
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի Յուլիս 5-ին, Հայաստան նշեց Սահմանադրութեան օրը:
Այդ օրը՝ 1995-ին, հիմնական օրէնքի նախագիծը ներկայացուեցաւ համաժողովրդական հանրաքուէի: Այդ օրերուն, ընդդիմադիր ճակատը կեղծուած
համարեց հանրաքուէի արդիւնքները, սակայն պաշտօնական տուեալներով Սահմանադրութիւնը ընդունուեցաւ:
Տասը տարի անց` Նոյեմբեր 27, 2005ին, անգամ մը եւս տեղի ունեցաւ սահմանադրական հանրաքուէ, երբ քաղաքացիները հաւանութեան արժանացուցին գլխաւոր փաստաթուղթին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները:
Ընդդիմութեան կոչով հասարակութեան մեծ մասը պոյքոթի ենթարկեց Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն, սակայն պաշտօնապէս հանրաքուէն համարուեցաւ կայացած եւ այդ փոփոխութիւնները ընդունուեցան:
Սահմանադրութիւնը փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ նաեւ Դեկտեմբեր 6, 2015ին, ըստ որուն՝ Հայաստանը անցում կատարեց կառավարման խորհրդարանական համակարգի, որուն հիման վրայ Հայաստանի մէջ այլեւս տեղի պիտի չունենան նախագահական ընտրութիւններ` համաժողովրդական քուէարկութեամբ: Նախագահը պիտի ընտրուի 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով ձեւաւորուած Ազգային ժողովին կողմէ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձով հանդէս եկաւ, յայտնելով թէ.- «Այս տօնը կարեւոր ու պատմական օր է մեր երկրին ու ժողովուրդին կեանքին մէջ: Մենք միասին քայլ առ քայլ կ՛երթանք Սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած նպատակները կեանքի կոչելու ուղիով: Սահմանադրական վերջին բարեփոխումները անգամ մը եւս հաստատեցին մեր ինքնիշխան, ժողովրդավարական, իրաւական ու ընկերային պետութեան կայացումը եւ ընդգծեցին անոր վերընթաց ու հետեւողական զարգացման միտումները: Սահմանադրութեան փոխուած տարբերակը մեզի, իբրեւ հասարակութիւն` կը դարձնէ աւելի ազատ եւ աւելի ուժեղ: Միաժամանակ այս նոր իրողութիւնը բոլորէս կը պահանջէ պատասխանատու վերաբերմունք` երկրին մէջ ընթացող ընկերային, իրաւական եւ քաղաքական գործընթացներուն նկատմամբ»: