Լրահոս

Ռոպէր Հատտէճեանի Հրաժեշտը

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6-ին, Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց Պոլսահայ գրող, «Մարմարա» օրաթերթին գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանը:
Ծնած՝ 20 Յունուար 1926-ին, ան ստացած է նախակրթութիւնը եւ երկրորդական ուսումը՝ տեղւոյն Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Պոլսոյ համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղի ուսանող՝ կը սկսի գրել, առաւելաբար պատմուածքներ, որոնք լոյս կը տեսնեն գրական մամուլին մէջ։

Որոշ շրջան մը աշխատած է հիւսուածեղէնի հսկայ գործարանի մը մէջ՝ իբրեւ ներկայացուցիչ: 1949-ին հրատարակած է իր առաջին գործը, որ թատրերգութիւն մըն է։ Ապա, ան լոյս կ’ընծայէ պատմուածքներու ժողովածոներ եւ քրոնիկային կամ գրական-վերլուծական երկեր։ Բոլորն ալ, մտածողական խորացումով, սակայն միշտ կենդանի ու իրապաշտ մօտեցումով, կը պատկերացնեն ներկայի աշխարհը, արդի կեանքը, մարդկային գոյութեան հարցականները, մարդկային յարաբերութիւնները։

«Սան» ու «Ճառագայթ» պարբերականներուն մէջ կը գրէ պատմուածքներ եւ յօդուածներ: 1967-ին կը ստանձնէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրի պաշտօնը ու կը դառնայ անոր բազմամեայ տնօրէն-խմբագրապետ։ Կ՛ունենայ հրապարակագրական պատկառելի վաստակ։

1981-ին, «Մարմարա» թերթին մէջ կը սկսի հրատարակել իր առօրեայ յօդուածները Յուշատետր անուան տակ։ 1983-ին կը հրատարակէ իր գլուխ-գործոցներէն՝ «Առաստաղ» վէպը։

«Հայրենիք»  խոր ցաւակցութիւնները կը  փոխանցէ «Մարմարա»-ի խմբագրութեան եւ ընտանեկան պարագաներուն։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button