ՊՈՍԹԸՆԻ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 20092010 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 42 Second
Սուրբ Ստեփանոս Վարժարանի նախակրթարանի շրջանաւարտները շրջապատուած իրենց Տնօրէնուհիով , ուսուցիչներով եւ Կղերականներով

Սբ. Ստեփանոս Ազգ. Վարժարանը յաջողութեամբ բոլորեց իր 26րդ դպրոցական տարեշրջանը: Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 17ին, իսկ Նախակրթարանի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 18ին, ներկայութեամբ մեծ թիւով ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանի հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն:
Երկու հանդէսներուն, տնօրէնուհին՝ տիկին Հուրի Պոյամեանը ծանրացաւ դպրոցի յաջողութիւններուն վրայ, ի մասնաւորի Աւարտական Դասարանի Հայաստան Այցելութեան եւ Պաշտօնական Քննութիւններուն մեր Բ. եւ Դ. Կարգերու աշակերտներու արձանագրած յաջողութիւններուն վրայ:
Այս տարի մեր Դ. Կարգի աշակերտներու ընթերցանութեան, լեզուի եւ թուաբանութեան ընդհանուր միջինը եղած է Ամերիկայի ամբողջ տարածքին ստացուած ամենէն բարձր 13 առ հարիւրին մէջ, իսկ Բ. Կարգի ընդհանուր միջինը նոյն նիւթերուն մէջ եղած է ամենէն բարձր 17 առ հարիւրին մէջ:
Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Ուսուցչական Կազմին, Գրասենեակի Անձնակազմին, Ծնողական Յանձնախումբին, Դպրոցի Խնամակալութեան եւ Յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք կը նպաստեն դպրոցի վերելքին, ի մասնաւորի Խաչիկ Պապիկեան Ֆոնտին չորս տարիներու ընթացքին իրենց կատարելիք 50.000 տոլարի նուիրատուութեան համար:
Յունիս 18ին, տիկին Պոյամեանը յուշանուէրով մը պատուեց Տիկին Սէնտի Պետրոսեանը, որը մեծ նուիրումով եղած է ատենապետը Դպրոցի Ծնողական Մարմնին, ապա Յարաբերական Յանձնախումբին եւ վերջին 6 տարիներուն ալ անդամ դպրոցի Խնամակալութեան:
Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով, հինգերորդ դասարանի ծնողները գեղեցիկ գաղափարը ունեցան իրենց զաւակներուն շրջանաւարտ ըլլալուն առիթով դպրոցին նուիրելու 850 տոլար: Այս գումարը պիտի գործածուի ընթերցանութեան նոր ծրագրի մը որդեգրման:

Սուրբ Ստեփանոս Վարժարանի Մանկապարտէզի շրջանաւարտները

Յունիս 17ին Մանկամսուրի տնօրէնը, Տիկին Մարալ Օրջանեան ներկայացուց Փոքրերու Հանդէսի նիւթը, որն էր Սբ. Ստեփանոսի Պարտէզը: Մանկամսուրի եւ Մանկապարտէզի աշակերտները երգերով եւ պարերով ներկայացուցին պարտէզի մեղուները, թիթեռնիկները, մրջիւնները, թռչուններն ու ծաղիկները, գեղեցիկ բեմադրութեամբ:
Իսկ Յունիս 18ի յայտագիրը հիմնուած էր Սեւրի Դաշնագրի 90ամեակի վրայ: Նախակրթարանի աշակերտները ներկայացուցին հանդէսի թեման, թատերգութեամբ, արտասանութեամբ, պարով եւ երգով, որոնք համադրուած էին հմտօրէն հայերէնի դասատու՝ տիկին Արտեմիս Մկրտիչեանի կողմէ:
Երկու հանդէսներուն իր փակման խօսքին մէջ, Տէր Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանը իր գնահատանքի խօսքը ըսաւ Տնօրէնութեան եւ Ուսուցչական Կազմին իրենց տարած աշխատանքին եւ նուիրումին համար:
Մանկապարտէզէն շրջանաւարտ եղան. Վան Ատուրեան, Թամար Չափրազեան, Նէյթըն Քէֆէյեան, Արմէն Մանուչարեան, Դալար Փանոսեան, Կէպրիէլա Անսրլեան, Նարինէ Մահսէրէճեան, Ալիսա Մարտիրոսեան, Ռոզ Թինքճեան, Անի Պէլորեան, Դաւիթ Քալանթար, Արի Մանուկեան, Ալինա Ուլիկեան եւ Անտրէ Եարտմեան:
Նախակրթարանէն շրջանաւարտ եղան. Անի Արոյեան, Սարինէ Աշճեան, Կարօ Պազարպաշեան, Ռէնի Պետրոսեան, Ալեքսըս Գորմիր, Արեգ Ղահրաման, Ժոզէֆ Հաճար, Տարօն Համբարեան, Տիանա Գրմզեան, Յովիկ Մարկոսեան, Կարինէ Մինասեան, Թաթիանա Մովսէսեան, Քաթարինա Նալպանտեան, Նաթալի Ուրֆալեան, Լորի Շիրինեան, Կարէն Սուքիասեան եւ Լենա Ուուլֆ:
Վկայականներու բաշխումէն յետոյ տնօրէնը բաժնեց 20092010 Տարեշրջանի Մրցանակները.
1. Հայերէն Դասընթացքներու Մրցանակներ
 Ազգային Առաջնորդարանի Մրցանակը ստացան՝ Ժոզէֆ Հաճար, Քաթարինա Նալպանտեան, Նաթալի Ուրֆալեան եւ Սարինէ Աշճեան
 Սբ. Ստեփանոս Վարժարանի Մրցանակը ստացան՝ Տարօն Համբարեան, Տիանա Գրմզեան, Կարօ Պազարպաշեան, Ռէնի Պետրոսեան, Թաթիանա Մովսէսեան, Ալեքսըս Գորմիր
 Հայ Օգնութեան Միութեան Մրցանակը ստացաւ՝ Կարէն Սուքիասեան
 Կրթական Յանձնախումբի Մրցանակը ստացան՝ Կարինէ Մինասեան, Անի Արոյեան, Յովիկ Մարկոսեան, Լորի Շիրինեան

2. Նախագահական Մրցանակները ստացան
 Ուսման մէջ Գերազանցութեան՝ Ժոզէֆ Հաճար, Քաթարինա Նալպանտեան, Նաթալի Ուրֆալեան
 Ուսման մէջ Յառաջդիմութեան՝ Ալեքսըս Գորմիտ, Անի Արոյեան, Ռէնի Պետրոսեան, Սարինէ Աշճեան, Թաթիանա Մովսէսեան եւ Կարօ Պազարպաշեան

3. Վարքի Մրցանակ
Կարօ Պազարպաշեան եւ Սարինէ Աշճեան

4. Նշան եւ Արշալոյս Նաճարեան Կրթաթոշակ (800 տոլար)
 Արուեստի մէջ՝ Արմէն Միքայէլեան եւ Նարեկ Սահակեան
 Երաժշտութեան մէջ՝ Մէրի Գալստեան եւ Լիանա Նալպանտեան (իւրաքանչիւրը ստացաւ 200 տոլարի կրթաթոշակ)

5. Անթերի Ներկայութեան Մրցանակ
 Ա. դասարան՝ Պերճ Չէքիճեան եւ Քարինա Մելքոնեան
 Բ. դասարան՝ Արա Չէնկէլեան եւ Մանէ Խաչիկեան
 Գ. դասարան՝ Մելան Ղահրաման

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles