ԳլխաւորՅօդուածներ

«ՊՈՒԼԻՍՏՆԵՐ»ՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԺԷԺԷ ՔԷՇԵԱՆ ՓԱՌԱՒՈՐՈՒԱԾ Է

 

            Կեդրոնականցի Արմենակ հեռաձայնեց:

            – Մակա՛ր, մեծ լուր: Քաղաքապետարանի տեղեկատուին մէջ կարդացի, որ հայ համայնքը, նաեւ ազգը, պատուած են:

            – Ի՞նչ պատիւ: Ո՞վ եկած Հայաստանէն,- հարցուցի:

            – Ինչու միայն հիւրե՞րը կը պատուեն: Չէի գիտեր, որ մեր քաղաքը «Պուլիստներու Միութիւն»* ունի: Բազմաթիւ են միութիւնները եւ իւրաքանչիւրը նախագահ ունի: Իմացայ, որ մեր քաղաքի «Պուլիստներու միութեան» նախագահը մեր հայրենակից Ժէժէն է, Ժէժէ Քէշեան, անցեալին եղած է Գէորգ Քէշիշեան:

Advertisement Donate Today

            – Լաւ է, կը նշանակէ որ հայ Ժէժէն համարկուած, էնթէկրէ եղած քաղաքացի է:

            – Չկարծես որ շքանշան ստացած է: Պսակաձեւ ժահրի, «քովիտ 19»ի այս օրերուն «Պուլիստներ»ը չեն խաղար: Բայց իրենց նախագահը քաջաբար այդ ժահրին դէմ առաջին պատուատուողներէն եղած է, եւ քաղաքապետարանի Կազէթը ի լուր աշխարհի հաղորդած է լուրը, որ Պուլիստներու նախագահը պատուաստուած է:

            – Արմենա՛կ, ձեր քաղաքի Կազէթի լրագրողը էջի վրայ պարապ մնացած անկիւն մը ունէր եւ Ժէժէիդ պատուատուելու աւետիսը տուած է:

            – Լսէ՛: Ժէժէն թեւին տակ տրցակ մը Կազէթով մը կը պտըտի, եւ ամէն անգամ որ մէկը բարեւէ, Կազէթ մը կու տայ, որուն մէջ իր պատկերն ալ կայ, ափին մէջ երկաթեայ գունտ մը:

            – Ցուցադրուելու մարմաջի դարուն Ժէժէդ իր բաժինը ստացած է շաուէն (show): Ժամանակին մարդն է:

            – Մակա՛ր, պատմութիւնը հոս չ’աւարտիր: Կազէթի լրագրողին դիտողութիւն ընողներ եղած են, որ այդ լրագրական ի՜նչ թեթեսոլիկութիւն է,- ուրեմն դեռ ողջմիտներ կան,- ան ըսած է որ նախագահ Ժէժէն զինք հրաւիրած է քաղաքի չինական ճաշարանը, եւ փափաքած, որ իր քովիտի դէմ պայքարելու-պատուաստուելու հերոսութեան լուրը հաղորդէ:

            – Պռաւօ՛, ուրեմն ձեր քաղաքին մէջ կը շարունակուի ղազէթաճիութեան աւանդութիւնը:

            – Մակա՛ր, Կազէթէն օրինակ մը պահած եմ քեզի համար: Կը ղրկես հայկական թերթերուն: Այս մէկը ընթացիկէն տարբեր գօտեպնդող լուր է:

            Հեռախօսի անջատուելէն ետք, խորհեցայ, որ Կեդրոնականցին սփիւռքի վրիժառական տենչին պատմաբանը կրնայ ըլլալ եւ անմահացնել հերոս Ժէժէները:

            Ի վերջոյ յաղթանակը աւելի լաւ է քան պարտութիւնը:

 

Մակար ի Գաղիա, 27 Յունուար 2021

 

* «Պուլիստ»ը կը խաղայ նարինջի մեծութեամբ մետաղեայ գունտերով: Ժողովրդական խաղ մը, որ ախոյեաններ ալ ունի:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button