ՊՈՍ­ԹԸՆ ՓՈՓՍ.- “ԿՏՈՐ ՄԸ ԵՐ­ԿԻՆՔ“ ԵՒ …ԳԼՈՒԽ ԳՈՐ­ԾՈՑ

0 0
Read Time:2 Minute, 13 Second

p1 jeknavor  ՊՈՍ­ԹԸՆ.- Յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն,  Երի­տա­սարդ  ջու­թա­կա­հա­րի մը անու­նը շատ պի­տի լսենք եւ ունկնդ­րենք իր “լա­րա­յին“ ելոյթ­նե­րը: Վի­են­նա­յէն ժա­մա­նած, Էման­ուէլ Ճգնա­ւոր­եան Պոս­թըն ­Փոփ­սի 62-րդ հայ­կա­կան ­յա­տու­կ ե­րե­կո­յի հրա­ւիր­ուած աստղն էր, որ պար­զա­պէս հի­աց­մունք պատ­ճա­ռեց ներ­կա­նե­րուն, որոնք կառ­չած մնա­լով իրենց աթոռ­նե­րուն, կրցան վա­յե­լել անոր սխրան­քը:

Այս տար­ուան Փոփ­սի ­յայ­տա­գի­րը նուիր­ուած ըլ­լա­լով եօթ­նե­րորդ ար­ուես­տի աշ­խար­հի` ժա­պա­ւէ­նի երաժշ­տու­թեան, Ճգնա­ւոր­եա­նի վի­ճակ­ուած էր դժուար կտոր­ներ, որոնք ամե­նայն հմտու­թեամբ ներ­կա­յաց­ուե­ցան անոր ճկուն շար­ժում­նե­րով եւ ջու­թա­կին վրայ ու­նե­ցած ամ­բող­ջա­կան տի­րա­պե­տու­թեամբ: Ճգնա­ւոր­եան ներ­կա­յա­ցուց Սթի­վըն Սփիլ­պըր­կի բե­մադ­րած “Շինտ­լըր՛զ Լիսթ“ի երաժշ­տու­թիւնը (գործ` Ճոն Ոը­իլի­ըմ­սի), ապա քա­ռա­սու­նա­կան­նե­րու Հո­լի­վուտ­եան դա­սա­կան “Հիւ­մու­րեսք“ ժա­պա­ւէ­նին մէջ օգ­տա­գործ­ուած երաժշ­տու­թիւնը, որ  ֆրան­սա­ցի յօ­րի­նող Ժորժ Պի­զէի “Քար­մէն“ գոր­ծէն ներշնչ­ուած է եւ պատ­րաստ­ուած Ֆրանց Վաքս­մա­նի կող­մէ:

Այս եր­կու գոր­ծե­րուն ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն կող­քին, տպա­ւո­րիչ էր նա­եւ օր­ուան մէկ այլ ան­ակն­կա­լը: Ար­դա­րեւ մա­էսթ­րօ Քիթ Լոք­հըրթ եւ իր նու­գա­խում­բը, առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ներ­կա­յա­ցու­ցին Հեն­րիկ Մալ­եա­նի “Կտոր մը Եր­կինք“ ժա­պա­ւէ­նին երաժշ­տու­թիւնը` գործ Տիգ­րան Ման­սուր­եա­նի: Քա­նի մը վայրկ­եան տե-ւ­ո­ղու­թիւն ու­նե­ցող այս “կտոր մը երաժշ­տու­թեան“ կ՛ըն­կե­րակ­ցէր մաս մը այդ ժա­պա­ւէ­նէն, որ գեր­խան­դա­վա­ռու­թիւն եւ տպա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծեց:

Այս­պէս, “Կտոր մը Եր­կինք“ եւ ապա …գլուխ գոր­ծոց, յան­ձին  Էման­ուէլ Ճգնա­ւոր­եա­նի, նա­եւ այլ ծա­նօթ կտոր­ներ, որոնք բազ­միցս  կա­րե­լի եղած է ունկնդ­րել ժա­պա­ւէն­նե­րու ընդ­մէ­ջէն: Այս տար­ուան Պոս­թըն Փոփ­սը, իր յայ­տագ­րով իւ­րա­յա­տուկ էր

 

ԹՂԹԱ­ԿԻՑ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles