ՌՈՒՍԵՒԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ՝ ՄԻՆՉԵՒ ՆՈՅԵՄԲԵՐ 9

0 0
Read Time:4 Minute, 39 Second

Ա.Ա.

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Դեկտեմբեր 17, 2015-ի տարեկան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց։« Շատ դժուար եւ նոյնիսկ անկարելի է, ինչպէս կը տեսնէք, համաձայն գտնուիլ Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն հետ, ինչպէս մեր փորձառութիւնը ատիկա կ՛ապացուցէ։ Եւ նոյնիսկ երբ մենք այո՛ ըսենք թուրքերուն, կը դաշունահարուինք մեր կողքէն կամ կռնակէն, մեզի համար անհասկնալի պատճառներով»։
Փութինի կատարած այս բնութագրումը բացառիկ մեկնաբանութիւն մըն է ռուսեւթրքական յարաբերութիւններուն մասին, որոնք առնուազն երկու հարիւր տարուան բաւական փոթորկալից պատմութիւն մը ունին՝ ռազմական, դիւանագիտական, մշակութային, առեւտրատնտեսական թէ այլ մարզերու մէջ եւ որոնք գլխաւոր երեք բաժիններու պէտք է բաժնել։ Կայսրութիւններու եւ Առաջին աշխարհամարտի շրջան, Պաղ պատերազմեան եւ յետ պաղ պատերազմեան շրջաններ։
Օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւններուն միջեւ տասնհինգ պատերազմներ մղուած են եւ ուժերու հաւասարակշռութեան խախտումները յաճախ յօգուտ Ռուսիոյ են։ Բաւական նշանակալից հոլովոյթ ունին այս շրջանի ռուսեւթրքական յարաբերութիւնները, նկատի ունենալով, որ ցարական Ռուսիոյ ռազմաքաղաքական ծիրը ուղղակի բախման մէջ կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան տարածքներէն ամէնէն խնդրայարոյցին՝ Արեւմտեան Հայաստանի պարագային։Բախումներու, ետդարձերու, դիւանագիտական խուսանաւումներու, սիրալիր յարաբերութիւններու քողին տակ՝ շահերու հետապնդման վայրագ դրսեւորումներու դրուագներով լեցուն է այս ժամանակաշրջանը։ Մինչդեռ Համաշխարհային առաջին պատերազմին տարբեր խրամատներու մէջ գտնուող՝ Թուրքիա եւ Ռուսիա, պատերազմին աւարտով, բացառիկ գործակցութեան հանգրուան մը կը մտնէին։ Ռուսերը` թեւ ու թիկունք ըլլալով Աթաթուրքի, օժանդակեցին որպէսզի Ազգային Անկախութեան Թրքական Պատերազմը՝ 1919էն մինչեւ 1922, յաղթանակով պսակուի եւ որուն իբրեւ արդիւնք ծնունդ կ՛առնէր Թուրքիոյ հանրապետութիւնը։ Բազմաթիւ պատմաբաններ համակարծիք են, թէ համայնավարներուն հոսեցուցած ոսկիներուն եւ զէնքերուն շնորհիւ է, որ Աթաթուրք յաղթանակներ արձանագրեց, նոյնիսկ դարձաւ այնքան ուժեղ, որ մերժեց 1920ին կնքուած Սեւրի դաշնագիրը, հակառակ անոր որ սուլթան Մեհմէտ Վահտէտտին վեցերորդի օրինական իշխանութիւնները համամիտ գտնուած էին Սեւրի պայմաններուն։
Թուրքիոյ նկատմամբ ռուսական այս խոր հետաքրքրութիւնն ու բարիացակամութիւնը ունի իր գլխաւոր եւ երկրորդական պատճառները, որոնց գումարն է, որ Մոսկուայի իշխանութիւնները միշտ մղած է առաւել կամ նուազ չափով, ըստ պահանջի, զարգացումներու եւ իրադրութիւններու, բարելաւելու, պահպանելու, կամ որոշ չափով ալ հակադրուելու Անգարայի։Այս պատճառներուն մէջ առանցքային են Ոսփորն ու Տարտանելը, որոնք Մեծն Պետրոսի օրերէն իսկ մնայուն ուշադրութեան առարկայ են, եւ որոնք ռուսական թէ՛ պատերազմական եւ թէ՛ առեւտրական նաւատորմերը Միջերկրականեան տաք ջուրեր առաջնորդելու ջրային դարպասներ են։ Անգարա շատ լաւ հասկցած ու ըմբռնած է Ոսփորի եւ Տարտանելի ներկայացուցած կարեւորութիւնը եւ զանոնք վերածած՝ յուսալի խաղաքարտերու, յատկապէս Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ։
Մինչ այդ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք սկսած Պաղ Պատերազմին ամբողջ տեւողութեան Թուրքիա մնաց հակառուսական խրամատին մէջ, նախ 1952ին անդամագրուելով ՆԱԹՕ-ի, ապա ստանձնելով Խորհրդային Միութեան դէմ ճակատային առաջատար դիրքը, որ բաւական պիտի ամրացնէր Թուրքիոյ թէ՛ ռազմաքաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական կարողականութիւնները, որովհետեւ նիւթական եւ այլ բնոյթի աջակցութիւնները դարձեալ պիտի հոսէին, իբրեւ վարձատրութիւն խորհրդայիններուն անմիջական վտանգին դէմ դնող եւ Արեւմտեան աշխարհը առաջին ճակատային գիծերուն վրայ պաշտպանող Թուրքիոյ «նուիրում»ին։
Պաղ պատերազմէն ետք է, որ խաղին կանոնները սկսան դանդաղօրէն փոխուիլ։ Թուրքիոյ մէջ նախ ընթացք առաւ քաղաքական հոլովոյթ մը, որուն իբրեւ արդիւնք երկրին ղեկը իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած բանակին նոյնքան ազդեցիկ եւ ուժեղ զօրավարները կորսնցուցին իրենց ուժն ու հեղինակութիւնը, որովհետեւ պատերը փուլ եկած էին եւ այլեւս կարիքը չկար նախկին Խորհրդային Միութեան դէմ դնող արբանեակներու։ Թրքական բանակին զօրավարները երկիրը կը կառավարէին արեւմտեան արբանեակային գաղափարախօսութեամբ եւ համոզումներով։ Հետեւաբար անոնց կարիքը եւ օգտակարութիւնը չկար, որովհետեւ չքացած էր պատճառը՝ Խորհրդային Միութիւնը։
Յետխորհրդային ժամանակաշրջանի ռուսեւթրքական յարաբերութիւններուն գլխագիր իրագործումները անշուշտ արձանագրուեցան Սուրիոյ մէջ, ուր բաւական պարանաձգութիւններէ, լարուածութենէ եւ նոյնիսկ ռուսական կործանիչի մը հարուածէն ետք, յարաբերութիւնները վերադարձան իրենց բնական հունին, որովհետեւ խաղին կանոններուն վերադարսաւորմամբ, թէ՛ Ռուսիա, եւ թէ՛ Թուրքիա ստացան իրենց ակնկալած արդիւնքը։ Ռուսերը յաջողեցան ճեղքել ՆԱԹՕ-ի պատնէշները եւ Էս- 400 հրթիռներու համակարգերը վաճառել Թուրքիոյ, իսկ Անգարա տիրացաւ իր շատոնց փայփայած երազը իրականացած տեսնելու մրցանակին։Հարաւային Կովկասեան շրջանին մէջ ռազմաքաղաքական դերակատարութիւն մը, որուն հետեւանքները ազգովին ապրեցանք։
Յատկապէս Հարաւային Կովկասեան ընդհանուր իրավիճակին այսօրուան տուեալները մտածել կու տան, որ ռուսեւթրքական հասկացողութիւնները, դերերու վերաբաշխումը, բաժնեկցութիւնն ու ծիրերու ընդգծումները ինչ տարողութիւններ ստացած են։Երբ օրինակի համար, Արցախի դէմ թուրքեւատրպէյճանական ճակատին կողմէ շղթայազերծուած պատերազմին առաջին իսկ օրերուն անժխտելի ապացոյցներ երեւան եկան՝ Թուրքիոյ կողմէ սուրիացի վարձկաններու զինուորագրութեան մասին, միակ գլխաւոր հարցումը առնչուեցաւ Ռուսիոյ դերակատարութեան։ Կրնա՞ր ըլլալ, որ Մոսկուա տեղեակ չէր,որ ահաբեկիչներ Հարաւային Կովկաս կը փոխադրուին։Հարցումը ստացաւ իր պատասխանը։ Մոսկուա պարզապէս յարգելով դիւանագիտական առնչութիւնները, յայտարարեց եւ մտահոգութիւն յայտնեց վարձկան ահաբեկիչներու արցախեան պատերազմին մասնակցութեան վերաբերեալ։ Այսքան։ Միայն երբ կուտակումները առաւել սաստկացան, ռուսական ռմբաձիգներ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ ռմբակոծեցին վարձկան ահաբեկիչներու մարզակայաններէն մին՝ հարիւրէ աւելի ահաբեկիչներ սպաննելով։Ասիկա սակայն բնաւ բաւարար քայլ մը չէր՝ արցախեան ճակատներու վրայ կռուող վարձկաններու վտանգը չէզոքացնելու համար։ Իսկ եռակողմ համաձայնութեան ստորագրումէն երկու օր ետք՝ տասնմէկ նոյեմբերին ռուսեւթրքական հասկացողութեան եւ քաղաքական շահերու միջեւ որոշ համակարգման բաւական ցայտուն ապացոյց մը եղաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադուլի վերահսկողութեան ռուսեւթրքական կեդրոնի մը մասին յուշագիրը։ Այս կեդրոնին մասին խօսք անգամ չկայ եռակողմ համաձայնութեան մէջ, որուն հինգերորդ կէտին մէջ կ՛ըսուի, որ զինադուլի վերահսկողութեան կեդրոն մը պիտի հաստատուի։ Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ այդ կեդրոնին մաս պիտի կազմեն նաեւ թուրքերը, անշուշտ ռուսերուն ամբողջական գիտակցութեամբ եւ հաւանութեամբ։
Այլ խնդիր մըն է թրքական անկախ կեդրոն մը բանեցնելու Անգարայի պահանջը, որ ցարդ ռուսական մերժողական կեցուածքին արժանացած է։ Թուրքերը կը ջանան անկախ կեդրոնի մը ընդմէջէն Ազրպէյճանական հողամասերու մէջ ամրապնդել իրենց ներկայութիւնը, որովհետեւ Սահմանէն անդին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ թրքական պաշտօնական ներկայութիւնը երկար ժամանակի վրայ առաւել յոյս կը ներշնչէ համաթուրանականութեան տարածման եւ ստեղծման թրքական երազը իրականացնելու իմաստով։
Նկատի ունենալով բոլոր հանգամանքները եւ զարգացումները, առաւել յստակ կը դառնայ, որ Ռուսիա – Թուրքիա գործակցութիւնը խորքային եւ բովանդակային իմաստով նոր հանգրուան թեւակոխած է՝ Սուրիայէն եւ Լիպիայէն ետք ահա տարածուելով նաեւ Հարաւային Կովկաս։ Հայկական ճակատը բնաւ միամտութիւն պէտք չէ դրսեւորէ, թէ օրը պիտի գայ եւ ռուսեւթրքական այս մեղրալուսինը ապահարզանով մը պիտի աւարտի։ Այդպէս չէ։ Խնդիրը կը վերաբերի նոր դրուածքներու եւ մօտեցումներու, որոնք մէկ կողմէ Ռուսիոյ համար խաղաքարտեր են՝ Թուրքիոյ միջոցով Արեւմուտքը նեղ կացութիւններու մատնելու համար, միւս կողմէ ալ Թուրքիոյ համար բացառիկ առիթ են՝ տարածուելու եւ քաղաքական ազդեցութեան աշխարհագրական ծիրը ընդարձակելու դէպի Կեդրոնական Ասիա եւ Ռուսիոյ իսլամ ու թրքացեղ ինքնավար հանրապետութիւններ։ Հայկական դիւանագիտութիւնը այս իմաստով լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, եթէ անշուշտ կարելի ըլլայ հակակշռի տակ առնել ներհայաստանեան իրավիճակը։ Եթէ կարելի չըլլայ, աղէտներ կը սպասեն հայութեան։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles