ՊՐԱ­ԶԻ­ԼԻ ԻՇ­ԽԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐԸ ԱՆ­ՏԱՐ­ԲԵՐ ՉԵՆ ԺՈ­ՂՈ­ՎՈՒՐ­ԴԻ ՊԱ­ՀԱՆՋ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ՆԿԱՏ­ՄԱՄԲ

0 0
Read Time:9 Minute, 20 Second

p3 brazil_protests_  Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷՃ­ԵԱ­Ն

 

Քա­նի մը շա­բա­թէ ի վեր Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­յի ամէ­նէն տա­րա­ծուն եր­կի­րը` Պրա­զիլ, փո­թոր­կած է հսկա­յա­ծա­ւալ ցոյ­ցե­րով ու բո­ղո­քի ալիք­նե­րով: Բազ­մա­թիւ քա­ղաք­նե­րու մէջ միլի­ո­նա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­ներ ոտ­քի ելած են` պա­հան­ջե­լով, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը բա­րե­կար­գում­ներ կա­տա­րեն, որ­դեգ­րեն ժո­ղո­վուր­դին վի­ճա­կը բա­րե­լա­ւե­լու քայ­լեր: Դէ­տեր եւ մեկ­նա­բան­ներ չեն վա­րա­նիր ըսե­լու, թէ տար­բեր ցա­մա­քա­մա­սե­րու եր­կիր­ներ “ողո­ղած“ գա­րու­նը հա­սած է Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­յի այս եր­կի­րը, որ ցարդ ընդ­հան­րա­պէս լու­սար­ձակ­ներ խլած է Բե­լէ­նե­րու նման աստ­ղե­րով զար­դա­րուն իր ֆութ­պո­լի եր­կին­քին, կամ Ռիո­յի տօ­նա­հան­դէս­նե­րուն` քառ­նա­ւալ­նե­րուն շնոր­հիւ: Հի­մա եր­կի­րը լու­սար­ձակ­ներ կը խլէ քա­ղա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան հար­ցե­րու պատ­ճա­ռով:

Բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րուն պատ­րոյ­գը վա­ռե­ցաւ, երբ Սան Փաւ­լո­յի ու Ռիօ Տէ Ժա­նէյ­րո­յի պէս մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ հան­րա­յին փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու սա­կե­րը բարձ­րա­ցում կրե­ցին: Ցու­ցա­րար­նե­րուն ան­մի­ջա­կան թի­րա­խը այդ որո­շու­մին վե­րա­նա­յումն ու յա­ւե­լում­նե­րու ջնջումն էր, սա­կայն շու­տով երեւ­ցան բազ­մա­թիւ այլ խո­րա­գիր­ներ. ժո­ղո­վուր­դը կը պա­հան­ջէ` վար­չա­մե­քե­նա­յի փտա­ծու­թեան դար­մա­նու­մը, հան­րա­յին առող­ջա­պա­հու­թեան սպա­սար­կու­թեանց բա­րե­լա­ւու­մը, կրթա­կան մար­զին յա­ւել­եալ հո­գա­ծու­թեան ու պիւտ­ճէի տրա­մադ­րու­մը, մէկ խօս­քով` սահ­մա­նա­փակ եկա­մուտ ու­նե­ցող զանգ­ուա­ծին ապ­րուս­տի պայ­ման­նե­րուն դար­մա­նու­մը: Պրա­զիլ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի պի­տի կազ­մա­կեր­պէ ֆութ­պո­լի աշ­խար­հի ախոյ­եա­նու­թեան մրցա­շար­քը, իսկ ան­կէ եր­կու տա­րի ետք` Ողիմպ­ի­ա­կան խա­ղե­րը: Այս բո­լո­րը հսկա­յա­կան ծախ­սեր կ՛են­թադ­րեն, իսկ մար­զա­սի­րու­թեան մէջ հռչակ ու վարկ վա­յե­լող պրա­զի­լիա­ցիք կ՛ը­սեն, որ մար­զա­կան կեան­քէն առաջ պէտք է հո­գալ ժո­ղո­վուր­դին ապ­րուս­տի տար­րա­կան պա­հանջ­նե­րը:

Ցոյ­ցե­րու շղթա­յա­զեր­ծու­մէն շուրջ եր­կու շա­բաթ ետք նա­խա­գահ Տիլ­մա Ռու­սեֆ, երկ­րին առա­ջին կին նա­խա­գա­հը, որ աւե­լի քան եր­կու տա­րի առաջ քա­ղա­քա­կան ըստ բա­ւա­կա­նին առողջ ու­ղե­գիծ մը ժա­ռան­գեց երկ­րին նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ամէ­նէն նշա­նա­ւոր ու սիր­ուած նա­խա­գա­հէն` Լուիզ Ինասիօ Լու­լա Տա Սիլ­վա­յէն, յան­կարծ ինք­զինք դէմ յան­դի­ման գտաւ ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան խորք ու­նե­ցող տագ­նա­պի մը, որ, յա­մե­նայն դէպս, ու­նի նա­եւ որոշ չա­փով քո­ղարկ­ուած քա­ղա­քա­կան գի­ծեր ու գու­նա­ւո­րում: Պրա­զի­լը հա­րա­ւա­մե­րիկ­եան այն եր­կիր­նե­րէն է, որոնք անց­եալ տաս­նամ­եակ­նե­րուն ին­կած էին դրա­ծոյ խուն­թա­նե­րու “խնամ­քին“ տակ, յե­տոյ ծայր տուաւ շար­ժում մը, որ տո­մի­նո­յի քա­րե­րու նման տա­րած­ուե­ցաւ երկ­րէ եր­կիր, իւ­րա­քան­չիւր եր­կիր փոր­ձեց ու ըստ բա­ւա­կա­նին յա­ջո­ղե­ցաւ ձեր­բա­զա­տիլ ար­տա­քին (եւ կե­ղե­քիչ) ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րէ. Ար­ժան­թի­նը, որ շուրջ տաս­նամ­եակ մը առաջ հա­սած էր սնան­կա­ցու­մի, ինք­զինք փրկեց տնտե­սա­կան-ելեւմ­տա­կան բա­րե­կար­գում­նե­րու ճամ­բով եւ վե­րա­կեր­տեց տնտե­սու­թիւնը. քա­նի մը ամիս առաջ մա­հա­ցած Ու­կօ Չա­ւե­սի Վե­նեզ­ուե­լան դար­ձաւ “Պո­լի­վար­եան յե­ղա­փո­խու­թեան“ նո­րա­գոյն դրօ­շա­կի­րը, եւ անոր նա­խա­գա­հը Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու եւ շա­հա­կից­նե­րուն աչ­քին շա­հե­ցաւ “չար“-ի հռչակ: Չա­ւե­սի մա­հէն ետք Վե­նեզ­ուե­լա ապ­րե­ցաւ ու կրնայ դարձ­եալ ապ­րիլ ցնցում­ներ, որոնց ետին կան նա­եւ ար­ձա­նագր­ուած բա­րե­կար­գում­նե­րը ետ­դար­ձի տա­նե­լու մի­տում­ներ: Պրա­զիլն ալ կը կանգ­նի նման ալիք­նե­րու մի­ջեւ:

Ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի ալի­քին դի­մաց իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­ցին կա­րե­ւոր զի­ջում­ներ. առա­ջին հեր­թին փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու սա­կե­րուն յա­ւե­լում­նե­րը ջնջուե­ցան, իսկ նա­խա­գահ Ռու­սեֆ խոս­տա­ցաւ ըն­դա­ռա­ջել զանգ­ուած­նե­րու պա­հանջ­նե­րուն: Ան որո­շած է բա­րե­կարգ­չա­կան ծրա­գիր մը հան­րաք­ուէի դնել. ծրա­գի­րը կ՛ա­ռա­ջադ­րէ քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին, կրթա­կան, առող­ջա­պա­հա­կան եւ նմա­նօ­րի­նակ մար­զե­րու մէջ հիմ­նա­կան բա­րե­կար­գում­ներ: Ռու­սեֆ կը փոր­ձէ ժո­ղո­վուր­դը հա­մո­զել, որ մար­զա­կան յիշ­եալ խա­ղե­րուն հա­մար ծախս­ուե­լիք գու­մար­նե­րը պի­տի տրա­մադր­ուին զա­նա­զան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու կող­մէ, հե­տե­ւա­բար պե­տու­թեան պիւտ­ճէ­ին մէջ հան­րու­թեան հա­մար նա­խա­տես­ուած գու­մար­նե­րը պի­տի չնուա­զին մրցա­շար­քե­րուն պատ­ճա­ռով: Այս ու նմա­նօ­րի­նակ խոս­տում­ներ չեն հա­մո­զած ժո­ղո­վուր­դը, որ քա­ղա­քէ քա­ղաք կը տա­րա­ծէ բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րը:

Բնա­կա­նա­բար կ՛ըս­ուի նա­եւ, որ նման խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը (անց­եա­լին ալ այս եր­կի­րը հիւ­րըն­կա­լած է նման մրցա­շար­քեր) կրնայ մեծ եկա­մուտ­ներ ապա­հո­վել երկ­րին (ո՞վ չի գի­տեր, որ ֆութ­պո­լի եւ այլ մար­զա­խա­ղե­րու նկա­րա­գի­րը հսկա­յա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու են­թարկ­ուած է անց­եալ դա­րու վեր­ջին քա­ռոր­դէն աս­դին, եւ հի­մա դրամն է, որ կը տի­րէ այս աշ­խար­հին մէջ, շար­ժա­ռիթ է ու նպա­տակ` մի­ա­ժա­մա­նակ):

***

 

Մեր նպա­տա­կը Պրա­զի­լի քա­ղա­քա­կան-տնտե­սա­կան տագ­նա­պին պատ­ճառ­նե­րը, բո­ղո­քին որ­քա՞­նը իրա­կան, որ­քա՞­նը շին­ծու (քա­ղա­քա­կան քո­ղարկ­ուած հա­շիւ­նե­րէ մղուած) ըլ­լա­լը պե­ղել չէ: Միայն ըն­դու­նինք, որ` “ծուխ ելած տե­ղը կրակ վա­ռած ըլ­լա­լու է“: Կ՛ու­զենք լու­սար­ձա­կը կեդ­րո­նաց­նել ժո­ղովր­դա­յին շար­ժու­մին ու անոր ար­ձա­նագ­րած ան­մի­ջա­կան ու շօ­շա­փե­լի յա­ջո­ղու­թեանց վրայ:

Դժգոհ, ապ­րուս­տի իր պայ­ման­նե­րով չբա­ւա­րար­ուած ժո­ղո­վուրդ մը կը բո­ղո­քէ եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կը պար­տադ­րէ ետ­դարձ, կը պար­տադ­րէ բա­րե­լաւ­ման խոս­տում­ներ (որոնք կրնան լի­ո­վին չի­րա­գործ­ուիլ, յա­մե­նայն դէպս): Սա կը նշա­նա­կէ, որ մեզ շրջա­պա­տող աշ­խար­հին (եւ ոչ լուս­նի) մէջ կան ժո­ղո­վուրդ­ներ, որոնք իրա­զեկ են իրենց դժբախ­տու­թիւն­նե­րուն, չեն վա­րա­նիր բո­ղո­քե­լու եւ ըմ­բոս­տա­նա­լու, մէկ խօս­քով, կրա­ւո­րա­կան հան­դի­սա­տես­նե­րը չեն իրենց պար­տադր­ուած դառ­նու­թեանց: Նման շար­ժում­ներ ահա­զանգ չեն հնչեց­ներ, թէ` ար­դար պա­հանջ­նե­րու հե­տապն­դու­մը կը սպառ­նայ երկ­րի անվ­տան­գու­թեան, հե­տե­ւա­բար պէտք է լուռ կեր­պով են­թարկ­ուիլ փտած իշ­խա­նու­թեանց խա­ղե­րուն, ետ կանգ­նիլ պա­հան­ջա­տի­րու­թե­նէ, եր­կի­րը ձգել-հե­ռա­նա­լը նկա­տել լուծ­ման մի­ջոց…

Նման շար­ժում­ներ միայն Պրա­զի­լի յա­տուկ չեն. նման դառ­նու­թիւն­ներ կ՛ապ­րին նա­՛եւ տնտե­սա­կան-ան­գոր­ծու­թեան տագ­նապ­նե­րու տակ կքած եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ, ինչ­պէս` Սպան­ի­ան, Յու­նաս­տանն ու ու­րիշ­ներ: Հոն ալ պա­հան­ջա­տի­րա­կան ծա­ւա­լուն շար­ժում­ներ կը փո­թոր­կեն ժո­ղո­վուրդն ու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, թէ­եւ ցարդ չեն ար­ձա­նագ­րած շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք:

Պրա­զի­լի իւ­րա­յա­տուկ եւ օրի­նա­կե­լի պա­րա­գան այն է, որ հոն յայտ­նա­պէս կայ իշ­խա­նու­թիւն մը, որ կ՛ըն­դու­նի, թէ թե­րու­թիւն­ներ կան, ետ­դարձ կ՛ը­նէ սխալ­նե­րէ ու պիւտ­ճէ կը տրա­մադ­րէ որոշ տագ­նապ­նե­րու դար­մա­նու­մին հա­մար:

Մինչ­դեռ կրա­ւո­րա­կա­նու­թիւնը կ՛իշ­խէ (ան­տար­բե­րու­թիւն, անի­րա­զե­կու­թիւն պար­տադր­ուած է) Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու պէս եր­կիր­նե­րու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, որոնք ու­նին իրե՛նց դառ­նու­թիւն­նե­րը:

Իսկ ո՞ւր կը կանգ­նին մեր Հա­յաս­տանն ու մեր ժո­ղո­վուր­դը, անոր տա­ժան­քը մեղ­մաց­նե­լու կոչ­ուած խմբա­ւո­րում­նե­րը… Արդ­եօք իշ­խա­նու­թիւն­ներն ու քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րը աչք ու ականջ ու­նի՞ն…

Ան­շուշտ ո՛չ մէկ երկ­րի կամ ժո­ղո­վուր­դի վի­ճակ ու­րի­շի մը հետ բաղ­դա­տե­լի է, սա­կայն միշտ ալ կան հա­սա­րա­կաց գի­ծեր, որոնք չեն կրնար ընդ­միշտ ան­տե­սու­մի դա­տա­պարտ­ուիլ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles