Լրահոս
Պոսթընահայութիւնը Լիբանանի Հայութեան Կողքին
Օգոստոս 7-ին, Հ․Յ․Դ․ Սարդարապատ Կոմիտէի հրաւէրով, Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ Անդրանիկ Ա. Քահանայ Պալճեանի հովանու ներքոյ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ, Հ․Օ․Մ․-ի երկու մասնաճիւղերու, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի, Հ․Ե․Դ․-ի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, քննարկելու համար լիբանանահայութեան օգնութեան ձեռք մեկնելու հնարաւորութիւնները:
Մասնակիցները տեղեկութիւններ փոխանակեցին շրջանային մակարդակով տարուած աշխատանքներուն մասին եւ որոշեցին ուժերը համատեղել եւ յաւելեալ զարկ տալ գաղութէն ներս շրջանային մակարդակով տարուած աշխատանքներուն՝ Պոսթընահայութեան առաւելագոյն ներդրումը ապահովելու համար: Ժողովին ներկայացուեցան շրջանային մակարդակով սկիզբ առած արժանահաւատ երեք դրամահաւաքներ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի, Ամերիկայի Հայկական Մշակութային հիմնարկութեան եւ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Օ․Մ․-ի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութիւնները, որոնց գումարը պիտի հոսի լիբանանահայութեան օժանդակութեան:
Խօսուեցաւ նաեւ, առ այժմ դրամական նուիրահաւաքին վրայ կեդրոնանալով հանդերձ՝ապագային ուսումնասիրել օժանդակութեան այլ միջոցներ ապահովելու կարելիութիւնները:
Վերոնշեալ երեք ուղղութիւններէն մէկուն նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել չէքով, կամ առցանց ստորեւ տրուած կապերու միջոցով.


