
Կիրակի, Մայիս 22-ին, յաւարտ Սուրբ պատարագի, տեղի ունեցաւ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրովիտէնս, Ռոտ Այլընտ) կիրակնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտից հանդիսութիւնը։ Այս տարուան շրջանաւարտները՝ Ալեքս Գոճոյեան եւ Ռոպըրթ Սթիվընս, Աստուածաշունչէն հատուած մը ընտրեցին, որ յատուկ նշանակութիւն ունի իրենց համար, եւ անդրադարձան անոր կարեւորութեան իրենց առօրեային մէջ։
Ուսուցիչներ Սթէյսի Խաչատուրեան եւ Ճէյսըն Սիմոնեան շնորհաւորեցին շրջանաւարտներն ու իրենց ընտանիքները։ Խաչատուրեան շեշտեց քրիստոնէական արժէքները պահպանելու կարեւորութիւնը արագօրէն փոխուող այս աշխարհին մէջ, իսկ Սիմոնեան յորդորեց շրջանաւարտներուն, որ շարունակեն զարգացնել իրենց հաւատքը եւ միշտ գործօն ըլլան եկեղեցւոյ ընտանիքին մէջ։ Շրջանաւարտները Հայոց Եկեղեցւոյ անդամ մնալու իրենց խոստումը կատարեցին, որմէ ետք ձեռնարկը փակուեցաւ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի օրհնութեան խօսքով։