
Ուրբաթ, Ապրիլ 22-ի կէսօրուան ժամը 12-ին, Պոսթընի Հ.Ե.Դ. «Նժդեհ» մասնաճիւղը կազմակերպեց բողոքի ցոյց։ Հաւաքը սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան համար կառուցուած «ժառանգութեան պարտէզ»-էն։ Ցուցարարները քալեցին Թուրքիոյ հիւպատոսարանի ուղղութեամբ։ Երիտասարդները լոզունքներով եւ պաստառներով իրենց բողոքը յայտնեց Անգարայի ղեկավարութեան։
Հետաքրքրականը այն էր, թէ երիտասարդները անգամ մը եւս մտայղացումը ունեցած էին յատուկ գաղտնագիր (QR code) մը պատրաստելու, անծանօթ անցորդներուն դիւրութեամբ ներկայացնելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու այս հաւաքին դրդապատճառները։ Շատ էր հետաքրքրուողներուն թիւը։
Աւարտին, պատուիրակութիւն մը փորձեց բողոք-նամակ մը յանձնել հիւպատոս Չէյլան Օզէնին, որ բնականաբար մերժեց:
Միւս կողմէն, Փիպըտիի (Մասաչուսէցի հիւսիսային շրջան) մէջ, սովորականին նման տեղի ունեցաւ հաւաք եւ դրօշակի արարողութիւն։ Այս շրջանէն ներս մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ, գրեթէ երեսուն տարի քաղաքապետութեան պաշտօն ստանձնած Փիթըր Թորիկեան (1936-2004)։