
Հոկտեմբեր 5-7-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու խորհրդաժողովը:
Քաղաքական եւ արտաքին յարաբերական ընդգծուած օրակարգով այս խորհրդաժողովին կը մասնակցէին շուրջ 40 դաշնակցական երիտասարդներ` Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ներկայացուցիչը:
Խորհրդաժողովին ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան, Եւրոպայի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեան եւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան:
Սարգիս Մկրտչեան կարեւոր նկատեց խորհրդաժողովի կազմակերպումը: Խորհրդաժողովը քննարկած է նաեւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները եւ անոնց ազդեցութիւնը Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն վրայ ու այդ շրջագիծին մէջ` դաշնակցական երիտասարդութեան դերն ու ընելիքները: