
ՓՐՈՎԻՏԵՆՍ․- Հոկտեմբեր 9-ին, աւելի քան 400 հայորդիներ հաւաքուած էին նահանգային պալատի մուտքին, զօրակցելով Արցախին: Անոնք Հայաստանի եւ Արցախի եռագոյն դրօշակներով ու պաստառներով արտայայտեցին իրենց ցասումը։ Նաեւ բարձրախօսով կատարուեցան Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւնները դատապարտող կարգախօսներ:
Հաւաքը կազմակերպած էր Փրովիտենսի «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնը, գործակցաբար շրջանի Հ․ Ե․ Դ․-ի «Վարանդեան» մասնաճիւղին։ Ներկայ էին նաեւ մարդկային իրաւունքներու համար պայաքարող երիտասարդներ եւ քիւրտեր։
Բացման խօսքը կատարեց Կարօ Թաշեան, որ շեշտեց թէ Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք եռամիասնութիւնն է յաղթանակի բանալին։ Տէրունական աղօթքէն ետք, Տալիտա Կէցոյեան եւ Ռաֆֆի Ռշտունի յաջորդաբար մեներգեցին Ա․Մ․Ն․-ի եւ Հայաստանի քայլերգները։
Ծերակուտական Ճէք Ռիտ եւ քոնկրէսական Տէյվիտ Սիսիլին եւ Ճիմ Լանկըվին իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին։ Իսկ պետական ներկայացուցիչ Քաթըրին Գազարեան շեշտեց, որ սփիւռքը պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ եւ աշխարհին ներկայացնել Արցախի հիմնահարցին իսկական պատկերը։
Ծերակուտական Ռիտ նշեց, թէ կարելի չէ ռազմական օժանդակութիւն կատարել Ատրպէյճանին։
«Մեր ուղղարկած ռազմական պիտոյքները կը գործածուին Արցախին դէմ», յայտնեց Ռիտ։
Քոնկրէսական Լանկըվին նշեց, թէ Միացեալ Նահանգները պէտք է աւելի մօտէն հետեւին այս պատահածին եւ ամէն գնով հաստատեն զինադադար։ «Պէտք է ընդհատել յատկապէս Լիպիայէն եւ Սուրիայէն ժամանած ահաբեկիչներու գործօն մասնակցութիւնը շրջանէն ներս», եզրակացուց ան։
Քոնկրէսական Սիսիլին կարեւորեց Արցախի մասնակցութիւնը, այս բանակցութիւններուն։
Ան աւելցուց, թէ Ռոտ Այլընտը եղած է առաջին նահանգը, որ ճանչցած է Արցախի հանրապետութիւնը։ «Արցախի բնակչութիւնը պէտք չէ որ զրկուի իր անկախութենէն։ Պէտք է, որ խաղաղ ապրի իր հողին վրայ», եզրակացուց ան, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով։
Շնորհակալութիւն յայտնելով պետական ներկայացուցիչներուն, յաջորդաբար խօսք առին «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Փօլ Հարոյեան եւ երիտասարդականի ներկայացուցիչ՝ Նարեկ Մկրտիչեան։
Հարոյեան շեշտեց, թէ յարատեւօրէն պէտք է պայքարիլ թշնամիին դէմ, որուն նախագահը՝ Իլհամ Ալիեւ իր իշխանութիւնը պահպանելու համար կը յենի քարիւղի վաճառքին, սեւ ոսկիի դիւանագիտութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ իշխանութեան ճնշումներուն վրայ: Քարիւղի սակերու վերջին անկումէն ետք Ատրպէյճանի տնտեսութիւնը եւս անկում կ՛ապրի, իսկ ազգային դրամանիշը արժեզրկուած է եւ դեռ աւելին երկրի քաղաքացիական հասարակութիւնը կը շարունակէ ընդդիմանալ լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու նկատմամբ վարչակարգի ոտնձգութիւններուն դէմ:
Նարեկ Մկրտիչեան երիտասարդութեան խօսքը փոխանցելով նշեց, թէ հաստատուած իրողութիւն է, որ ժամանակակից պատերազմները կը մղուին ռազմական զէնքերով եւ լրատու միջոցներով: Եթէ զէնքերն ու ռումբերը կեանքեր կը խլեն, քանդումներ կը պատճառեն, լրատու եւ քարոզչական միջոցները ուղեղներ կը լուան, հոգիներ կը խաթարեն: Վարձկան զինուորներու նման, որոնք առաջին դասալիքները կ՛ըլլան, կան վարձկան լրագրողներ եւ քաղաքական մեկնաբաններ, որոնց դէմ պայքարը նոյնքան կարեւոր է, որքան մարզադաշտին վրայ։
Աւարտին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին երգեցին Տալիտա Կէցոյեան եւ Ռաֆֆի Ռշտունի, նաեւ տոհմիկ պարերով ելոյթ ունեցաւ «Սայաթ Նովա» պարախումբը։