Արուեստ Եւ ՄշակոյթԳլխաւորԼրահոս
«ՊՈՍԹԸՆ ՓՈՓՍ»-Ի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳՐԻՆ ԵԼՈՅԹ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԼՕՐԱ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆԸ
ՊՈՍԹԸՆ.- Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկը (Friends of Armenian Culture Society) յատուկ հաղորագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ թէ, Ուրբաթ Յունիս 14-ին, յաջորդաբար 68-րդ անգամ ըլլալով պիտի նշուի «Պոսթըն Փոփս»-ի հայկական յատուկ երեկոն, հանրածանօթ «Սիմֆընի Հօլ» սրահին մէջ:
Այս տարուան հայրենի արուեստագէտն է, երիտասարդ թաւջութակահար Լօրա Նաւասարդեանը, որ հանդիսատեսներուն պիտի ներկայացնէ գործեր՝ Չայքովսքիէն եւ Սէն Սանսէն։
Հազիւ 15 գարուններ բոլորած, Լօրա արդէն իսկ առաջին հանդիսացած է Իտալիոյ Քրեմոնա եւ Աւստրիոյ Սալզպուրկի մրցանքներուն եւ մեծ տպաւորութիւն ձգած:
Նշենք թէ, այդ օր «Պոսթըն Փոփս»-ի ղեկավարը պիտի ըլլայ Ճաքօմօ Պարիոսը։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար.- www.FACSBoston.org:


