Յօդուածներ

ՌԷԱԼՓՈԼԻԹԻՔԻ ԳՈՐԾՕՆԸ ԻՐ ԻՍԿԱԿԱՆ ԴԻՄԱԳԾՈՎ

 

Կարօ Արմենեան

Ուաշինկթըն

Յուլիս 6, 2026

Վարչապետ Նեթանիահուի կառավարութեան անակնկալ նախաձեռնութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում տալու բնականաբար ընթացք պիտի տար թեր ու դէմ գնահատականներու և տուաւ։ Իսրայէլեան քաղաքականութեան քառակուսի անիւը այս հարցի կապակցութեամբ յանկարծ որոշած էր դառնալ և բերել նոր օր իսրայէլեան իրականութեան…Նոր օ՞ր։ Իսկապէ՞ս։ Իրականութիւնը առայժմ այն է, որ Քնեսէթի մակարդակով առայժմ դեռ  ճանաչման գործընթացի որևէ յստակ տեղաշարժ գոյութիւն չունի։ Յստակ չէ նաև, թէ Քնեսէթի բանաձևը ի վերջոյ ի՞նչ բովանդակութիւն կրնայ ունենալ։ Առայժմ կը խօսուի կառավարութեան բանաձևին մասին, որ յստակ յղում չունի թուրք պետութեան պատասխանատւութեան՝ գործուած ցեղասպանական ոճիրին համար։ Հետևաբար առայժմ յստակ չէ նաև, թէ ո՞ւր կրնայ յանգիլ քաղաքական այս խաղը Վարչապետ Նեթանիահուի ամէնօրեայ խաղարկումներով։

Կարևորը այն է, որ Նեթանիահու արդէն իսկ ձեռք բերած է նշանակալի առաւելութիւն մը իր այս նախաձեռնութեամբ։ Ան շատ ճիշտ թիրախաւորած է (նաև) իր այս մարտավարութիւնը և որուն արդիւնքը արդէն տեսանելի է։ Իր այս նախաձեռնութեամբ, ան կրցաւ յաջողապէս խառնել խաղաքարտերը Հարաւային Կովկասի մէջ և նոր իրավիճակ ստեղծել Թուրքիոյ համար մղելով Էրտողանը ինքնապաշտպանական ձախաւեր ելոյթներու։ Ան Էրտողանին մատնացոյց ըրաւ իր աքիլլէսի կրունկը Կովկասեան տարածաշրջանի գործերուն մէջ։ Ան նաև ցոյց տուաւ, ի տես աշխարհակարգի ուժերուն, որ Էրտողան միակ խաղացողը չէ Կովկասի բեմին վրայ կարծեցեալ յաղթաթուղթերու իր «ձեռք»-ով…(Յաւակնութի՛ւն՝ որուն վրայ մեծ գրաւ մը դրած է Թուրքիան այս օրերուն)։  Եւ վերջապէս Նեթանիահու յիշեցման կոկիկ թուղթ մը ուղարկեց հայկական կողմին զգացնել տալու յստակ միտումով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դատը դեռևս դիւրաւ խաղարկելի ոլորտ է  Իսրայէլի համար, երբ հարցը կը վերաբերի յիշեալ դատի միջազգայնացման գործընթացներուն։ Ան կրցաւ ռոպէական հարցադրումներ ստեղծել հայկական կողմի ներքին ոլորտին մէջ։

Advertisement Subscribe Today

Փաստը այն է, որ յանկարծ Իսրայէլեան նախաձեռնութիւնը «պաշտպան»-ներ ունի մեր խաղաբեմին վրայ։ Որոշ թի՛ւ մը դիտողներու՝ որոնք պատրաստ են անտեսելու Իսրայէլի վիրաւոր վիճակացոյցը այս մարզին մէջ և ըսելու, որ Իսրայէլեան աքթը ինքնին արժէք է և զայն պէտք չէ պղտորել այլևայլ  յետին մտքերով։ Որո՜ւն հոգը՝ եթէ Նեթանիահու նման քայլի մը կը դիմէ Իսրայէլի նեղ հաշիւներէն դրդուած և զուտ ռէալփոլիթիքի հաշուարկներով։ Ի վերջոյ ո՞վ չէ «մեղանչած» այս մարզին մէջ։ Մեզի համար կարևորը այն է, որ Իսրայէլ պաշտօնապէս ճանչնայ Ցեղասպանութեան փաստը։ Կարևորը հանրագումարն (bottom line) է և վե՛րջ։

Յստակութեան սիրոյն, հաստատենք ի յառաջագունէ, որ ռէալփոլիթիքի գործօնը անբաժանելի մասն է այս քաղաքականութեան։ Այս հարցը վիճելի չէ և չի կրնար ըլլալ։  Թէև դատին հետապնդման ստորոգելիները շատ աւելի բարդ են միշտ քան սոսկ ռէալփոլիթիքը՝ ի՛նք։ Յամենայն դէպս ներկայ պարագային հարցը ռէալփոլիթիքը չէ բնաւ։

Մեր առջև դրուած է շատ աւելի մեծ խնդիր մը, որուն հետ պարտաւոր ենք հաշուի նստելու։

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔԻ ՎԵՐԱԾՈՂԸ, ԱՅՍ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ, ՈՉ ԱՅԼ ՈՔ Է, ՔԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆԸ ՝ Ի՛ՆՔ։ ԵՒ ԱՅԴ ՄԷԿԸ ՀՆԱՐԱՒՈՐ ՉԷ ԱՌԿԱԽՄԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵԼ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՃԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ։ ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂԻՂ  ԴԵՐԱԿԱՏԱՐ Է ԱՐՑԱԽԻ ԴԷՄ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ ԿԱՐԵԼԻ ԴԱՐՁՆՈՂ ՈՃՐԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՆԵՐՈՒՆ։ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻ՛ՒՆ՝ ՈՐ ԻՐ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՒԱԿ ԴԱՐՁՈՒՑԱԾ Է ԿԱԶԱՆ, ԻՐԱՆԸ, ԼԻԲԱՆԱՆԸ, ՍՈՒՐԻԱՆ։ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻ՛ՒՆ՝ ՈՐ, ԻՆՉՊԷՍ ԻՐ ՆԱԽՈՐԴ ՆԵՐԸ, ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆՕՐԷՆ ԳՈՐԾԱԿՑԱԾ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ԳՈՐԾԸ ԽԱՓԱՆԵԼՈՒ ԲԱՑԱՅԱՅՏ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ։ ԱՆ ԵՂԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՐԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ԱՌԱՋԱՏԱՐ ՈՒԺԸ, ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՔԻՆ, ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԻ ԲՈԼՈՐ ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԵՄԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ։

Այս բոլորը կարելի չէ անտեսել։ Կարելի չէ անոնց նշանակութիւնը փոքրացնել։ Անոնք անօտարելի մասն են ընդհանուր հաւասարութեան։ Մենք պարտաւոր ենք հարց տալու, թէ Նեթանիահուի այս նախաձեռնութեամբ ի՞նչ նոր ձևաւորումներու կ՚ենթարկուի հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան կնճռոտ հարցը։ Մէկ բան յստակ է։ Երբ Նեթանիահու յանկարծ ձեռք կ՚առնէ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործը, պիտի անպայման ստուգել, թէ կողոպուտի ո՞ր տեսակին զոհն ենք դառնալու որպէս հետևանք…Պիտի ստուգել, թէ ո՞րն  է իսկական քաղաքական դրդապատճառը ցեղասպան կողմի նմանօրինակ քայլին և ջանալ ճիշտ նախատեսել յաջորդ հինգ քայլերը խաղատախտակին։

Այս բոլորը ընդգծելէ ետք, պիտի անպայման աւելցնենք, որ հայ քաղաքական միտքն ու միզազգային հանրութիւնը պարտաւորուած են դռները բաց պահելու նոյնիսկ ցեղասպան կողմին առջև, երբ հարցը կը վերաբերի արդար հատուցման միջազգային գործընթացներուն։ Քաջալերե՛լ որ նման գործընթացներ անպայման ձևաւորուին։ Մեր պահանջն է Թուրքիայէն – և բոլոր միւս պետութիւններէն – որ տեղի ունենայ ճանաչման և հատուցման գծով արմատական և վերջնական կարգաւորում։ Եւ սակայն կարգաւորման այս խստապահանջ պայմանը պէտք չէ շփոթել ցեղասպան ուժերու շարունակական խաղարկումներուն (manipulation) հետ։ Այդպիսի մանրադրամ չի կրնար թոյլատրուիլ։

Իսրայէլի պատմութեան մէջ եղած են — և կան այսօր – Հայոց Ցեղասպանութեան դատին անկեղծ զինուորները։ Երբեք կարելի չէ մոռնալ անունները Եոսի Սարիտի, Իսրայէլ Չառնիի, Եաիր Օրոնի և բազմաթիւ ուրիշներու, որոնք հետևողականօրէն արթուն պահած են Ցեղասպանութեան ճանաչման դատը Իսրայէլի քաղաքական բեմին վրայ։ Նեթանիահուի այսօրուան աճպարարութիւնները կը հանդիսադրուին բոլորովին այլ հարթակի մը վրայ սակայն, որուն բնոյթը ստիպուած ենք ճիշտ գնահատել։

Այսօր մեծ ընդհարում մը գոյութիւն ունի տարածաշրջանի երեք կայսերական շահերուն միջև։ Իսրայէլ, Իրան և Թուրքիա կը մարտնչին տարածաշրջանը առնելու իւրաքանչիւրը իր մականին տակ։ Այս մասին գրած եմ քանիցս։ Հարաւային Կովկասը — և առաջին հերթին՝ Հայաստանը — այդ բարդ գործառնութեան ռազմավարական գործադաշտն է այս կէտին վրայ։ Թուրքիոյ առաջադրութիւնն է Հայաստանը առնել իր թաթին տակ ԵՒ ԶԱՅՆ ՉԲԱԺՆԵԼ ՈՒՐԻՇԻՆ ՀԵՏ։ Այդ է միակ գրաւականը, որմով ան կրնայ խափանել Իսրայէլի ճամբան հայևիրանեան զգայուն սահմանագծին վրայ։ Եւ այս (առայժմ) խուլ առճակատման խորապատկերին մէջն է, որ տեղի կ՚ունենայ Ցեղասպանութեան ճանաչման ներկայի փութկոտ խաղը։ Նեթանիահու համոզուած է, որ նման ճանաչումով կրնայ ճնշում բանեցնել թէ՛ Թուրքիոյ և թէ ՛ Փաշինեանական համակարգին վրայ։ Պարզ խօսքով, Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը գործածելով որպէս հոգեբանական ազդու զէնք Թուրքիոյ դէմ։ Հետևաբար պէտք չէ զարմանալ, որ Փաշինեան խուսանաւելու փորձեր ընէ Անգարայի հետ իր կապը չվտանգելու ստոյգ միտումով։

Այս բոլորին հանրագումարէն բխող Հ․Յ․Դ․ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի յայտարարութիւնը կարևոր ազդագիր մըն է ուղղուած հանրութեան։ Ան կը լուսաբանէ բոլոր կարևոր զգայնութիւնները ճանաչման այս հարցին։ Things are not what they seem! Իրերը չեն այն, ինչ որ կը թուին…Ռէալփոլոթիքի մեծագոյն միտքը հանդիսացող Մաքիավելլին յաճախ կը յիշեցնէ երևոյթներու խաբէութիւնը։ Everyone sees what you appear to be, few experience what you really are, կ՚ըսէ ան Իշխանին։  Ամէն ոք կը տեսնէ այն, որ դուն կը թուիս ըլլալ. քիչեր միայն փորձով գիտեն, թէ դուն իսկապէս ի՞նչ ես…Ամէն ինչ այսօր կը թելադրէ, որ հարցերը մեզի կու գան բարդ փաթեթաւորումով և փաթեթը միշտ խնդրայարոյց է և կասկածելի։ Մի՛շտ։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button