Լրահոս
ՊՐԱԶԻԼԻ ՌԻՕ ՏԸ ԺԱՆԷՅՐՕ ՆԱՀԱՆԳՆ ԱԼ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ
Պրազիլի Ռիօ տը Ժանէյրօ նահանգը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ “Ապրիլ 24″ը սահմանեց իբրեւ ,Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման եւ Զոհերու Յիշատակման Օրե:
Agencia Prensa Armeniaեի փոխանցումով, օրէնքին նախագիծը նահանգային խորհրդարան ներկայացուցած էր նահանգապետ Լուիշ Ֆերնանտու Պեժաոն:
Ռիօ տը Ժանէյրոն Պրազիլի չորրորդ նահանգն է Փարանա, Սան Փաուլօ եւ Սէարա նահանգներէն ետք, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:
Նշենք թէ քանի մը ամիս առաջ, Պրազիլի ծերակոյտը Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ ընդունած էր:


