Գլխաւոր
ՌԻՈՅԻ ՖԵՍԹԻՎԱԼԷՆ ԱՒԵԼԻ՛ ԳՐԱՒԻՉ…

2012 տարուան բացումէն կարճ ատեն ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրապայքարիֆեսթիվալին առաջին փուլին բացումը տեղի ունեցաւ` հանրապետական թեկնածուներու կողմէ բազմակողմանիմենամարտներու պաշտօնական շղթայազերծումով:
Ընտրական այս ֆեսթիվալը իրաւա՛մբ կարելի է նկատել… Ռիոյի ֆեսթիվալին մրցակիցը, այնտարբերութեամբ, որ հոս փողոցներու մէջ պարեր ու գունագեղ շքերթներ տեղի չեն ունենար, այլ մրցակիցներըպատկերասփիւռի պաստառներէն հանդէս կու գան իբրեւ ախոյեաններ, առանց ատրճանակի կամ բռունցքի`հակառակորդ(ներ)ը դիտապաստ գետին փռելու կիրքով:

