0 0
Read Time:1 Minute, 56 Second


Յ.  ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ

Պէյրութ

 

Բարձրահասակ, հմայիչ արտայայտութեամբ եւ նշաձեւ աչքերով աղջիկ մըն էր Սալման:

Կը զարմանամ, բայց միեւնոյն ատեն գիտեմ պատճառը, թէ այսպիսի աղջկայ մը ոչ մէկ երիտասարդ համարձակած էր մօտենալ, սիրոյ մասին խօսք մը ըսել, ժամադրութիւն ուզել, ձեռքը խնդրել:

Երբեմն կեցուածք ունեցող եւ լուրջ աղջիկ մը դիմացինին մէջ յարգանք կը յառաջացնէ իրեն հանդէպ եւ անոր համարձակութիւնը կը զսպէ:

Ուրեմն աչքերէ հեռու պահուած գանձի մը նման էր Սալման, ժիր ու աշխոյժ, լաւատես՝ կեանքին հանդէպ, սիրտը յուսով լի, թէ իր ասպետը օր մը անպայման պիտի գար: Իսկապէս արժանի էր Սալման, որովհետեւ լաւ մայր ըլլալու բոլոր տուեալները ունէր:

Բայց որովհետեւ կեանքի մէջ բախտը մեծ դեր ունի, Սալման զոհ գացած էր անոր ու կեանքէն իր իրաւունքը առանց առնելու կամաց-կամաց սկսած էր մեծնալ, բայց զարմանալիօրէն աչքերուն գրաւչութիւնը չէր կորսնցուցած: Օրէ օր աւելի կը փայլէին ու կը գեղեցկանային Սալմային աչքերը: Ամենէն ուրախ եւ երջանիկ օրս պիտի ըլլար այն օրը, երբ Սալման կեանքի ընկեր մը գտնէր, ամուսնանար ու մայր դառնար: Իսկ ես քոյր չունենալով Սալման քոյր սեպած էի ինծի եւ ամէն բարիք ցանկացած էի անոր:

Հասաւ այդ երջանիկ օրը: Ամբողջ թաղը ուրախ էր: Սալմային փեսան եկած էր օտար երկրէ. պիտի պսակուէին ու մեկնէին, իրենց ընտանեկան բոյնը կազմելու:

Ուրախացայ եղբօր մը պէս: Երջանկացայ հօր մը պէս: Հանգստացայ այս ուրախ լուրը առնելով եւ անձայն, սրտիս խորքէն ամէն բարիք ցանկացի կրկին Սալմային:

Մեկնեցաւ:

Ու մենք՝ թաղեցիներս կորսնցուցինք գեղեցկուհի մը, իտէալ աղջիկ մը եւ մանաւանդ՝ պարկեշտ թաղեցի մը:

Տարիներ ետք, երբ արդէն քսան տարի աւելի մեծցած էի, ճամբան պատահմամբ հանդիպեցայ ինծի ծանօթ Սալմային: Ինքն ալ մեծցած, հիւծած ու նիհարցած էր: Բայց աչքերուն գրաւչութիւնը զարմանալիօրէն մնացած էր նոյնը: Բարեւեցինք զիրար տաք ժպիտով, խօսեցանք, հարցուցի ընտանիքին մասին: Տխուր լուրեր տուաւ.

  • Տարի մը կ’ընէ որ հոս եմ զաւկիս հետ, գիւղը՝ հօրս տունը կը բնակիմ: Հրամմէ՛, օր մը ծանօթացիր տղուս:

Գացի ու ծանօթացայ որբ տղուն: Սալմային կը նմանէր: Նոյն բարի դէմքը: Սալման մանրամասնօրէն պատմեց իր ամուսնութեան տարիներուն պատահած դժբախտութիւններուն մասին, ու սիրտս ցաւած՝ մեկնեցայ:

Չեմ ուզեր հոս Սալմային սրտաճմլիկ պատմութիւնը ընել, խնայելու համար ընթերցողին կսկիծ ու ցաւ:

Կեանքի մէջ ամէն բանի պատրաստ պէտք է ըլլալ: Բայց Սալման այդքանին արժանի չէր: Երբեք արժանի չէր: Ոչ ալ՝ քաղցկեղէ տառապած իր ամուսինը: Մեր հանդիպման օրը այսօրուայ պէս կը յիշեմ. ան գովեստով կը խօսէր իր հանգուցեալ ամուսնոյն մասին:

Տարիներով իր ամուսնոյն առողջութեան սպասած Սալման, պարտուած  հոգեկանով, բայց մխիթարուած՝ իր ամուսնէն յիշատակ մնացած զաւակով, ժպիտը փորձեց վերադարձնել իր տխուր դէմքին:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles