Բազմիցս նշուած է թէ Արցախը ունի հիմնական երկու մարտահրաւէր.-
Առաջին՝ պաշտպանութեան համակարգի զարգացում եւ բարեկարգում:
Երկրորդ՝ կառուցում եւ վերաբնակեցում:
Այս զոյգ մարտահրաւէրները կարելի է յաղթահարել, երբ գոյութիւն ունի հաստատ եւ ուժեղ ենթակառոյց: Այս իրողութեան դիմաց, բնականաբար համահայկական ճիգերով կարելի է կերտել, շատ աւելի ամուր, կատարելագործուած եւ արդիականացած ենթակառոյց:
Այս պատճառով է որ, ամէն տարի գոհաբանութեան տօնին առթիւ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հովանաւորութեամբ, ազդանշանը կը տրուի դրամահաւաքի արշաւին՝ թելեթոնին:
Արդարեւ, անցնող տարիներուն հիմնադրամը, նկատի առնելով Հայաստանի ու Արցախի սահմանամերձ գիւղերու կարեւորութիւնը, բարգաւաճման ծրագիրները կեդրոնացուց այդ շրջաններուն մէջ, գլխաւորաբար աշխատանքներ իրականացնելով գիւղատնտեսութեան, անասնաբուծութեան, ջրամատակարարման, ճանապարհաշինութեան, կազամատակարարման, դպրոցաշինութեան, առողջապահական, մշակութային եւ մարմնակրթական մարզերուն մէջ:
Հիմնադրամը անցեալ տարի իր թիրախը դարձուց Շուշին՝ հաւաքուած ամբողջ գումարը յատկացնելով այս աննման քաղաքի՝ վերակառուցման ծրագիրին:
Այս տարի թիրախը դարձեալ Արցախն է, եւ մասնաւորաբար կեանքի առաջնահերթութիւններէն՝ ջուրը:
Արդարեւ ջրամատակարարման ծրագրի մը յղացումը կատարուած է, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ըմպելի եւ ոռոգման ջուր հայթայթել Արցախի տարածքին, աւելի քան երկու հարիւր գիւղերու՝ վերջ տալով բազմահազար արցախցիներու ամէնօրեայ տառապանքին:
Կեանքի տարրական պահանջքներէն մէկն է ջուրը, որուն համար տառապիլը…21-րդ դարուն, անընդունելի եւ անհանդուրժելի: Արցախցիին համար ամէնօրեայ մտահոգութիւն պէտք չէ ըլլայ ջուրի չգոյութիւնը կամ սակաւ գոյութիւնը:
Ծառաւ են «Պապիկն ու տատիկ»ը…յագեցնենք զանոնք, իրականացնելով այս ջրամբարման յոյժ յիշատակելի գաղափարը:
Ջուրը կեանք է…Լեռնաբարձ Արցախն ալ:
«Հայրենիք»
Նոյեմբեր 15, 2010