
26ամեայ Հուրի Կէպէշեան պիտի ներկայացնէ Հայաստանը, յառաջիկայ ամրան Ռիօ Տը Ժանէյրոյի մէջ կատարուելիք ողիմպիականներուն:
Արդարեւ, Ապրիլ 17ին, Պրազիլի Ռիօ տէ Ժաներօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մարմնամազի զտումի մրցումներուն ընթացքին, 21րդ դիրքը գրաւելով՝ Կէպէշեան իրաւունք ստացաւ, մասնակցելու Ողիմպիական խաղերուն։
Հուրի Կէպէշեան ծնած է Մասաչուսեց եւ զաւակն է Յակոբ Կէպէշեանի եւ Քրիսթին Աբրահամեանի: Ան 2012ին եւս փորձած էր Ողիմպիական խաղերուն հասնիլ, սակայն չէր յաջողած։
Ան իր սեփական ջանքերով կ՛իրագործէ դէպի ողիմպիականներ իր այս առաքելութիւնը, եւ Փետրուարէն ի վեր, «GoFundMe» համացանցային դրամահաւաքի կայքին միջոցաւ օժանդակութիւն կը ստանայ։