
ՌԻԿԱ.- Վերջերս, Լաթվիոյ մայրաքաղաքին մէջ, բացումը կատարուեցաւ «Երեւան» անունը կրող զբօսայգիին: Այս առթիւ, ժամանած էր Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, որ Ռիկայի քաղաքապետ Նիլ Ուշաքովի հետ կատարեց զբօսայգիին պաշտօնական բացումը:
Խօսք առնելով, Մարգարեան ըսաւ.- «Երեւանի եւ Ռիկայի միջեւ համագործակցութիւնը տարիների պատմութիւն ունի: Մեր երկու երկրների միջեւ բարեկամական եւ գործընկերային յարաբերութիւններն օր օրի զարգանում են, որի համատեքստում ամրապնդւում են մեր երկու քոյր քաղաքների կապերը: Ուրախալի է, որ այն իրականացւում է կոնկրէտ ծրագրերի միջոցով: Վստահ եմ, որ այս գեղեցիկ այգին, որը նախագծուած է հայկական եւ երեւանեան տարրերով, կը դառնայ ինչպէս Ռիկայի բնակիչների, այնպէս էլ մեր քոյր քաղաքի հիւրերի սիրուած վայրերից մէկը»: Նաեւ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախաձեռնութեան հեղինակներուն` նկատելով, որ ատիկա եւս մէկ վկայութիւնն է երկու քաղաքի միջեւ, հետզհետէ զարգացող բարեկամական յարաբերութիւններուն:
Իր կարգին, Ռիկայի քաղաքապետ Նիլ Ուշաքով շնորհակալութիւն յայտնեց Երեւանի քաղաքապետին ու Ռիկայի հայ համայնքին` զբօսայգիի կառուցումը իրականութիւն դարձնելու համար:
Ան յայտնեց թէ.- «Ռիկայի մէջ բացուած այս զբօսայգին իսկապէս մեծ նուէր է հանգիստի գօտիի հարեւանութեամբ ապրող տարբեր տարիքի բնակիչներուն համար: Անիկա նաեւ լաւագոյն խորհրդանիշներէն մէկն է երկու քաղաքի միջեւ ձեւաւորուած ամուր բարեկամութեան ու յաջողած համագործակցութեան»:
Երեւանի քաղաքապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը Լաթվիոյ մայրաքաղաք պաշտօնական այցի ծիրէն ներս, այցելեց նաեւ Ռիկայի Հայ առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: