ՍԱ­ՖԱ­ՐՈ­ՎԻ ԱԶԱՏ ԱՐ­ՁԱԿ­ՄԱՆ ԱՐ­ԴԻՒՆՔ` ԲՈ­ՂՈՔ ԵՒ ՑՈՅՑ

0 0
Read Time:15 Minute, 10 Second

 ԵՐԵ­ՒԱՆ (Ար­մենփ­րես, Ազա­տու­թիւն, Եր­կիր, Թերթ).- Անց­եալ շա­բա­թա­վեր­ջին, Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եան ար­տա­կարգ խորհր­դակ­ցու­թեան հրա­ւի­րեց Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­ւա­տար­մագր­ուած Մ.Ա.Կ.-ի ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու դես­պան­նե­րը ու Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը, եւ անոնց ներ­կա­յա­ցուց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան տե­սա­կէտն ու Հ.Հ. Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին այ­դօր ըն­դու­նած որո­շու­մը` իր պա­տի­ժը կրե­լու հա­մար Հուն­գար­իոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ Ռա­միլ Սա­ֆա­րո­վը գաղտ­նօ­րէն Ատր­պէյ­ճան տե­ղա­փո­խե­լու փաս­տին կա­պակ­ցու­թեամբ:

Նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եան դես­պան­նե­րուն յայտ­նած է հե­տեւ­եա­լը.

Ցա­ւօք, այ­սօր ար­տա­ռոց առի­թով ենք ձեզ հրա­ւի­րել նա­խա­գա­հի նստա­վայր: Ինչ­պէս գի­տէք, հայ սպայ Գուր­գէն Մար­գար­եա­նին սպա­նած ատրպէյճան­ցի զին­ծա­ռա­յո­ղը, Հուն­գար­իա­յի կող­մից վե­րա­դարձ­ուել է Ատրպէյճան: Եւ ինչ­պէս մենք նա­խազ­գու­շաց­նում էինք բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ, Ատր­պէյճա­նի նա­խա­գա­հի կող­մից ան­յա­պաղ նե­րում է շնորհ­ուել նրան:

Դա տե­ղի է ու­նե­ցել, քա­նի որ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան եւ ՆԱ­ԹՕի ան­դամ Հուն­գար­իա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը գոր­ծար­քի մէջ են մտել Ատրպէյճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րի հետ:

Չեմ ու­զում կրկին անդ­րա­դառ­նալ Գուր­գէն Մար­գար­եա­նի սպա­նու­թեան հան­գա­մանք­նե­րին. դրանք բո­լո­րին քաջ յայտ­նի են: Ինչ­պէս ցոյց տուեց դա­տա­վա­րու­թիւնը, այդ վայ­րա­գու­թիւնը տե­ղի էր ու­նե­ցել միայն այն պատ­ճա­ռով, որ Գուր­գէն Մար­գար­եա­նը հայ էր:

Այդ յան­ցա­գոր­ծու­թեան կա­տա­րու­մից ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ, ինչ­պէս Հուն­գար­իա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, այն­պէս էլ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան եւ ՆԱ­ԹՕի ան­դամ երկր­նե­րը` մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րը, մեզ անընդ­հատ յոր­դո­րում էին չքա­ղա­քա­կա­նաց­նել այս գոր­ծը: Մեզ անընդ­հատ յոր­դո­րում էին վստա­հել այդ կա­րե­ւոր դա­շին­քի ան­դամ հան­դի­սա­ցող Հուն­գար­իա­յի ար­դա­րա­դա­տու­թեա­նը:

Մենք ամե­նայն ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւում էինք ոճ­րա­գոր­ծի շուրջ բո­լոր զար­գա­ցում­նե­րին: Հուն­գար­իոյ նա­խա­գա­հի, խորհր­դա­րա­նի խօս­նա­կի, ար­տա­քին գոր­ծե­րի նա­խա­րա­րի, դես­պա­նի հետ մեր իւ­րա­քան­չիւր հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ այս հարցն ար­ծարծ­ուել է եւ մենք բա­զում ան­գամ ստա­ցել ենք հա­ւաստ­ի­ա­ցում­ներ, որ յան­ցա­գոր­ծի վե­րա­դար­ձը Ատրպէյճան կամ փո­խան­ցու­մը բա­ցառ­ւում է: Նոյնն են ասել մեր հար­ցում­նե­րին ի պա­տաս­խան Հուն­գար­իա­յի ար­տա­քին գե­րա­տես­չու­թիւ­նում եւ խորհր­դա­րա­նում վեր­ջին օրե­րի շփում­նե­րի ըն­թաց­քում: Տե­ղի ու­նե­ցած ուխ­տադ­րուժ զար­գա­ցում­նե­րի ար­դիւն­քում` մար­դաս­պա­նը յայտն­ուեց Պաք­ւում եւ ազա­տու­թեան մէջ:

Ինչ վե­րա­բե­րում է Ատրպէյճա­նին, ապա ես ոչինչ չու­նեմ ասե­լու: Ուղ­ղա­կի ոչինչ չու­նեմ ասե­լու: Այդ եր­կի­րը իր քայ­լե­րով խօ­սում է իր մա­սին, եւ ես չեմ որ դա պէտք է բա­ցատ­րեմ:

Պա­րո­նա՛յք եւ տիկ­նա՛յք դես­պան­ներ, իրենց այս հա­մա­տեղ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով Հուն­գար­իա­յի եւ Ատրպէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը դուռ բա­ցե­ցին նման յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րի կրկնու­թեան հա­մար: Այս որոշ­մամբ, նրանք ու­ղերձ են տա­լիս մար­դաս­պան­նե­րին: Նրանք այ­սու­հե­տեւ գի­տեն, որ էթ­նիկ կամ կրօ­նա­կան ատե­լու­թեան հո­ղի վրայ կա­տար­ուած սպա­նու­թիւնը կա­րող է ան­պա­տիժ մնալ:

ԵՍ ԴԱ ՀԱՆ­ԴՈՒՐ­ԺԵԼ ՉԵ՛Մ ԿԱ­ՐՈՂ: ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՀԱՆ­ՐԱ­ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆԸ ԴԱ ՀԱՆ­ԴՈՒՐ­ԺԵԼ ՉԻ՛ ԿԱ­ՐՈՂ: ՀԱՅ ԺՈ­ՂՈ­ՎՈՒՐ­ԴԸ ԴԱ ՉԻ ՆԵ­ՐԵ­ԼՈՒ:

Ես պաշ­տօ­նա­պէ՛ս յայ­տա­րա­րում եմ, որ այ­սօր մենք կա­սեց­նում ենք Հուն­գար­իոյ հետ դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ բո­լոր պաշ­տօ­նա­կան կա­պե­րը:

Մենք ակն­կա­լում ենք մեր բո­լոր գոր­ծըն­կեր­նե­րի յստակ եւ մի­ան­շա­նակ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը այս դէպ­քի կա­պակ­ցու­թեամբ:

Այս ամէ­նը հան­դուր­ժող­նե­րը վա­ղը պա­տաս­խան են տա­լու պատ­մու­թեան առ­ջեւ:

Կէս-գոր­ծո­ղու­թիւն­ներն ու դա­տար­կա­խօ­սու­թիւն­նե­րը անըն­դու­նե­լի են:

Տե­ղի ու­նե­ցա­ծի հան­դէպ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րի հի­ման վրայ ենք մենք դա­տե­լու հայ ժո­ղովր­դի անվ­տան­գու­թեան հան­դէպ մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րի վե­րա­բեր­մուն­քի մա­սին:

Խնդրում եմ ձեզ ամե­նաշ­տապ կեր­պով փո­խան­ցել իմ այս անձ­նա­կան ու­ղեր­ձը ձեր պե­տու­թիւն­նե­րի ղե­կա­վար­նե­րին ու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րի ղե­կա­վար­նե­րին:

Այս­քա՛­նը: Չգի­տեմ, իմաստ ու­նի՞ հարց ու պա­տաս­խան սկսել, թէ ոչ: Կար­ծում եմ, որ` ո՛չ, որով­հե­տեւ, իրօ՛ք, տե­ղի ու­նե­ցա­ծը մի այն­պի­սի բան է, որ նոր­մալ մար­դու, նոր­մալ գործ­չի ու­ղե­ղի մէջ շատ մեծ դժուա­րու­թեամբ կա­րող է տե­ղա­ւոր­ուել: Չեմ ու­զում աւե­լորդ բա­ռեր ասել, բայց զար­գա­ցած եր­կի­րը, իրեն քա­ղա­քա­կիրթ հա­մա­րող եր­կի­րը իրա­ւունք չու­նի՛ այս­պէս վար­ուե­լու, եւ այդ­պի­սի եր­կիրն ար­ժա­նի է իր գոր­ծըն­կեր­նե­րի գնա­հա­տա­կա­նին“: Ապա նա­խա­գա­հը,

Հ.Հ. Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի նիստ մը հրա­ւի­րեց, որուն ըն­թաց­քին քննուե­ցան ոճ­րա­գործ Ռա­միլ Սա­ֆա­րո­վի ազատ ար­ձակ­ման լոյ­սին տակ` Հա­յաս­տա­նի կա­տա­րե­լիք հա­կազ­դող քայ­լե­րը:

Առա­ջին հեր­թին, իբ­րեւ առա­ջին քայլ` Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րին եւ զին­ուած ու­ժե­րու գլխա­ւոր շտա­պի պե­տին կող­մէ բարձ­րաց­ուած է հայ­կա­կան զօր­քե­րու զօ­րա­շար­ժի մա­կար­դա­կը:

Այս գծով, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թեան պետ Գո­րիկ Յա­կոբ­եա­նին տրուած է յա­տուկ յանձ­նա­րա­րու­թիւն:

Որոշ­ուե­ցաւ նա­եւ ԵԱՀԿ Մինս­քի խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն բո­ղո­քի նա­մակ­ներ ուղ­ղել: Հա­մա­պա­տաս­խան ցուց­մունք­ներ  տրուե­ցան նա­եւ Հա­յաս­տա­նի դիւա­նա­գի­տա­կան բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն:

Նա­եւ, նա­խա­գա­հը ան­ձամբ կապ հաս­տա­տած է Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան, Ռամ­կա­վար Ազա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան եւ Սոց­ի­ալ-Դե­մոկ­րատ Հնչակ­եան կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար­նե­րուն հետ: Նա­խա­գահ Սարգս­եան ար­տա­յայ­տած է իր հա­մո­զու­մը այն մա­սին, որ սփիւռ­քա­հա­յու­թիւնը նոյն­պէս պէ՛տք է գնա­հա­տա­կան տայ կա­տար­ուա­ծին, իսկ Հուն­գար­իոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պէ՛տք է գի­տակ­ցին, թէ կո­պիտ սխալ մը գոր­ծած են: Հա­յու­թիւնը պէտք է հա­մա­պա­տաս­խան կեր­պով ար­ձա­գան­գէ այդ պա­տա­հա­ծին:

Միւս կող­մէ, Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սա­ֆար Ապի­եւ գնդա­պե­տի կո­չում շնոր­հեց մար­դաս­պան Սա­ֆա­րո­վին եւ վե­րա­կանգ­նեց անոր պաշ­տօ­նը իբ­րեւ  ազե­րի բա­նա­կի սպայ: Ըն­դու­նե­լով Սա­ֆա­րո­վը, ան շնոր­հա­ւո­րեց զայն հայ­րե­նիք վե­րա­դառ­նա­լու եւ երկ­րի նա­խա­գահ Իլ­համ Ալի­ե­ւի կող­մէ ներ­ման ար­ժա­նա­նա­լու առի­թով, անոր շնոր­հեց գնդա­պե­տի կո­չու­մը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց զի­նուո­րա­կան մար­զին մէջ հե­տա­գայ գոր­ծու­նէ­ու­թեան ըն­թաց­քին:

Ռա­միլ Սա­ֆա­րով զրու­ցեց լրագ­րող­նե­րուն հետ: Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, թէ ի՛նչ կը զգար այն օրը, երբ սպան­նեց Գուր­գէն Մար­գար­եա­նը,  Սա­ֆա­րով ըսաւ թէ չի փա­փա­քիր ետ նա­յիլ եւ վեր­յի­շել այդ օրը:

Հուն­գար­իոյ մէջ, Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պան Վի­լա­յաթ Կու­լի­եւ ըսաւ, որ Սա­ֆա­րո­վը Ատր­պէյ­ճան վե­րա­դարձ­նե­լու խնդի­րը մէկ օր­ուան մէջ չէր լուծ­ուած: Մենք ամիս­ներ շա­րու­նակ աշ­խա­տած ենք այդ ուղ­ղու­թեամբ: Ար­տա­յանձ­նու­մի հո­լո­վոյ­թը սկիզ­բէն մին­չեւ վերջ իրա­կա­նաց­ուած է Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ալի­ե­ւի կար­գադ­րու­թեամբ, ըսաւ դես­պա­նը:

Մի­ջազ­գա­յին բազ­մա­թիւ լրատ­ուա­մի­ջոց­ներ, ինչ­պէս` Նիւ Եորք Թայմզ, Ուա­շինկ­թըն Փոսթ, Վոյս աֆ Ամե­րի­քա, Եու­րո­նիուզ, Պի.Պի.Սի. եւ ու­րիշ­ներ անդ­րա­դար­ձան Սա­ֆա­րո­վի ազատ ար­ձակ­ման եւ ատոր յա­ջոր­դած բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րուն: Ռոյ­թըրզ կը յի­շեց­նէ, որ շա­բաթ օր Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եան  երկ­րին մէջ գոր­ծող դիւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու հան­դի­պում ու­նե­ցած է եւ յայտ­նած, որ Հա­յաս­տան Հուն­գար­իոյ հետ իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կա­սե­ցու­ցած է:

Ֆրան­սա­կան Ա.Ֆ.Փ. գոր­ծա­կա­լու­թիւնը կը գրէ, որ հա­րիւ­րա­ւոր մար­դիկ բո­ղո­քի ցոյց կազ­մա­կեր­պած էին Երե­ւա­նի մէջ Հուն­գար­իոյ հիւ­պա­տո­սա­րա­նին մօտ` բո­ղո­քե­լով հայ զի­նուո­րը սպան­նած ատր­պէյ­ճան­ցին հայ­րե­նիք ու­ղար­կե­լու քայ­լին դէմ, ուր ան ան­մի­ջա­պէս նե­րում ստա­ցած էր:

Պի.Պի.Սի. կը հա­ղոր­դէ, որ Սա­ֆա­րո­վի ազատ ար­ձա­կու­մէն ետք Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ հա­մա­ցան­ցա­յին պա­տե­րազմ սկսած է: Հայ հա­մա­կարգ­չա­հէն­նե­րը յա­ջո­ղած են քան­դել Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջը եւ շարք մը հե­ղի­նա­կա­ւոր լրատ­ուա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու կայ­քէ­ջե­րը: Թուրք­իոյ Հիւր­րի­յէթ Ատր­պէյ­ճան մէկ զի­նուո­րի հա­մար երեք միլ­ի­առ տո­լար վճա­րած է խո­րա­գի­րով յայտ­նած է, որ Հա­յաս­տա­նի պնդու­մով Ատր­պէյ­ճան Հուն­գար­իոյ հետ գաղտ­նի բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րած է եւ Սա­ֆա­րո­վի ազատ ար­ձակ­ման դի­մաց 3 միլ­ի­առ տո­լար վճա­րած:

Սի.Էն.Էն.Թիւրք իր յօդ­ուա­ծը վեր­նագ­րած է այս­պէս. Կաց­նա­յին ոճի­րը խզած է Հա­յաս­տա­նի եւ Հուն­գար­իոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Լրատ­ուա­մի­ջո­ցը կը տե­ղե­կաց­նէ, որ հուն­գա­րա­կան բան­տի մը մէջ ութ տա­րի ան­ցու­ցած մար­դաս­պա­նը Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ սի­րով ըն­դու­նած են:

Փա­րի­զի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քի խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը եւ ԵԱՀԿ-ի գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Քասփր­չիք հան­դի­պում ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­ներ Էդ­ուարդ Նալ­պանտ­եա­նի եւ Էլ­մար Մա­մետ­եա­րո­վի հետ` քննար­կե­լու շրջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած վեր­ջին իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը:

Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը տա­րա­ծած են յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, որուն հա­մա­ձայն, նա­խա­րար­նե­րուն հետ քննար­կած են Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ հա­յազ­գի սպայ Գուր­գէն Մար­գար­եա­նը կա­ցի­նա­հա­րած Ռա­միլ Սա­ֆա­րո­վին նե­րում շնոր­հե­լու փաս­տը:

Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը իրենց խո­րին ան­հանգս­տու­թիւնն ու ափ­սո­սան­քը յայտ­նած են այդ առն­չու­թեամբ` նշե­լով, որ Սա­ֆա­րո­վին ներ­ման շնոր­հու­մը բա­ցա­սա­բար պի­տի անդ­րա­դառ­նայ 2 կո­ղմե­րուն մի­ջեւ խա­ղա­ղու­թեան ամ­րապնդ­ման ուղղ­ուած հո­լո­վոյ­թի եւ փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի հաս­տատ­ման վրայ:

 

ՀՈՒՆ­ԳԱՐ­ԻՈՅ

ԿԱ­ՌԱ­ՎԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆԸ

ԿԸ ՀԵՐ­ՔԷ

Հուն­գար­իոյ կա­ռա­վա­րու­թիւնը հեր­քած է այն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը, թէ Ռա­միլ Սա­ֆա­րո­վը Ատր­պէյ­ճա­նին ար­տա­յանձ­նե­լու հա­մար Պաք­ուի եւ Պու­տա­փեշ­թի մի­ջեւ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է:

Հուն­գար­իոյ վար­չա­պե­տի մամ­լոյ քար­տու­ղար Փի­թըր Սի­ար­թօ հուն­գա­րա­կան պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յան­նե­րէն մէ­կուն յայ­տա­րա­րած է, որ այդ հո­լո­վոյ­թը կա­տար­ուած է մի­ջազ­գա­յին օրէնսդ­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան: Փո­խան­ցու­մը, որուն պատ­ճա­ռով Հա­յաս­տան Հուն­գար­իոյ հետ դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կա­սե­ցու­ցած է, որով­հե­տեւ իր քա­ղա­քա­ցի Գուր­գէն Մար­գար­եա­նը գա­զա­նա­բար սպանն­ուած էր ատր­պէյ­ճանցիի կող­մէ, իրա­կա­նաց­ուած է թա­փան­ցիկ` հա­մա­ձայն Սթրազ­պուր­կի հա­մա­ձայ­նու­թեան, ըսած է վար­չա­պե­տի մամ­լոյ քար­տու­ղա­րը:

Անդ­րա­դառ­նա­լով որոշ լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու այն պնդում­նե­րուն, թէ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը Ռա­միլ Սա­ֆա­րո­վը ար­տա­յանձ­նե­լու հա­մար քա­նի մը միլ­ի­առ տո­լա­րի ներդ­րում­ներ խոս­տա­ցած է, ան այդ մէ­կը վառ երե­ւա­կա­յու­թիւն որա­կած է եւ յայ­տա­րա­րած, որ ներդ­րում­նե­րու վե­րա­բեր­եալ որե­ւէ հա­մա­ձայ­նու­թիւն չէ գո­յա­ցած:

Միւս կող­մէ Հուն­գար­իոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Ժոլթ Նե­մեթ Պու­տա­փեշ­թի մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցած է Հուն­գար­իոյ մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պան Վի­լա­յաթ Կու­լի­ե­ւի հետ: Հուն­գար­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նին յանձ­նած է դիւա­նա­գի­տա­կան գրու­թիւն մը, որուն մէջ Հուն­գար­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը իր ան­հանգս­տու­թիւնը կը յայտ­նէ այն հար­ցին նկատ­մամբ, որ Սա­ֆա­րով իր պա­տի­ժը պի­տի չկրէ:

Հուն­գա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն արար­քը դա­տա­պար­տող յայ­տա­րա­րու­թիւն կա­տա­րած է նա­եւ Տո­րոք քա­ղա­քի քա­ղա­քա­պետ Եա­նոշ Թիթ­ման: Ան հան­քա­փո­րե­րու օր­ուան նուիր­ուած տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ձեռ­նար­կին ժա­մա­նակ խստիւ քննա­դա­տած է Հուն­գար­իոյ կա­ռա­վա­րու­թեան որո­շու­մը: Թիթ­ման յայ­տա­րա­րած է, որ հուն­գա­րա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւնը պէտք էր գի­տակ­ցէր, որ Սա­ֆա­րո­վը կրնար ան­մի­ջա­պէս ազատ ար­ձակ­ուիլ, եւ որ նման մար­դաս­պա­նը վե­րա­դարձ­նե­լը կրնայ լուրջ հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ Հուն­գար­իոյ հա­մար:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles