորձութիւններու հարկ է հակադրել յիշուած հաւատարմութիւնը, այդ դարձնել հաւաքական կեցուածք: Այդ կ’ըլլայ իրաւ քաղաքականութիւն մենք մեզի դէմ յաղթանակ տանելու, որպէսզի Պարոյր Սեւակի յիշած ինքնասպանութիւնը տեղի չունենայ: Ոչ տնտեսավարութիւն, ոչ ամլացնող դիւանակալութիւն, այլ՝ ղեկավարում, Պարոյր Սեւակի բառերով, այլեւս չխօսելու համար ճերմակ ջարդի մասին, տեսնելով, որ աւեր գործող սնապարծութիւնը հինգերորդ շարասիւն է, մեր մէջի թշնամին:
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), այդ թշնամիին դէմ պայքարը հակաթոյն է ախտերու դէմ, ընդդէմ ծառացող ամէն կարգի եսական բացասականութիւններու:
Որոնցմո՞վ եւ ինչպէ՞ս կազմակերպել պայքարը, որ այս անգամ չ’ուղղուիր արտաքին թշնամիի մը դէմ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles