
Գրեթէ երեք ամիս առաջ դաւադրաբար սպաննուած Կոտայքի Պռոշեան գիւղի Հ.Յ.Դ.-ի անդամ` գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի յիշատակին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն` Յուլիս 2-ին, քաղաքապետարանի շէնքի մուտքին: Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը յայտնեց, որ մոմավառութեան օրը ընտրուած է հաշուի առնելով, որ լրացած է Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան երրորդ ամիսը եւ աւելին, նախանցեալ օր սպաննուած գիւղապետին յիսնամեակն էր: Օրուան պատգամախօսն էր Արծուիկ Մինասեանը, որ “Հրաչաբար դաստիարակենք մեր զաւակները“ խօսքով հանդէս եկաւ: Ներկայ էին սպաննուած գիւղապետի պատանի երկու որդիները եւ մեծ թիւով ժողովուրդ:
Մոմավառութիւնը կազմակերպած էր Պռոշեանի Հ.Յ.Դ. “Դրօ Կանայեան“ կառոյցը: Քաղաքապետարանի մուտքին զետեղուեցաւ ասֆալթի այն կտորը, որուն վրայ անջնջելի մնացած են Հրաչ Մուրատեանի արեան հետքերը: Միւս կողմէ, արդէն իսկ սկսած է նախընտրական քարոզարշաւը: Յուլիս 14-ին Պռոշեանի մէջ պիտի կայանան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, որոնց պաշտօնական քարոզարշաւի բացումը կատարուեցաւ Յուլիս 2-ին: