
Կիրակի, Յուլիս 17-ին, Պոսթընի Ուաթըրթաուն շրջանի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ յիշատակը Լիզպոնի հինգին, որոնք 33 տարիներ առաջ նահատակուեցան յաչս Հայ Դատի եւ արդարութեան ու պահանջատիրութեան, իրենց հերոսութեան բագինը կերտելով:
Ձեռնարկը կազմակերպած էր շրջանի Հ.Յ.Դ. «Սարդարապատ» կոմիտէն: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, հարիւրի շուրջ ներկաներ խմբուեցան եկեղեցւոյ սրահէն ներս, ուր բացման խօսքով բեմ բարձրացաւ հերթապահ՝ Ճոշ Թեվէքէլեան: Ան ներկաներուն յայտնեց թէ.- «Այսօր հաւաքուած ենք յարգանքի տուրքը մատուցելու այն հերոս տղոց, որոնք իրենց անձնականը՝ հաւաքականին համար զոհած էին»: Ապա, Թեվէքէլեան բեմ հրաւիրեց օրուան պատգամաբերը, «Հայրենիք»ի եւ անգլերէն բաժնի՝ «Արմինիըն Ոըիքլի»ի յօդուածագիր՝ Ռուբէն Ճանպազեանը, որ դիտել տուաւ, թէ 33 տարիներ ետք Լիզպոնի հինգին պատգամը տակաւին վառ կը մնայ բոլորին մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ` հաստատելով, որ անոնց յիշատակին կազմակերպուած այս հաւաքը առիթ մըն է վերանորոգուելու անոնց փոխանցած կտակով եւ վերահաստատելու, որ նոր սերունդները եւս պիտի շարունակեն պահանջատիրական ուղին: Ան շարունակեց իր խօսքը, աւելցնելով թէ.-
«Ապրիլ 24, 1915-ը եղաւ Հայոց պատմութեան խաւարագոյն թուականը։ Թուական մը, անմարդկային դժբախտութիւններու, թուական մը դաժան ողբերգութեան, որ մնաց անպատիժ եւ ժամանակ առ ժամանակ նոր դժբախտութիւններու մատնեց մարդ արարածը։
Հայ ազգը իր երկար պատմութեան ընթացքին յաճախ ենթարկուած է հալածանքներու եւ վայրագութեան: Սակայն 20-րդ դարու սկիզբը Հայ ժողովուրդին համար եղաւ անկիւնադարձային:
Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան մանրամասնութիւններու մասին պիտի չանդրադառնամ այստեղ, քանզի վստահ եմ որ բոլորդ շատ լաւ գիտէք մեր նախահայրերու չարչարանքի եւ տառապանքի մասին:
Այլ, կ՛ուզեմ կեդրոնանալ հինգ հայ երիտասարդներու՝ Սեդոյի, Սիմոնի, Սագոյի, Արայի եւ Վաչէի նուիրուածութեան եւ այդ նուիրուածութեան ընդմէջէն մեզի հասնող դասերուն վրայ:
Պատմութիւնը լաւ գիտէք. Յուլիս 27, 1983՝ Փորթուկալի Լիզպոն մայրաքաղաք. թրքական դեսպանատունն ու թուրք դեսպանին բնակարանը եղան կիզակէտը աշխարհի ուշադրութեան: «Հայկական Յեղափոխական Բանակ»-ի հինգ հայ երիտասարդներու գործողութիւնը Հայ ժողովուրդի արդար դատն ու պահանջատիրութիւնը միջազգային բեմ բարձրացուց:
Աշխարհ լաւ գիտցաւ թէ Հայ ժողովուրդը ըսելիք ունէր…
Շատեր Լիզպոնի հայ տղոց գործողութիւնը կը մեկնաբանեն որպէս ծայրայեղութիւն կամ ահաբեկչութիւն. Սակայն ինչպէս տղաքը հաղորդեցին նախքան իրենց մեկնումը՝ «Անձնասպանութիւն չէ այս, ոչ ալ խելագարութիւն, այլ՝ մեր զոհողութիւնը ազատութեան բագինին։»
Այսօր, 33 տարիներ ետք, հարկ է, որ այդ անկիւնադարձային արարքը ճիշդ ձեւով մեկնաբանենք, որ ճիշդ դասերը հասնին մեր երիտասարդութեան:
Ցեղասպանութեան հետեւանքով, Հայ ժողովուրդը սփռուեցաւ աշխարհի չորս կողմը եւ դարձաւ սփիւռք: Այսօր, ամէն ժամանակներէ աւելի կը գտնուինք ձուլման սպառնալիքին դիմաց: Հայ ազգի եւ մանաւանդ Հայ երիտասարդութեան հայրենասիրական զարթօնք է պէտք, ներշնչուած Լիզպոնեան նուիրուածութեան օրինակով:
Այսօր, իրաւունքը չունինք անտարբեր մնալու:
Կառչած պէտք է մնալ մեր ազգի ու ժողովուրդի սկզբունքներուն: Մեր սովորութիւններն ու աւանդութիւնները կորսնցնելով, նաեւ կը կորսնցնենք մեր ինքնութիւնն ու Հայկական կենցաղը: Սիրենք ու քաջալերենք Հայ մշակոյթը՝ արուեստը, գրականութիւնը, երաժշտութիւնն ու պարը- երգենք, պարենք, կարդանք, գրենք ու ստեղծագործենք, որովհետեւ ճիշդ այդ է, որ հինգ տղաքը պիտի ուզէին որ ընենք:
Լաւ ձեւով սորվինք մեր ժողովուրդի փառահեղ պատմութիւնը, որ կարենանք ուրացող ուժերու դէմ պայքարիլ եւ արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը պաշտպանել: Սեդոն, Սիմոնը, Սագոն, Արան եւ Վաչէն պայքարեցան իրենց կեանքը նուիրելով յանուն արդարութեան: Մենք ալ պատրաստ ըլլանք ամէն գնով, ամբողջական նուիրումով ընելու մեր կարելին մեր արդար դատը պաշտպանելու:
Քաջատեղեակ ըլլանք ոչ միայն մեր պատմութեան, այլ նաեւ անկախ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի բոլոր անցուդարձներուն, որպէսզի ըլլանք արդար ջահակիրները մեր ժողովուրդին ոտնակոխուած իրաւունքներուն: Լիզպոնի տղաքը առանց մեր հայրենիքը անկախացած տեսնելու բաժնուեցան մեզմէ. գիտնանք յարգն ու արժէքը մեր ներկային, ու այդպէս նայինք դէպի ապագայ:
Ու ոգեւորուած Լիզպոնի հայ տղոց նուիրումով՝ վառ պահենք պահանջատիրական Հայ ոգին: Մենք երիտասարդներս ապագայ Հայ Դատի պաշտպան զինուորներն ենք, որ պիտի առաջնորդէք մեր ժողովուրդի նոր սերունդը դէպի Հայոց արդար եւ անժամանցելի իրաւունքներուն:
Որովհետեւ այնքան ժամանակ որ ցեղասպանը կը մնայ անպատիժ, այնքան ատեն որ ցեղասպանը չի ճանչնար իր գործած ոճիրը, եւ այնքան ժամանակ որ տակաւին կարգ մը երկիրներ իրենց լռութեամբ կ՛անարգեն մեր ազգին թափած արիւնը, մենք կը մնանք պահանջատէր։
Երիտասարդութիւնը ապագան է մեր ժողովուրդին եւ այն սերունդը որ պէտք է ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի երազը արթուն պահէ, հասնելու համար մեր ամբողջական յաղթանակին. արդարացնելու համար նուիրումը հինգ անմահ հերոսներուն»:
Ձեռնարկի աւարտին, եկեղեցւոյ հովիւ՝ Աւագ Քհնյ. Անդրանիկ Պալճեան, որ նախապէս կատարած էր հոգեհանգստեան պաշտօնը, անգամ մը եւս խօսք առնելով յայտնեց թէ այս հինգ հերոսներուն կատարածը՝ անարդարութեան դէմ յուսախաբ մարդու արդար ցասումն էր, որ նոր ուժ փոխանցեց հայ ժողովուրդին եւ նոր հորիզոններ բացաւ Հայ Դատի երկար ճամբուն վրայ: Ապա, աղօթքով աւարտեցաւ այս հաւաքը, որմէ ետք կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն: