
ՊՈՍԹԸՆ.- Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկը (Friends of Armenian Culture Society) կը տեղեկացնէ թէ, Չորեքշաբթի Յունիս 8-ին, 69-րդ անգամ ըլլալով պիտի նշուի «Պոսթըն Փոփս»-ի հայկական յատուկ երեկոն, հանրածանօթ «Սիմֆընի Հօլ» սրահին մէջ:
Այս տարուան հրաւիրուած արուեստագէտն է, երիտասարդ ջութակահար Տիանա Ադամեանը, որ Քիթ Լոքըրթի խմբավարութեամբ պիտի նուագէ Ֆելիքս Մենտելսոնի ջութակի «քոնչերթօ»-ն։
22 գարուններ բոլորած, Տիանա արդէն իսկ ելոյթներ ունեցած է զանազան նուագախումբերու հետ, որոնց կարգին Լոնտոնի «Ռոյըլ Ֆիլհարմոնիք»-ը։
Տիանա Ադամեանը, նախապէս ելոյթ ունեցած է Պոսթընի մէջ 2016-ին, «Երազարթ» հիմնարկին կազմակերպած մէկ նուագահանդէսին։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար.- www.FACSBoston.org: