
Մեծն Պոսթընի հայահոծ Ուաթըրթաուն շրջանի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի սրահին մէջ, Շաբաթ, Մայիս 10ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Անկախութեան նուիրուած ձեռնարկ, որ կազմակերպուած էր տեղւոյն Հ.Յ.Դ. “Սարդարապատ“ Կոմիտէութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ Հ.Ե.Դ.ի “Գարեգին Նժդեհ“ ուխտին:
Օրուան բանախօսն էր Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց թէ, այդ օր յաղթանակը կերտուեցաւ շնորհիւ հաւատքին եւ հետեւողական պայքարին: Ան շեշտեց թէ, միեւնոյն ոյժն ու հաւատքն է, որ յաղթական դուրս եկաւ 22 տարի առաջ, Շուշիի ազատագրութեան օրերուն:
Հ.Ե.Դ. “Գարեգին Նժդեհ“ ուխտի անունով, ելոյթ ունեցաւ Գառնի Արմէնեան, որ իր կարգին նշեց թէ երիտասարդութիւնը պիտի շարունակէ ջահը բարձր պահել եւ շարունակել Հայ Դատի առնչութեամբ աշխատանքը:
Գեղարուեստական յայտագրով, ելոյթ ունեցաւ Գանատայէն ժամանած Յարութ Պետրոսեան եւ իր նուագախումբը:
ԵՕԹ ՆՈՐԱԳԻՐՆԵՐ ՏՈՒԻՆ ԻՐԵՆՑ ԵՐԴՈՒՄԸ
Վերոյիշեալ ձեռնարկէն առաջ, Պոսթընի շրջանէն եօթ նորագիրներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան Հ.Յ.Դ.ի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի կազմակերպութեան շարքերուն:
Օրուան կնքահայրն էր Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեան, որ յայտնեց, թէ նորագիրները լաւապէս պէտք է գիտակցին, որ Դաշնակցութեան ազգային, յեղափոխական, ընկերվարական եւ ժողովրդավարական հասկացողութիւններուն եւ դիմագիծին թարմութիւն տալու կոչուած են իրենք:
Ան նշեց թէ, կուսակցութեան շարքերուն միանալը կÿենթադրէ կարգապահութեան գիտակցութիւն, ազգային հարցերու նկատմամբ նպատակասլաց մօտեցում եւ ամբողջական հաւատք ու նուիրում՝ Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ Հայ Դատի նկատմամբ:
Մայիս 28ի Հայաստանի Ա. Անկախութեան զուգադիպելով, սերունդը կոչուեցաւ “Արամ Մանուկեան Սերունդ“: