ՊՐԻՒՔՍԷԼԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

0 0
Read Time:1 Minute, 45 Second


ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած ՆԱԹՕ-ի վեհաժողովն ու անոր կողքին տեղի ունեցող հանդիպումները բեղուն էին Հայաստանի ղեկավարութեան համար։ Վարչապետ Փաշինեան այս առթիւ բազմաթիւ տեսակցութիւններ ունեցաւ, որոնց կարգին՝ յատկապէս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոպական Յանձնաժողովի եւ Եւրոխորհուրդի նախագահներուն, Քառնէկի կեդրոնի փորձագէտներուն հետ։
Այս հանդիպումներուն կողքին, Յուլիս 11-ին Պելճիքայի մայրաքաղաքին մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որուն մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չտրուեցան:
Ընդհանրապէս լուսանցքային նկատուեցաւ արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը, որուն մասնակցեցան նաեւ Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը:
Այս հանդիպումը առաջինն էր՝ Հայաստանի ներքաղաքական փոփոխութիւններէն եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք, արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնը ստանձնած Զօհրապ Մնացականեանի համար։
Հանդիպման նախօրեակին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը արդէն իսկ տեղեկացուցած էր, թէ պարզ փրոթոքոլային բնոյթ ունեցող տեսակցութիւն մը կը սպասուէր, անգամ մը եւս շեշտելով, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ, արտաքին գործոց նախարարներու առաջին հանդիպումն է որ պիտի կատարուի Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նոր նախարարի նշանակումէն ետք:
Այս առթիւ, ՆԱԹՕ-ի լոյս ընծայած հռչակագիրին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի հետ առնչուող պարբերութիւն մը կայ, որուն մէջ կը նշուի՝ «Մենք կը շարունակենք աջակցիլ մեր բոլոր գործընկերներու իրաւունքին` անկախ եւ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցով` ազատ մնալով արտաքին ճնշումներէ եւ հարկադրանքէ», շեշտելով, թէ պէտք է պահել տարածքային ամբողջականութիւնը, անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, զարկ տալով տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղուած ջանքերուն` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան եւ Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթին համապատասխան:
Այս հռչակագրին լոյս ընծայումէն օր մը առաջ, Թուրքիոյ վերընտրեալ նախագահ Էրտողան իր պաշտօնը ստանձնելէ օր մը ետք այցելած էր Ատրպէյճան, եւ յայտնած, թէ Թուրքիա Արցախի տագնապին գծով միշտ ալ պիտի աջակցի Պաքուին, աւելցնելով, որ Հայաստան պէտք է հետեւի ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն եւ վերադարձնէ Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ հողերը:
Օր մը ետք, Պրիւքսէլի մէջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յստակօրէն պատասխանած էր, թէ Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ տագնապի խաղաղ լուծման` հիմնուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ առաջարկուող սկզբունքներու եւ մօտեցումներու վրայ, շեշտելով թէ «Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշումը այլընտրանք չունի: Տագնապի լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ բոլոր կողմերուն փոխզիջման վրայ: Ինչպէս որեւէ այլ ժողովրդավար երկիր` Հայաստանը յանձնառու է Արցախի հիմնահարցը լուծելու բացառապէս խաղաղ ճամբով»։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles