

Դեռ շատ մելան պիտի հոսեցուի, այս երիտասարդ եւ մեծ ապագայ խոստացող ջութակահարին մասին։ Այս հսկան կը կոչուի Հայկ Յովսէփեան (Պելմոնթ, Մասաչուսէց), որ փոքր տարիքէն արդէն իսկ հաստատ քայլեր սկսած էր առնել երաժշտական բնագաւառէն ներս։
Այս տարուայ Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկը (Friends of Armenian Culture Society) կազմակերպած «Պոսթըն Փոփս»ի հայկական 67-րդ յատուկ երեկոյին նկատի առնուած էր ան, որ ամենայն ինքնավստահութեամբ նուագեց ջութակի համար պատրաստուած դասական երաժշտութեան դժուարագոյն գործերէն՝ ֆինլանտացի յօրինող Սիպելիուսի հանրածանօթ ջութակի concerto in D minor համանուագը:
Յովսէփեան, որ այժմ կ՛ուսանի Քլիվլենտի երաժշտանոցին մէջ, բազմիս մասնակցած է մրցանքներու եւ տիրացած առաջնութեան: Իր յաջողութիւններու շարքին է, երիտասարդ տարիքին «Պոսթըն Փոփս»ի իբրեւ գլխաւոր երաժիշտ նկատի առնուիլը։
Այս տարուան հանդիսութեան անակնկալներէն մէկն էր, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին առթիւ, Էտկար Յովհաննիսեանի «Սարդարապատ»-ի (վերամշակուած՝ յօրինող եւ մաէսթրօ Ռուբէն Ասատրեանի կողմէ) ներկայացումը, Քիթ Լոքըրթի ղեկավարած նուագախումբին կողմէ։ Այսպէս զանգերը ղօղանչեցին շքեղ «Սիմֆընի Հօլ» սրահին մէջ, խանդավառելով մեծամասնութեամբ հայ հանդիսատեսները։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար.- www.FACSBoston.org: