ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը, Յունուար 12, 2010-ին քննարկեց Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններուն սահմանադրականութեան հարցը, եւ յայտարարեց, թէ զոյգ արձանագրութիւնները սահմանադրական են: Որոշումը ընթերցեց Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, որ նշեց, թէ այս որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակումէն ետք եւ բողոքի եւ վերատեսման ենթակայ չէ: Միւս կողմէ , սոյն ժողովի նախօրեակին, Երեւանի “Շահումեան” հրապարակին վրայ, կատարուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ 14 այլ քաղաքական ուժերու հանրահաւաքը` Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններուն դէմ: Այս առթիւ, բազմահազար ժողովուրդ հաշուող երթը ընթացք առաւ դէպի Սահմանադրական դատարան: Ցոյցին ու ջահերթին մասնակիցները Սահմանադրական դատարանի ղեկավարութեան յանձնեցին հանրահաւաքը կայացնող ուժերու միացեալ յայտարարութիւնը (էջ` 4):
Հաւաքի ընթացքին, ելոյթ ունեցան զանազան ղեկավարներ, որոնց կարգին Արամ Կարապետեան (“Նոր Ժամանակ” Կուսակցութիւն), Յարութիւն Առաքելեան (Հ.Ռ.Ա.Կ.) եւ Արմէն Ռուստամեան (Հ.Յ.Դ.): Հանրահաւաքին ընթացքին խօսք առնողները անգամ մը եւս յիշեցուցին Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններուն մէջ թաքնուած թրքական նախապայմանները, որոնք չեն համապատասխաներ Հայաստանի սահմանադրական տրամադրութիւններուն:
Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան անդամ, պաշտպանութեան, ներքին գործոց եւ ազգային անվտանգութեան մնայուն յանձնախումբի նախագահ Հրայր Կարապետեան դիտել տուաւ, որ Թուրքիա աւելի լկտիաբար սկսած է խօսիլ նախապայմաններուն մասին, իսկ արձանագրութիւններուն դէմ պայքարը արդէն աւելի վճռական հանգրուան թեւակոխած է, որովհետեւ կացութիւնը ճակատագրական է:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, որ վերջերս Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջան այցելած էր, հաստատեց թէ, որքան շուտ իշխանութիւնները զգան իրենց սխալը, այնքան աւելի շուտ կարելի պիտի ըլլայ ժողովուրդը փրկել այս փորձութենէն, որովհետեւ օրէ օր իշխանութիւնները հայութիւնը աւելի եւս կը մխրճեն այնպիսի տխրահռչակ գործընթացի մէջ, որուն տէրը իրենք չեն:
Հ.Ռ.Ա.Կ.-ի ատենապետ Յարութիւն Առաքելեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի քաղաքական գործիչները կը փորձեն իրենց հեքիաթներով խաբել ժողովուրդը, սակայն այդ մէկը անկարելի է, որովհետեւ համայն աշխարհը կը լսէ թուրք իշխանաւորներուն յայտարարութիւնները, որոնց մէջ յստակ ակնարկութիւն կը կատարուի թրքական նախապայմաններուն: Նոր ժամանակներ կուսակցութեան ղեկավար Արամ Կարապետեան յայտնեց, որ Սահմանադրական դատարանը մեծ պատասխանատուութեան դէմ յանդիման կանգնած է, որովհետեւ այս արձանագրութիւններով մեծ հարուած կը ստանան Արցախի հարցը, Հայ դատն ու Արեւմտահայաստանի վերադարձը: Ան հարց տուաւ, որ արդեօք անգամ մը եւս Սահմանադրական դատարանը պիտի ընէ՞ ինչ որ իշխանութիւնը կը թելադրէ:
Հանրահաւաքին ընթացքին, շարունակ կոչ ուղղուեցաւ Սահմանադրական դատարանին` այս արձանագրութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող հակասահմանադրական կէտերը բացայայտելու եւ անոնց վաւերացումը կասեցնելու:
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՀՀ սահմանադրական դատարանը Յունուարի 12, 2010-ին քննութեան առնելով «2009 թուականի Հոկտեմբերի 10ին Ցիւրիխ քաղաքում ստորագրուած՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւնների զարգացման մասին» արձանագրութիւններում ամրագրուած պարտաւորութիւնների՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեանը համապատասխանութեան հարցը որոշելու վերաբերեալ գործը, մասնաւորապէս, իրաւական դիրքորոշումներ է արտայայտել այն մասին, որ.-
ա) Նշուած արձանագրութիւններով ստանձնուող փոխադարձ պարտաւորութիւնները՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներին համապատասխան, ունեն բացառապէս երկկողմանի միջպետական բնոյթ եւ չեն կարող վերաբերել ու տարաբնոյթ յղումներով վերագրուել որեւէ երրորդ կողմի կամ վերջինիս հետ նշուած արձանագրութիւններն ստորագրած կողմերի փոխյարաբերութիւններին.
բ) Միջազգային պայմանագրերի նախաբաններում համընդհանուր ճանաչում ու լայն կիրառում գտած՝ «հաշուի առնելով», «նկատի ունենալով», «ճանաչելով», «նշելով», «ղեկավարուելով», «ձգտելով», «գիտակցելով», «կարեւորելով», «հաստատելով», «վերահաստատելով», «հաւաստելով», «վկայակոչելով», «յիշեցնելով», «ընդունելով», «համոզուած լինելով» եւ այլ եզրոյթներն արձանագրում են գոյութիւն ունեցող, փաստացի իրողութիւններ, ցանկութիւններ, նպատակներ, ձգտումներ, որոշակի ընդհանուր սկզբունքներ եւ այլն, որոնք նկատի ունենալով՝ պայմանագրի կողմերը փոխադարձութեան սկզբունքով համաձայնում են ստանձնել որոշակի միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններ: Յիշեալ արձանագրութիւններով ստանձնուող երկու կոնկրէտ պարտաւորութիւնները՝ «հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ» եւ «բացել
ընդհանուր սահմանը», ունեն փոխպայմանաւորուած ելակետային նշանակութիւն: Հետեւաբար, այդ արձանագրութիւններում ամրագրուած միւս բոլոր պարտաւորութիւնները միջազգային իրաւական ուժ կարող են ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ փաստացի սահմանի բաց լինելու եւ կոնկրէտ դիւանագիտական յարաբերութիւնների առկայութեան դէպքում, որը ենթադրում է անհրաժեշտ նախադրեալների ապահովում կողմերի ստանձնած պայմանագրային պարտաւորութիւնները կատարելու համար.
գ) Նշուած արձանագրութիւնները չեն նախատեսում վիճելի հարցերի լուծման, պայմանագրային պարտաւորութիւնների կասեցման կամ դադարեցման ընթացակարգեր ու պայմաններ: Առաւելապէս շեշտադրումը կատարւում է ցանկութիւնների, նպատակների, յարաբերութիւնների յետագայ զարգացման նախադրեալների ստեղծման մտադրութիւնների վրայ: Ուստի սահմանադրական դատարանը նկատի է առնում, որ երկու երկրների միջեւ տարբեր ոլորտներում յարաբերութիւնների յետագայ հաստատումն ու զարգացումը խարսխուած կը լինի երկու պետութիւնների միջեւ գրաւոր ձեւով կնքուած եւ միջազգային իրաւունքով կարգաւորուող կոնկրէտ համաձայնութիւնների վրայ (համաձայն Միջազգային պայմանագրերի իրաւունքի մասին Վիեննայի 1969թ. կոնվենցիայի 2րդ յօդուածի 1ին կէտի առաջին ենթակէտի), որոնցմով ստանձնուող պարտաւորութիւնների սահմանադրականութեան գնահատման հարցը ՀՀ Սահմանադրութեան 100րդ յօդուածի 2րդ կէտի եւ «Սահմանադրական դատարանի մասին» ՀՀ օրէնքի 72րդ յօդուածի համաձայն կը դառնայ ինքնուրոյն քննութեան առարկայ.
դ) «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւնների զարգացման մասին» արձանագրութեամբ նախատեսուած՝ ընդհանուր սահմանը բացելու վերաբերեալ կողմերի յանձնառութեան շրջանակներում Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութիւնը վերաբերելի է սահմանային անցակէտերի բնականոն գործունէութիւնն իր կողմից ապահովելու հետ կապուած իրաւակազմակերպչական ու կառուցակարգային խնդիրները լուծելու պատրաստակամութեանը:
ՀՀ սահմանադրական դատարանն ընդգծել է նաեւ, որ միջազգային պայմանագրերը Հայաստանի Հանրապետութեան համար իրաւաբանական ուժ կարող են ունենալ միայն ՀՀ Սահմանադրութեան 6րդ յօդուածով նախատեսուած իրաւակարգաւորման շրջանակներում՝ նկատի ունենալով միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնից դրանց վաւերականութեան ու ՀՀ Սահմանադրութեամբ սահմանուած ընթացակարգով Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւական համակարգի բաղկացուցիչ մաս լինելու հանգամանքները:
ՀՀ սահմանադրական դատարանը գտել է, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւնների զարգացման մասին» արձանագրութեան դրոյթները Հայաստանի Հանրապետութեան օրինաստեղծ ու
իրաւակիրառական պրակտիկայում, ինչպէս նաեւ միջպետական յարաբերութիւններում չեն կարող մեկնաբանուել ու կիրառուել այնպէս, որը կը հակասի ՀՀ Սահմանադրութեան նախաբանի դրոյթներին եւ Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագրի 11րդ կէտի պահանջներին:
Սահմանադրական դատարանն անհրաժեշտ է համարել, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան կողմից ձեռնարկուող քայլերը՝ նախատեսուող պարտաւորութիւնների ստանձնման եւ դրանց կատարումն անհրաժեշտ օրէնսդրական ու կառուցակարգային երաշխիքներով ապահովելու ուղղութեամբ, ներդաշնակ լինեն դատարանի որոշման մէջ ներկայացուած իրաւական դիրքորոշումներին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ ամրագրուած սահմանադրական կարգի հիմնարար սկզբունքներին:
ՀՀ սահմանադրական դատարանը, հաշուի առնելով որոշման մէջ արտայայտած իրաւական դիրքորոշումները, գտել է որ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւնների զարգացման մասին» արձանագրութիւններում ամրագրուած պարտաւորութիւնները համապատասխանում են Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեանը:
Լուսանկարներ` Իննա Մխիթարեանի


