
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Մարտ 16-ին Երեւանի Կանանց Պաշտպանութեան Կեդրոնի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, մասնակցութեամբ աւելի քան 1201 ներկաներու:
Բացման խօսքը կատարեց Լենա Ղարիպեանը, որ Պոսթընի գաղութին անունով, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, տեղեկացնելով թէ գաղութը մօտէն կը հետեւի կանանց իրաւունքներուն առնչուող հարցերուն:
Ապա բեմ հրաւիրեց Թիւֆէնքեան հիմնարկի խնամակալ Անդրանիկ Գասպարեանը, որ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարեց, սկսելով ութսունականներէն: Ան տեղեկացուց, թէ հանգրուան առ հանգրուան Հայաստանի բնակիչը քայլ պահեց կատարուած եղափոխութեան: Ան նշեց, թէ Սփիւռքեան ներդրումը առաջնահերթ դեր ունեցած է, որպէսզի կարելի
ըլլայ կանանց սկզբնական իրաւունքներու տիրանալ:
Կիները, իրականութեան մէջ, նուազ չափով ներկայացուած են քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բնագաւառներէն ներս։
Կ¬՚արժէ նշել, թէ Ազգային Ժողովի (խորհրդարանի) 131 անդամներէն միայն 14-ը կիներ են (10,7 առ հարիւրը), թիւ՝ որ 1990-ի սկզբնական 36 հոգիէն շատ աւելի նուազ է։ Կառավարութեան 18 նախարարներէն միայն երեքը կիներ են։ Կան 12 կին փոխ-նախարարներ՝ այդ պաշտօնը զբաղեցնող 51 այր փոխ- նախարարներու կողքին։ Չկան բնաւ կին մարզպետներ կամ քաղաքապետներ…։ Համայնքներու Աւագանիի անդամներու միայն 8,6 առ հարիւրը կին է՝ Հայաստանի ամբողջ տարածքին, երբ համայնքներու Աւագանիներու ընդհանուր կազմը 6164 անդամ կը հաշուէ (որոնցմէ 534ը՝ կիներ)։
Իսկ Հայաստանի գործարար բարձրագոյն ղեկավար պաշտօններուն վրայ գտնուած կիները կազմած են 29 առ հարիւր տոկոս, ցուցանիշ՝ որը նուազած է սակայն 2011-ի տուեալներուն համաձայն՝ հասնելով 23 առ հարիւրի։
Ապա բեմ բարձրացաւ Երեւանի Կանանց Պաշտպանութեան Կեդրոնի աւագ տնօրէն՝ Մարօ Մաթոսեան, որ փոխանցէ օրուան խօսքը: Յատուկ վաւերագրական մը ցուցադրելով, ան յայտնեց, թէ ցայսօր հպարգելք (թապու) մըն է կանանց հանդէպ կատարուած վայրագութիւններն ու խոշտանգումները: Ան շեշտեց, թէ բարեբախտաբար արդէն իսկ Ազգային Ժողովը բանաձեւ մը վաւերացուցած է, որուն մէջ կը տեղեկացուի, թէ պէտք է կանխարգիլել ընտանեկան բռնութիւններու դէպքերը՝ զոհերու պաշտպանութեան եւ հզօրացման միջոցաւ եւ վերականգնել ընտանիքի անդամներուն կարգավիճակը՝ զոհերուն ապահովելով ապաստարաններ։ Անշուշտ նաեւ բուժել եւ անհրաժեշտ հոգեբանական ու ընկերային օգնութիւնը տրամադրել անոնց, ինչպէս նաեւ ապահովել երեխաները։
«Ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ կիները անբաւարար չափերով ներկայացուած են քաղաքական-ընկերային-հասարական կեանքին մէջ», հարց տուաւ ան, պատասխանելով, թէ պարզապէս, որովհետեւ հանրութեան ընկալումներուն մէջ պահպանողական եւ հայրենասիրական կարծրատիպերու տարածուածութիւնը հիմնական խոչընդոտ է։ Եւ ճիշդ այդ վերաբերմունքն է, որ ընտանեկան բռնութիւնը քրէականացնելու եւ օրէնքի ընդունումը յաջողցնելու քայլերուն մէջ՝ արգելքներու կը հանդիպի։
Ան նշեց , թէ փոփոխութիւն կայ նաեւ պետութեան կողմէն: Իմանալով բոլոր իր թերութիւնները, պետական մակարդակի վրայ փորձ կայ, որ կանանց իրաւունքներու պաշտպան կեդրոններուն ու հասարակական կազմակերպութիւններուն կարեւորութիւն ընծայուի:
Մաթոսեան յատնեց թէ այս ներկայացուած օրէնքը դեռ եւս կատարեալ չէ՝ ընտանեկան բռնութեան դէպքերը պատժելու եւ զոհերուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու մէջ։ Յստակ է, թէ ընտանեկան բռնութիւնը մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտում է, մասնաւորապէս կեանքի իրաւունքի եւ հաւասարութեան տեսակէտէ։ Ոստիկանութեան միջամտութիւնը կարեւոր է, պաշտպանելու համար զոհերու հատուցման իրաւունքը։
Այս կեդրոնին միջոցաւ փայլուն աշխատանք կը տարուի ընտանեկան բռնութեան զոհերուն ապաստան տրամադրելու գործով։ Սակայն ներկայիս Հայաստանի մէջ հազիւ երկու ապաստարաններ գոյութիւն ունին միայն։ Օրէնքի ընդունումէն ետք, պետութիւնը պէտք է կացարաններ ստեղծէ, որոնք պիտի գործեն անհրաժեշտութեան պարագային։
Մաթոսեան աւելցուց, թէ տուեալները ցոյց կուտան, որ սեռերուն հաւասարութեան բարձր մակարդակ ունեցող երկիրները, շատ աւելի բարձր ցուցանիշներ ունեցած են համախառն ազգային արտադրանքի չափով, ինչպէս առեւտրային բարելաւուած արդիւնքներ։ Տարբեր երկիրներու խորհդարաններուն մէջ փաստուած է, թէ հոն՝ ուր կիներու թիւը համեմատաբար աւելի բարձր է, աւելի՛ առարկայական եւ արդար օրէնքներ որդեգրուած են, երեխաներու, կիներու եւ ընտանիքներու իրաւունքներուն ու կենցաղին առնչուած ընկերային ծրագիրներով։
Աւարտին Մաթոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պոսթընի մէջ հետեւողականօրէն գործող անդամներ՝ Լենա Ղարիպեանի, Ելենա Պիշարեանի եւ Մարթա Մենսոյեանի:
Հուսկ, կատարուեցաւ հարց-պատասխան եւ հիւրասիրութիւն: