
Յատուկ հաղորագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք թէ, այս տարի, յաջորդաբար 62-րդ անգամ ըլլալով պիտի նշուի Պոսթըն Փոփսի հայկական յատուկ երեկոն, տեղւոյն քաղաքի հանրածանօթ “Սիմֆընի Հօլ“ սրահին մէջ: Այս տարուան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ, Շաբաթ Յունիս 1-ին:
Այս տարուան հայրենի արուեստագէտն է, ջութակահար Էմանուէլ Ճգնաւորեան` զաւակը հանրածանօթ մաէսթրօ Լորիսի: Էմանուէլ Ճգնաւորեան պիտի ժամանէ Վիեննայէն եւ Պոսթըն Փոփսի նուագախումբին հետ, ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Քիթ Լոքըրթի պիտի ներկայացնէ Ֆրանց Վաքսմանի“ Carmen Fantasy“ գործը:
Էմանուէլ Ճգնաւորեան բազմիցս տիրացած է մրցանքներ, որոնց կարգին Մոսկուայի միջազգային “Nutcracker“ եւ “Johannes Brahms“ մրցանքները: Այժմ, ան կ՛ուսանի Վիեննայի հանրածանօթ երաժշտանոցէն ներս:
Այդ օրուան Պոսթըն Փոփսի յայտագիրը նուիրուած է 1950-60-ականներու շարժապատկերի երաժշտութեան: Այս առթիւ, նաեւ Պոսթըն Փոփսի խումբը պիտի նուագէ Հենրիք Մալեանի “Կտոր մը Երկինք“ (1980) ժապաւէնին մէջ օգտագործուած մեղեդին, որ գործն է Տիգրան Մանսուրեանի:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար.- www.FACSBoston.org.